Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԱԹԵՐԹԻԿՆԵՐՈՎ 10-ՕՐԵԱՅ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ.

Ի՞ՆՉ ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՆ ՔԱՂԱՔԱՅԻՆՆԵՐԸ

July 28, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԱԹԵՐԹԻԿՆԵՐՈՎ 10-ՕՐԵԱՅ ՄԱՐԴԱՀԱՄԱՐ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ.

Հայաստանի անկախութեան պատմութեան մէջ տեղի պիտի ունենայ երրորդ մարդահամարը, հարցաթերթիկները առաջին անգամ պիտի ըլլան ելեկտրոնային տարբերակով, այն պիտի տեւէ 10 օր, պիտի հաւաքագրուին տուեալներ նաեւ մարդոց կրթութեան, առողջութեան, աշխատանքի, բնակպայմանների վերաբերեալ, արդիւնքները պատրաստ պիտի ըլլան մէկ տարիէն: Նախատեսուող մարդահամարի, նախորդներէն տարբերութեան մասին խօսած է ՀՀ Վիճակագրական կոմիտէի մարդահամարի գործառնական վարչութեան պետ Վարդան Գէորգեանը:

ՙՄարդահամարը տեղի պիտի ունենայ 2022 թուականի Հոկտեմբեր 13-22 ներառեալ: Քովիտի համավարակին պատճառով մարդահամարը երկու անգամ յետաձգուեցաւ. պէտք է տեղի ունենար 2020-ին, յետաձգուեցաւ` 2021-ին, եւ վերջնական որոշուեցաւ կայացնել 2022 թուականին՚, ըսաւ Գէորգեան:

Ըստ օրէնքի` մարդահամար տեղի կ՛ունենայ իւրաքանչիւր 10 տարին մէկ, նախապէս Հայաստանի մէջ կայացած են 2001 եւ 2011 թուականներուն:

Այս տարի առաջին անգամ մարդահամարի համար պիտի օգտագործուի համակցուած մեթոտը: Հիմնական  կարեւոր չոր թիւերը պիտի ստացուին վարչական արձանագրութենէն` ազգութիւն, քաղաքացիութիւն, տարիք, սեռ, թէեւ այդ հարցերը յետոյ պիտի ուղղուին նաեւ հարցուողներուն:

ՙՊիտի օգտուեինք վարչական արձանագրութենէն եւ պիտի կատարենք ընտրանքային հարցում` 25 տոկոսի չափով: Համակարգը ինքնաբերաբար պիտի կատարէ ընտրութիւն՚, ըսաւ ան:

Այսինքն, հաշուարարը պիտի այցելէ իւրաքանչիւր բնակավայրի իւրաքանչիւր 4-րդ տնային տնտեսութիւն, համակարգչային միջոցով պիտի լրացնէ ելեկտրոնային հարցաթերթ: Առաջին անգամ է, որ այն տեղի պիտի ունենայ ելեկտրոնային ձեւով: Հարցերը ուղղուած պիտի ըլլան տուեալ պահին տուեալ հասցին մէջ բնակող չափահաս անձին:

Հարցաթերթիկին մէջ պիտի ըլլան նաեւ նախ անհատական հարցեր` անուն-ազգանուն, ծննդեան օր, ամիս, տարի, սեռ, անձի գրանցման վերաբերեալ տեղեկատուութիւն եւ այլն: Քաղաքացիներուն պիտի հարցնեն նաեւ քաղաքացիութեան երկիրը, քաղաքացիութեան երկրորդ երկիրը, գոյութեան միջոցի հիմնական աղբիւրները: Նաեւ պիտի հետաքրքրուին, թէ հարցման պահին մշտապէս ուր կը գտնուին տան անդամները, այսինքն` մշտապէս ներկայ, ժամանակաւոր ներկայ կամ բացակայ: Կան հարցեր նաեւ կրթութեան, առողջութեան վերաբերեալ, աշխատանքի, բնակութեան պայմաններու, ամուսնական կարգավիճակի, զբաղմունքի եւ այլնի վերաբերեալ:

Ըստ Գէորգեանի` հարցերը նախորդ մարդահամարներուն համեմատութեամբ շատ չեն փոխուած, աւելցած են որոշակի հարցեր. օրինակ` առողջութեան վիճակի եւ այլնի վերաբերեալ: Ընդհանուր առմամբ ներառուած պիտի ըլլայ  39 հիմնական հարցում եւ տնային տնտեսութեան բնակութեան պայմաններու վերաբերեալ եւս 5 հարցում:

ՙՕրէնքը կը սահմանէ, որ հարցումներուն պէտք է պարտադիր պատասխանեն: Բայց կան որոշակի հարցումներ, որոնց պատասխանէն մարդիկ կրնան հրաժարիլ, այդ հարցումները ազգութեան, լեզուի, կրօնի վերաբերեալ են: Անհատական տուեալները գաղտնիք են, մենք չենք հրապարակեր: Այդ օրէնքով սահմանուած է: Մենք կը հրապարակենք միայն հաւաք տուեալները: Այսինքն` մարդիկ պատասխանած ատեն կրնան որեւէ կասկած չունենալ: Իրենց ճիշտ պատասխաններէն կախեալ են մեր արդիւնքները՚, վստահեցուց Գէորգեանը:

Եթէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած նախորդ մարդահամարներուն արդիւնքով տուեալները մուտքագրուած են համակարգ, որուն համար յատուկ մուտքագրողներ վարձած են, ապա հիմա, երբ հարցաթերթիկները ելեկտրոնային են, այդ միանգամայն կը կատարուի ելեկտրոնային ձեւով, այսինքն` լրացուած հարցաթերթը ինքնաբերաբար կ՛ուղարկուի սըրվըր:

ՙԱւարտէն յետոյ բաւականին աշխատանք պիտի տարուի: Արդիւնքները ամփոփ թիւով կրնան պատրաստ ըլլալ միւս տարուայ առաջին եռամսեակին, իսկ ընդհանուր հրապարակումը պիտի ըլլայ յաջորդ տարուան չորրորդ եռամսեակին՚, ըսաւ վարչութեան պետը:

Այսպիսով, պիտի հրապարակուին տուեալներ մշտական բնակչութիւն, առկայ բնակչութեան, ժամանակաւոր բացակայութեան, բնակչութեան սեռի, տարիքի, կրթութեան, ընկերային, առողջական վիճակի եւ այլնի վերաբերեալ` ընդհանրացուած կերպով, պիտի չհրապարակուի անհատական տուեալներ:

Առաւելագոյն ճշգրիտ տուեալներ ստանալու համար Գէորգեան կարեւորեց, որ քաղաքացիները ճիշդ, յստակ պատասխաններ տան: Ան յորդորեց բնակիչները պատասխանելու հարցումներուն, հաշուարարները տուն թողելու: Իսկ, եթէ ըլլան մարդիկ, որոնք չեն փափաքիր, որ հաշուարարը մտնէ տուն, ապա հաշուարարը կրնայ ծանուցում թողել, եւ տնային տնտեսութենէն մէկը երթայ տուեալ բնակավայրին մէջ առանձնացուած վայր եւ պատասխանէ հաշուարարի հարցումներուն:

Աշխատանքներուն ներգրաւուած պիտի ըլլան մօտաւորապէս 2200 հաշուարար, իւրաքանչիւր 5-6 հաշուարարի համար` 1 հրահանգիչ-հսկիչ եւ 27 համակարգող: Նախապատրաստական աշխատանքները գրեթէ աւարտին կը մօտենան, ծրագիրը պատրաստ է, սըրվըրի փորձարկումներ կը կատարուին:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԴԱՍԱՒԱՆԴՈՒԻ ՙԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ՚ ՆՈՐ ԴԱՍԱՆԻՒԹԸ

Next Post

ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՆԱԼԻՔ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆՈՐԱՐԱՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ (GIF) ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱՆԱԽՕՍՆ Է

Next Post
ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՆԱԼԻՔ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆՈՐԱՐԱՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ (GIF) ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱՆԱԽՕՍՆ Է

ՆՈՒՊԱՐ ԱՖԷԵԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՆԱԼԻՔ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆՈՐԱՐԱՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ (GIF) ԳԼԽԱՒՈՐ ԲԱՆԱԽՕՍՆ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.