Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ԵՒ ՏԱՐԱԾԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐԸ ՆՈՒԱԶԱԾ ԵՆ

ԽԱՊԿ-Ի ԶԵԿՈՅՑ

July 27, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ԵՒ ՏԱՐԱԾԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐԸ ՆՈՒԱԶԱԾ ԵՆ

Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի (ԽԱՊԿ) զեկոյցին համաձայն` 2022 թուականի երկրորդ եռամսեակին Հայաստանի մէջ նկատելի նուազած են եղեկութիւններ ստանալու եւ տարածելու իրաւունքի խախտումները: ԽԱՊԿ-ի նախագահ Աշոտ Մելիքեան նշեց, որ եթէ 2022 թուականի առաջին եռամսեակին արձանագրուած էր նման 45 դէպք, ապա ընթացիկ տարուան երկրորդ եռամսեակին եղած է 24:

ՙԿու գայ ժամանակահատուած մը, երբ լրատուամիջոցները աւելի շատ զբաղած են զուտ քաղաքական զարգացումներով: Ինչպէս գիտէք, Ապրիլ-Յունիս ժամանակահատուածին քաղաքական զարգացումները հիմնականին մէջ փողոցին մէջ կը ծաւալէին, արտաքին քաղաքական գործընթացներ կային, ու լրատուամիջոցները անոնց վրայ կեդրոնացած էին: Կը կարծեմ, որ այդ ժամանակահատուածին պետական կառոյցներուն ուղղուած հարցումներուն ծաւալը այդքան շատ չէ եղած, պակսած է՚, ըսաւ Աշոտ Մելիքեան:

Այնուամենայնիւ, Աշոտ Մելիքեան նկատեց, որ պետական մարմիններէն տեղեկութիւն ստանալը կը շարունակէ մնալ բարդ: Բազմաթիւ լրատուամիջոցներ իրենց դժգոհութիւնը կը յայտնեն այդ առնչութեամբ: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ տեղեկութիւն չտրամադրելու հիմնաւորումները խնդրայարոյց են: Շատ յաճախ պետական կառոյցները կը խուսափին համարժէք, պատշաճ արձագանգ տալէ:

ՙԴեռ չեմ ըսեր ՙլղոզուած՚ պատասխաններու մասին: Այս առումով կարեւոր էր, որ խորհրդարանը ընդունեց տեղեկատուութեան ազատութեան մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւնները, ըստ որուն, պատասխանատուները, որոնք անհիմն կը մերժեն ու չեն տրամադրեր հրապարակման ենթակայ տեղեկութիւնը, կ’ենթարկուին աւելի խիստ պատասխանատուութեան: Այսինքն` վարչական տուժի չափը աւելցուած է՚, ըսաւ Աշոտ Մելիքեանը:

Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահը նշեց, որ լրատուամիջոցները, մերժում ստանալէ յետոյ, հիմնականին մէջ չեն դիմեր դատարան: Անոնք կը խուսափին դատական քաշքշուքներէ: Այս տարուան երկրորդ եռամսեակին արձանագրուած 24 դէպքէն միայն մէկ լրատուամիջոց դիմած է դատարան:

Ընթացիկ տարուան երկրորդ եռամսեակին, առաջին եռամսեակին համեմատ, գրեթէ նոյն մակարդակի վրայ մնացած լրատուամիջոցներուն եւ անոնց աշխատակիցներուն նկատմամբ ճնշումներու ցուցանիշերը: Առաջին եռամսեակին 12 դէպք արձանագրուած է, երկրորդ եռամսեակին` 11: Փոխարէնը, մտահոգիչ ցուցանիշ արձանագրուած է լրագրողներու նկատմամբ ֆիզիքական բռնութիւն կիրառելու առումով: Եթէ ընթացիկ տարուան առաջին եռամսեակին այդպիսի մէկ դէպք արձանագրուած էր, ապա երկրորդ եռամսեակին` 11 դէպք` 12 տուժածով:

ՙԿ՛արձանագրենք, երբ երկրին մէջ կը լարուի հասարակական, քաղաքական իրավիճակը, ապա կ՛աւելնայ յարձակումներու թիւը լրագրողներուն վրայ: Կը յիշենք, որ նախորդ ամիսները բաւական լարուած էին, ընդդիմութիւնը անհնազանդութեան գործողութիւններ կը կազմակերպէր: Մեր կողմէ արձանագրուած 11 դէպքէն 10-ը այդ գործողութիւններուն ժամանակ արձանագրուած են: Տուժած են ե՛ւ լրագրողները, ե՛ւ նկարողները՚, ըսաւ Աշոտ Մելիքեանը:

Անդրադառնալով լրատուամիջոցներու եւ լրագրողներու դէմ ներկայացուած դատական գործերու վիճակագրութեան` Աշոտ Մելիքեան նշեց, որ ընթացիկ տարուան երկրորդ եռամսեակին վիրաւորանքի եւ զրպարտութեան հիմքով 8 դատական գործ արձանագրուած է, առաջին եռամսեակին` 7:

Share61Tweet38
Previous Post

ՕԴԱՅԻՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ ՓՈՐՁ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՆԵՐՄՈՒԾԵԼ ՉԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԴԵՂՈՐԱՅՔ

Next Post

ՙԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔ՚Ի ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՉԷ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՀՐԱԺԱԻԷ ՆՄԱՆ ՀԱՐՑ ՔՆՆԱՐԿԵԼԷ

Next Post
ՙԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔ՚Ի ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՉԷ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՀՐԱԺԱԻԷ ՆՄԱՆ ՀԱՐՑ ՔՆՆԱՐԿԵԼԷ

ՙԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔ՚Ի ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴՈՒՆԵԼԻ ՉԷ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՀՐԱԺԱԻԷ ՆՄԱՆ ՀԱՐՑ ՔՆՆԱՐԿԵԼԷ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.