Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ

ՍՂԱՃ

July 25, 2022
in Տնտեսական
0

 

Սղաճը ապրանքներու գինի յաւելումն է դրամանիշի արժեզրկումի կամ ապրանքի պակասի պատճառով: Դրամանիշը կ’արժեզրկուի, երբ դրամանիշի մեծ ծաւալ կը գտնուի շուկային վրայ: Սղաճը բնական է տնտեսութեան մէջ: Երկիրներ կ’ունենան տարեկան 2-3 առ հարիւր սղաճ, որու դիմաց, զարգացած երկիրներու պարագային, պաշտօնեաներու աշխատավարձը կ’աւելցնեն այդ համեմատութեամբ երկրի տնտեսութեան վնաս չհասցնելու համար: Երբեմն սղաճին պատճառը կ’ըլլայ ոչ բնական: Այս է որ պիտի սերտենք այսօր:

Վերջին տարիներուն, մանաւանդ 2008-ի համաշխարհային տնտեսական տագնապէն ետք ԱՄՆ-ի Կեդրոնական դրամատունը կամ ՙՖետըրըլ Ռիզըրվ՚ը տագնապին ազդեցութիւնը նուազեցնելու համար որոշեց դրամ տպել եւ շուկայ մտցնել դրամատուներուն ցած տոկոսով պարտքի տալով: Սկիզբի երեք տարին տեւեց երկար ժամանակ եւ Գորոնա ժահրի երեւումն ու անգործներու թիւի յաւելումը պատճառ դարձան, որ Կեդրոնական դրամատունը տպէ յաւելեալ տոլար եւ մտցնէ շուկայ: 1971-էն ի վեր ԱՄՆ տոլարը ոսկիի պաշտպանութիւն չունի: Երկու գործօններ ցարդ կը պահէին տոլարին կայունութիւնը: Առաջինը տոլարի օգտագործումն էր որպէս միջազգային առեւտուրի դրամանիշ: Իսկ երկրորդըª տոլարը որպէս պահեստի դրամանիշ օգտագործումն էր շատ մը երկիրներու կողմէ: Ներկայիս երկրորդ գործօնը սկսաւ ազդուիլ ժխտական ձեւով, որովհետեւ ամերիկեան պատժամիջոցները կարգ մը երկիրներու նկատմամբ, այդ երկիրները մղեց փոխարինելու ԱՄՆ տոլարը որպէս պահեստի դրամանիշ: Չինաստան, Ռուսիա եւ այլ երկիրներ սկսան իրարու հետ առեւտուր կատարել իրենց դրամանիշներով: Այս գործօնը իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ տոլարի փոխարժէքին վրայ:

Ուրեմն, ԱՄՆ-ի պարագային շուկայ մտցուած տոլարի ծաւալն է, որ իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի սկսի ունենալ անոր փոխարժէքին վրայ: Լիբանանի պարագային, տնտեսութեան անկումին հետեւեցաւ պարտքի տոկոսը չվճարելը, ինչ որ ազդեց լիբանանեան ոսկիի փոխարժէքին վրայ, որ կորսնցուց իր արժէքին 90 առ հարիւրը: Ներկայիս եւրոյի փոխարժէքին նուազումը սղաճի դուռ պիտի բանայ Եւրոպայի մէջ: Եւրոպան սկսաւ վճարել Ռուսիոյ դէմ իր պատժամիջոցներուն գինը, որովհետեւ վառելանիւթի սակը բարձրացաւ, բնական կազի հոսքը Ռուսիայէն դէպի Եւրոպա դանդաղեցաւ եւ դադրեցաւ որոշ պարագաներու:

 

Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

Next Post

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

Next Post

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.