Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 10,8 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ ՅԱՏԿԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

July 26, 2022
in Հայաստան
0
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 10,8 ՄԻԼԻՈՆ ԴՐԱՄ ՅԱՏԿԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ տրամադրուած է 10,8 միլիոն դրամ` Համահայկական հայագիտական ողիմպիականի կազմակերպման համար:

Օգոստոսի առաջին կէսին տեղի ունենալիք ողիմպիականին պիտի մասնակցին շուրջ 90 պատուիրակներ` Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն:

Համահայկական հայագիտական ողիմպիականները 2003 թուականէն պետական ծրագրերու շրջանակին մէջ երկու տարին մէկ կազմակերպուող միջոցառումներն են, որոնք խնդիր ունին խրախուսելու հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի իմացութիւնը արտերկրի մէջ բնակող հայ երեխաներու շրջանին մէջ, օգնելու անոնց ճանչնալ Հայաստանը եւ ամուր կապուիլ հայրենիքին, ինչպէս նաեւ ծանօթանալու տարբեր երկիրներու մէջ բնակող հասակակիցներուն հետ:

2003 թուականին նախարարութիւնը առաջին անգամ կազմակերպած է Հայոց լեզուի եւ գրականութեան համահայկական ողիմպիական, որ իր շուրջը հաւաքած է Սփիւռքի 4 երկիրներ եւ ՀՀ ընդամէնը 29 դպրոցականներ: 2005-ին ողիմպիականին մասնակցած է 105 երիտասարդ` 7 երկրէ: 2015-էն միջոցառումը ստացած է ՙՀայագիտական համահայկական օղիմպիական՚ անուանումը:

Ողիմպիականին կը մասնակցին հայկակն կրթօճախներու` 14-18 տարեկան համապատասխան գիտելիքներ ունեցող սաները: Միջոցառման առանձնայատկութիւններէն է նաեւ այն, որ մասնակցութեան հնարաւորութիւն կը տրուի այն պատանիներուն, որոնք չեն տիրապետեր հայերէնին, բայց ունին բաւարար գիտելիքներ հայոց պատմութենէն եւ մշակոյթէն: Այդ հնարաւորութիւն կու տայ միջոցառման մասնակից դարձնելու հայերէնին չտիրապետող աւելի լայն` համայնքին հետ համեմատաբար թոյլ կապ ունեցող հայկական շրջանակները, ինչպէս նաեւ Հայաստանով հետաքրքրուող օտարազգի ներկայացուցիչները: Միջոցառումը, որպէս կանոն, կը տեւէ մէկ շաբաթ, որուն ընթացքին, բացի հիմնական մրցոյթներէն, տեղի կ՛ունենան բազմաթիւ լրացուցիչ մրցոյթներ, օրինակ` հայրենասիրական երգի, ասմունքի եւ այլն: Երիտասարդներուն համար կը կազմակերպուին այցելութիւններ Հայաստանի տեսարժան վայրեր, ճանաչողական այցեր, հանդիպումներ տարբեր ոլորտներու յայտնի գործիչներու հետ, ուսուցողական միջոցառումներ (պարի ուսուցում, երգի ուսուցում, ժողովրդական արուեստների ուսուցում եւ այլն):

Share61Tweet38
Previous Post

ՏԵՂԱԴՐՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՐՈՍԱՑԱԾ ԾՈՎԱԿՑԻՆԵՐՈՒ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ-ԽԱՉՔԱՐԸ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐՈՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ՇՏԱԲԻ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՙՍՓԱՍՔԱՅԱ ՊԱՇՆԵԱ՚ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐՈՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ՇՏԱԲԻ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՙՍՓԱՍՔԱՅԱ ՊԱՇՆԵԱ՚ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐՈՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ՇՏԱԲԻ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՙՍՓԱՍՔԱՅԱ ՊԱՇՆԵԱ՚ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.