Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՆԱԼԻՔ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆՈՐԱՐԱՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ (GIF) ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱՆԱԽՕՍՆ Է

July 28, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՆԱԼԻՔ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆՈՐԱՐԱՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ (GIF) ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱՆԱԽՕՍՆ Է

Ականաւոր գիտնական, գործարար եւ բարերար Նուպար Աֆէեան, որ Հայաստանի գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու հիմնադրամի (FAST) համահիմնադիրն է, Յուլիսի սկիզբը Հայաստան իր այցի շրջանակին մէջ հանդիպած է խմբակին հետ, հանդէս եկած է ելոյթով եւ վերահաստատած է իր աջակցութիւնը` Հայաստանը նորարարական հանգոյց դարձնելու FAST-ի առաքելութեան իրականացման: FAST-ը այս աշնան` 5-6 Հոկտեմբերին, եւս պիտի հիւրընկալէ Նուպար Աֆէեանը արդէն աւանդական դարձած Համաշխարհային նորարարական համագումարի (GIF) գլխաւոր բանախօսի կարգավիճակով:

ՙԵթէ ստանձնած էք գիտութիւնը զարգացնելու յանձնառութիւնը, ապա պէտք է իմանաք, որ դուք զինուորներ էք, ովքեր կը կառուցեն երկրի ապագան՚, ըսած է Աֆէեա: Համաշխարհային ճանաչում ունեցող կենսաարհեստագիտական ՙՄոտեռնա՚ ընկերութեան համահիմնադիրը FAST-ի խմբակիցներուն հետ անմիջական շփման միջավայրին մէջ պատմած է իր անցած ուղիի, ընտանիքին` Լիբանանէն Գանատա, ապա ԱՄՆ տեղափոխութեան, ինչպէս նաեւ իր գիտական նուաճումներու փոթորկոտ ճանապարհին մասին, որ ի վերջոյ յանգեցուցած է համաշխարհային մակարդակի յաջողութիւններու: ՙԵրբ դուք յամառօրէն կը ձգտիք ինչ-որ բանի, յետոյ այն կը փոխէք ու կը յարմարեցնէք ձեզ, ի վերջոյ բեկում կը մտցնէք: Այդ ժամանակ դուք լիովին կը տիրապետէք նոր իրավիճակին: Ուղին, որ կ՛անցնի ներգաղթեալը օտար երկրի մէջ ու կը դառնայ այդ նոր իրականութեան մասնիկը, նոյնն է, ինչ նորարարներուն անցած ճանապարհը՚, նշած է Նուպար Աֆէեանը:

Ան խօսած է այն մասին, թէ ինչ պէտք է ընեն անհատները, որպէսզի իրենց գործունէութեամբ ծառայեն ապագային` ի հեճուկս անհամար մարտահրաւէրներու: ՙԱյդ այն է, ինչին մենք կը ձգտինք հասնելու: Այն մեծապէս կախեալ է կրթութեան, գիտութեան, արհեստագիտութիւններու եւ նորարարութեան զարգացումէն՚, յաւելած է գործարարը: Աֆէեան շեշտած է FAST-ի` որպէս նշեալ օրակարգը Հայաստանի մէջ յառաջ մղող կառոյցին դերը եւ կարեւորած է հիմնադրամին` մտածելակերպի փոփոխութեան, կարողութիւններու զարգացման եւ յառաջադէմ ծրագրերու իրականացման փորձը:

Ըստ Աֆէեանի` գիտութեան մէջ հնարաւոր է յաջողութեան հասնիլ երեւակայական մտքի ու սեփական ուժերուն հաւատալու միջոցով: ՙՈւ թէեւ գիտութեան մէջ երեւակայութիւնը գիտաֆանթասթիքայի ժանրէն կը թուի, տարբեր ընկերութիւններու եւ արհեստագիտութիւններու ստեղծման գործին մէջ 35-ամեայ իմ փորձս ինծի սորվեցուցած է, որ ամենաբեկումնային նորարարութիւնները գիտութեան եւ երեւակայութեան համադրութեամբ կը ստեղծուին: Գուցէ մենք պէտք է ապաւինինք փաստերով հիմնաւորելու եւ երեւակայելու մեր հմտութիւններուն նոր մեծ յայտնագործութիւններ ընելու համար՚, աւելցուցած է ան:

GIF22-ի առանցքին մէջ եւս արհեստական բանականութեան (ԱԲ) թեման է: FAST-ի կողմէ կազմակերպուող երկօրեայ միջազգային համագումարը իւրայատուկ հարթակ է տեղացի եւ համաշխարհային մակարդակի գիտնականներու, գործարարներու, կարծիքի առաջատարներու հանդիպման եւ գիտութեան ու արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ առկայ նորարարական մօտեցումներն ու մարտահրաւէրները քննարկելու համար:

Որպէս գլխաւոր բանախօս Նուպար Աֆէեանը հանդէս պիտի գայ ապագայամէտ ելոյթով` միանալով իր գործըկերներուն ամբողջ աշխարհէն` քննարկելու արհեստական բանականութեան բազմաոլորտ կիրառութիւններու ուղղութեամբ Հայաստանի ներուժը: Չորրորդ GIF-ը գիտութեան, կառավարութեան, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ ֆինանսական հաստատութիւններու միջեւ կամուրջ է, որպէսզի Հայաստանի բարեկեցիկ ապագային համար տարատեսակ լուծումներ յառաջ մղեն:

Share61Tweet38
Previous Post

ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԱԹԵՐԹԻԿՆԵՐՈՎ 10-ՕՐԵԱՅ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ.

Next Post

ԹԱՆԳԱՐԱՆԱՅԻՆ ՆՄՈՒՇՆԵՐ, ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԽՈՀԱՆՈՑ.

Next Post
ԹԱՆԳԱՐԱՆԱՅԻՆ ՆՄՈՒՇՆԵՐ, ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԽՈՀԱՆՈՑ.

ԹԱՆԳԱՐԱՆԱՅԻՆ ՆՄՈՒՇՆԵՐ, ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԽՈՀԱՆՈՑ.

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.