Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏԵՂԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՐՈՍԱՑԱԾ ԾՈՎԱԿՑԻՆԵՐՈՒ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ-ԽԱՉՔԱՐԸ

July 26, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՏԵՂԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՐՈՍԱՑԱԾ ԾՈՎԱԿՑԻՆԵՐՈՒ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ-ԽԱՉՔԱՐԸ

 

Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս համայնքի Ծովակ գիւղի միջնակարգ դպրոցի բակին մէջ տեղադրուեցաւ եւ բացուեցաւ Արցախեան պատերազմներուն հերոսացած ծովակցիներու յուշարձան-խաչքարը` բարերարութեամբ ռուսաստանաբնակ ծովակցիներ Նուէր եւ Արթուր Մանուկեաններու, նախագծմամբ Յունան Յարութիւնեանի եւ շինարարութեամբ Կարէն Սարգսեանի:

Յուշարձան-խաչքարի բացման արարողութեան մասնակցեցան Գեղարքունիքի մարզպետի տեղակալ Վահան Զարոյեանը, Վարդենիս համայնքի ղեկավար Ահարոն Խաչատրեանը, ՀՀ Զինուած ուժերու բանակային երկրորդ զօրախումբի սպաներ եւ զինուորներ, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Գեղարքունեաց թեմի հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, Արցախեան պատերազմներուն զոհուած հերոսներու ծնողներ եւ հարազատներ, Ծովակի միջնակարգ դպրոցի մանկավարժներն ու աշակերտները:

Յուշարձան-խաչքարը բացման պատիւը վերապահուեցաւ բարերարներ Նուէր եւ Արթուր Մանուկեաններուն: Օրհնութեան կարգ կատարեցին Գեղարքունեաց թեմի Վարդենիսի տարածքի հոգեւոր հովիւներ Տէր Տարօն եւ Տէր Յարութիւն քահանայ Յունանեանները: ՙՄենք միասին կատարեցինք օրհնութեան կարգը այս տաճար-խաչքարի, որուն քանդակը չէ, որ մենք կը պաշտենք, այլ անոր խորհուրդը, քանզի այն պահուն, երբ խաչուեցաւ Տէրը, խաչը արդէն դարձաւ յաղթանակի եւ կեանքի խորհրդանիշ: Եւ ինչպէս Տէր Յիսուս տուաւ իր կեանքը յանուն մարդկութեան փրկութեան, այնպէս ալ Ծովակի 11 քաջերը իրենց կեանքը զոհեցին, որ ապրի մեր հայրենիքը, իրենց ընտանիքի անդամներն ու մերձաւորները: Անմահ են անոնց սխրանքները, անմոռանալի են անոնց անունները՚, ներկաներուն դիմեց Տէր Յարութիւն քահանայ Յունանեանը: Ոգեկոչման խօսքերով միջոցառման մասնակիցներուն դիմեցին Գեղարքունիքի մարզպետի տեղակալ Վահան Զարոյեանը, Վարդենիս համայնքի ղեկավար Ահարոն Խաչատրեանը, ՀՀ Զինուած ուժերու բանակային երկրորդ զօրաբաժնի հրամանատար, գնդապետ Արթուր Դարբինեանը, հրամանատարի տեղակալ Արման Մխիթարեանը, Ծովակի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն Ռուզաննա Յարութիւնեանը: Ծովակի միջնակարգ դպրոցի աշակերտները հանդէս եկան գրական-գեղարուեստական կատարումներով եւ անուն առ անուն ներկայացուցին Արցախեան պատերազմներուն հերոսացած Համլէտ Բալաբէկեանի, Յովիկ Յակոբեանի, Սեւակ եւ Երեմ Գալստեաններու, Գարիկ Մելքոնեանի, Արշակ Սահակեանի, Արտեօմ Ստեփանեանի, Համլէտ Յարութիւնեանի, Արթուր Վարդանեանի, Թորգոմ Աւետիսեանի եւ անհետ կորսուած համարուող Ռոման Գէորգեանի կենսագրութիւնները:

ՙՄեր դպրոցի պարծանք համարուող քաջեր, խոնարհումս ձեզ: Դուք ոչ միայն դարձաք պատմութիւն կերտած հերոսներ, այլ նաեւ հայրենիքի համար տուիք ամենաթանկը` ձեր կեանքը: Հերոսածին ծնողներ, խոնարհումս ձեզ, դուք հայրենիքի փրկութեան համար տուիք ամենաթանկը` ձեր որդիները: Մեր դպրոցի մանկավարժական անձնակազմին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բարերարներուն, նախաձեռնողին ու շինարարին, քանի որ դպրոցի բակին մէջ տեղադրուած այս յուշարձան-խաչքարը հայրենասիրութեան յաւերժական դաս վարելու վայր կը դառնայ՚, եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէն Ռուզաննա Յարութիւնեանը:

Միջոցառման մասնակիցները ծաղկեպսակներ դրին եւ ծաղիկներ խոնարհեցան Արցախեան պատերազմներուն հերոսացած ծովակցիներու յուշարձան-խաչքարին:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՇԽՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԸ ՏԱՐՈՒԱՅ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՍԱՄԵԱԿԻՆ ԱՃԱԾ Է 11.8 ՏՈԿՈՍՈՎ

Next Post

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 10,8 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ ՅԱՏԿԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Next Post
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 10,8 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ ՅԱՏԿԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 10,8 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ ՅԱՏԿԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.