2016 թուականի Ապրիլի 1-ի լոյս 2-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական շփման գիծի ամբողջ երկայնքով հակառակորդը ձեռնարկեց յարձակողական գործողութիւն: 2-5 Ապրիլին թէժ մարտեր ընթացան շփման գծի ամբողջ երկայնքով« իսկ 5 Ապրիլին կրակը դադրեցնելու բանաւոր համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ:
ՙԱրարատ՚ օրաթերթը ՙԱպրիլեան Պատերազմ՚ յօդուածաշարքով պիտի անդրադառնայ ապրիլեան պատերազմի քառօրեային` պաշտօնական տեղեկատուութեան վերյուշերէն զատ ներկայացնելով պատերազմական գործողութիւններու մասնակիցներուն պատմութիւնները:
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ
Արմենակի« Ռոպերթի« Քեարամի ու Անդրանիկի վրէժը լուծած հետախոյզը
Արցախի հիւսիսարեւելեան հատուածի N զօրամասի հետախուզութեան պետ« սպայ Գարիկ Մնացականեան (անունը փոխուած է) 2016-ի Ապրիլ լոյս 2-ի վաղ առաւօտեան մասնացած է 116 մարտական դիրքը վերադարձնելուն: Սա այն դիրքն է« ուր հերոսի մահով ինկած էին կապիտան Արմենակ Ուրֆանեանը« Արցախի հերոս Ռոպերթ Ապաճեանը« գնդացրորդներ Քեարամ Սլոյեանը եւ Անդրանիկ Զոհրապեանը:
Հետախոյզը պատմած է 2016-ի Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերուան ընթացքին հակառակորդի ձեռնարկած յարձակման եւ դիրքը ետ բերելու գործողութեան մասին:
***
Ապրիլ լոյս 2-ի գիշերը« նկատելով հակառակորդին աշխուժութիւնը« վերադաս հրամանատարութեան համաձայնութեամբ« իմ ենթակայութեան տակ գտնուող հետախուզական վաշտը բերած եմ մարտական առաջին աստիճանի պատրաստութեան:
Հակառակորդին կողմէ ձեռնարկած հրետանային հարուածներու եւ մարտական դիրքերէն մէկուն վրայ ձեռնարկած բացայայտ յարձակման ընթացքին եղած եմ գործնական խումբի աւագ եւ տեղեակ եղած եմ բոլոր միջոցառումներէն« մշտական կապի մէջ եղա եմ 116 դիրքին վրայ գտնուող կապիտան Արմենակ Ուրֆանեանի հետ:
Մարտը ղեկավարուած է ըստ անհրաժեշտութեան: Հակառակորդի յարձակման կասեցման համար անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները իրականցուած են տղաներուն կողմէ: Երկու յարձակում տղաները կասեցուցին ու ետ մղեցին հակառակորդը« բայց երրորդ փորձի ժամանակ« որ բերաւ ուժերու եւ զրահասարքի գերակշիռ ճնշման« զոհուեցան կապիտան Արմենակ Ուրֆանեանը« Քեարամ Սլոյեանը« տղաներէն երեքը յաջողեցան ետ քաշուիլ ու սպասել թիկունքէն օգնութեան եկող խումբը« իսկ Ռոպերթ Ապաճեանն ու Անդրանիկ Զոհրապեանը շարունակեցին մարտը:
Այդ ընթացքին հակառակորդը ներխուժեց մեր դիրք: Ապաճեանն ու Զոհրապեանը վիրաւորուած էին« հասած էին կացարանին մօտ« վիրաւոր Անդրանիկ Զոհրապեանը արնահոսութենէն մահացած էր: Սերժանթ Ապաճեանը դիրքաւորուած է մարտական խրամախորշին մէջ ու շարունակած է կռիւը` միաժամանակ հեռախօսային կապի մէջ մնալով գումարտակի հրամանատարին հետ ու հաղորդելով իրավիճակին մասին: Տեսնելով իրեն մօտեցող խումբը` Ապաճեան կրկին կապ հաստատած ու ըսած է« որ վերջին նռնակի օղակը արդէն հանած ու պատրաստ կը սպասէ` հազիւ մօտենան« իր հետ միասին պիտի պայթեցնէ զանոնք՝
***
Առաւօտեան ժամը 6-ի սահմաններուն հրամանատարին կողմէ խնդիր ստացած եմ անձամբ ըլլալ այնտեղ: Գործակցելով հրասայլային դասակին հետ` զօրամասի հետախուզական վաշտի ստորաբաժանման ուժերով հասած ենք տեղ ու Էտիկ Մալոյեանի խումբիմ հետ դուրս ՙհրաւիրած՚ հակառակորդը մեր տարածքէն:
Հակառակորդը այդ ընթացքում կը հրետակոծէր տարածքը: 4-5 քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհը անցանք գիւղի մէջով« միաժամանակ փորձելով պաշտպանուիլ հրետանիի հարուածներէն:
Ապաճեանի զոհուելէն մօտ երեսուն վայրկեան յետոյ մենք հասանք դիրք: Հակառակորդի յատուկ ջոկատայիններուն մէկ մասը արդէն լքած էին տարածքը« իսկ միւս մասը դիրքին վրայ կը փորձէր տեղաւորել իր բանակի զինուորները:
Մեր դիրքին մէջ տեղաւորուիլ փորձող հակառակորդը այդ պահուն մեր կողմէ հակայարձակման չէր սպասեր« սակայն տեխնիկական առումով պատրաստ էր մարտին:
Մարտը տեւած է մօտ 30 վայրկեան: Թշնամին ետ շպրտելէ ու դիրքին մէջ ամրանալէ որոշ ժամանակ անց մեր հետախուզական վաշտի անձնակազմը հակառակորդի եւս մէկ յարձակում կասեցուցած է« որ կրկին ձեռնարկուած էր անոնց յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանման կողմէ: Անոր յաջորդած է մեր ուղղութեամբ շուրջ տասը ժամ տեւած հրետակոծութիւնը« բայց չթողեցինք« որ մօտենան դիրքին:
***
Մեր կատարած ուսումնասիրութիւններուն համաձայն` վայրենութիւնները« որ մեր դիրքին մէջ կատարած էին հակառակորդի յատուկ ջոկատայինները« եղած էին յարձակման ընթացքին: Պէտք է եւս մէկ անգամ շեշտեմ« որ դիրքը հարուածած էին ոչ թէ Ատրպէյճանի կանոնաւոր բանակի զինուորները« այլեւ պայմանագրային ու վարձական հիմունքով մարտի մէջ մտցուած անձնակազմը:
Միաժամանակ հպարտութեամբ պէտք է նշեմ« որ ոչ միայն մեր« այլեւ շփման գիծի միւս ուղղութիւններուն մէջ 18-20 տարեկան հայ զինուորները կրցած էին մեծ վնաս պատճառել հակառակորդի յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներուն ու զրահասարքերուն:
Վերոնշեալ դիրքին վրայ կատարած առաջին երկու յարձակման ժամանակ« երբ կը փորձէր ճեղքել մեր պաշտպանութիւնը« հակառակորդը մեծ թիւով կորուստ ունեցած էր« ինչի համար ալ վերջաւորութեան նման վայրագութիւններու դիմած էր՝
Մարմիններու վերադարձն ու խոշտանգումներու իրաւական հետեւանքները
Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակի մամուլի խօսնակ Սենոր Հասրաթեան հաստատեց տեղեկութիւնը« որ ատրպէյճանական կողմին հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն` նոյն օրը` ժամը 15:00-20:00 ինկած ժամանակահատուածին« շփման գիծի հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութիւններուն վրայ կ՛իրականացուին երկու կողմերու զոհուած զինուորներու մարմիններուն որոնողական աշխատանքները: Գործընթացը կը համակարգէին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի յատուկ ներկայացուցչի դաշտային օգնականները:
Ապրիլ 10-ին Արցախի հանրապետութեան նախագահի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանը հաստատեց տեղեկութիւնը« որ Ապրիլ 10-ին« Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին միջնորդութեամբ« Պաշ Քարվենտ բնակավայրին մօտակայքը հակամարտող կողմերը իրականցուցած են զոհուածներու մարմիններու փոխանակում:
Յաջորդ օրը ԼՂՀ ռազմագերիներու« պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող պետական յանձնաժողովը յայտարարութիւն տարածեց« որուն մէջ կ՛ըսուէր« որ զոհերու մարմիններու փոխանակման ընթացքին ղարաբաղեան կողմին յանձնուած է 2-5 Ապրիլին Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած լայնածաւալ ռազմական յարձակման հետեւանքով առաջնագիծին զոհուած ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի 18 զինուորի մարմին:
ՙԿարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աշխատակիցներու ներկայութեամբ ԼՂՀ ռազմագերիներու« պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող պետական յանձնաժողովին կողմէ արձանագրուած է« որ ատրպէյճանական կողմէ յանձնուած զոհուածներու բոլոր մարմինները ենթարկուած են խոշտանգման ու անարգանքի: Այս արարքը« հանդիսանալով հակամարդկային աղաղակող դրսեւորում« կը հակասէ պատերազմի օրէնքներուն ու սովորոյթներուն եւ կոպտօրէն կ՛ոտնահարէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի« մասնաւորապէս« 1949-ի Գործող բանակներուն մէջ վիրաւորներու եւ հիւանդներու վիճակի բարելաւման մասին Ժընեւեան 1-ին ուխտի« 1949-ի Ռազմագերիներու հետ վարուելակերպի մասին Ժընեւեան 3-րդ ուխտի եւ 1977-ի Միջազգային զինուած ընդհարումներու զոհերու պաշտպանութեան մասին 12 Օգոստոս 1949-ի Ժընեւի ուխտերու առաջին արձանագրութեան պահանջներուն՚:
19 Ապրիլին պաշտօնական Երեւանը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ« որով Հայաստանը կը մերժէր Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի եօթներորդ համաժողովը ամբողջութեամբ« ներառեալ` անոր արդիւնքները:
Այս յայտարարութեան մէջ եւս կը նշուէր« որ ՙընդամէնը օրեր առաջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ու ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակին միջնորդութեամբ Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զոհերու մարմիններու փոխանակման ընթացքին արձանագրուած է, որ ատրպէյճանական կողմին փոխանցած հայ զոհերու մարմիններուն վրայ առկայ են խոշտանգումներու եւ խեղումներու անհերքելի հետքեր՝՚:
N զօրամիաւորման հրամանատար« գնդապետ Արթուր Յարութիւնեան« որ 2016-ի Ապրիլին զբաղեցուցած է ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր Արտակարգ իրավիճակներու ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնը« կը յիշէ« որ շփման գիծի որոշ հատուածներուն մէջ աշխատանքներու ուշացում կամ խոչընդոտներ եղած են` պայմանաւորուած հակառակորդին պահուածքով:
ՙՕրինակ` կ՛ըսէին« որ պէտք է տալ այսինչ մարդու դին. ոեէւ զոհի ճակատին գրուած չէ անոր անուն ազգանունը« որոշ պարագաներու միտումնաւոր կը լարէին իրավիճակը« պատճառաբանելով« թէ պատասխանատու չեն տարածքի անվտանգութեան համար: Ի վերջոյ« աշխատանքները կատարուեցան մեր կողմէ առաջադրուած ու նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՚« պատմած է գնդապետ Յարութիւնեանը:
N զօրամասի անձնակազմին հետ տարուող աշխատանքներու հարցով տեղակալ« փոխգնդապետ Ալիկ Սարգսեանը նշած է« որ միայն իրենց զօրամասին կողմէ պահպանուող դիրքերու մատոյցներուն հակառակորդը երկու տասնեակէ աւելի դիակ ունեցած է.
ՙ8 Ապրիլի համար կար փոխադարձ պայմանաւորուածութիւն« որուն համաձայն թոյլ տուինք« որ գան ու անխոչընդոտ տանին իրենց զոհերը՚« պատմած է փոխգնդապետը:
Անդրադառնալով հակառակորդին կողմէ հայ զինուորներու մարմիններու խոշտանգումներուն` Ալիկ Սարգսեան նշած է.
ՙԵս այդ ձեռագրին պատերազմի սկիզբէն ծանօթ էի« բայց« կը կարծէի« թէ այս տարիներու ընթացքին քաղաքակրթութիւնը ինչ-որ տեղ կրնար շտկել զայն: Պարզուեցաւ« որ հակառակորդին նկարագիրը չէ փոխուած եւ պիտի չփոխուի: Աւելի անսպասելի էր« թէ ինչպէս այդ ընդունուեցաւ անոնց հասարակութեան կողմէ« որ հերոսացուց զոհուած մարդուն գլուխը հատողը« իսկ նախագահը« ի լուր աշխարհի« պարգեւատրեց զայն՝
Դեռ 1990-ականներուն մենք խիստ կ՛արգիլէինք նման պահուածքը: Այդ ժամանակ օրէնք կամ ուխտ չկար« ուղղակի մեզի համար տհաճ էր դիակապտութիւնը կամ զոհուածի մարմին խոշտանգումը. նման արարք թոյլ տուողին չէինք յարգեր ու զգացնել կու տայինք« որ նման վերաբերմունքը խիստ անարգելի է: Իսկ ատրպէյճանական հասարակութիւնը 21-րդ դարուն ալ կը շարունակէ հպարտանալ նման պահուածքով՝՚« ըսած է Ալիկ Սարգսեանը:
Պաշտօնական տուեալով« ի թիւս այլ վայրագութիւններու` ԼՂՀ Պաշտպանական բանակի զինուորներ Հայկ Թորոյեանը« Հրանդ Ղարիպեանը եւ Քեարամ Սլոյեանը ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ գլխատուած ու ենթարկուած էին խոշտանգումներու:
12 Ապրիլ 2016-ին ՀՀ եւ Արցախի 500-է աւելի հասարակական կազմակերպութիւն ու լրատուամիջոց նամակով դիմեցին Եւրոպական խորհրդարանին: Նշելով հակառակորդին կողմէ կատարուած խոշտանգումներուի մասին` անոնք կը պահանջէին դատապարտել Արցախի Հանրապետութեան եւ վերջինիս բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած վայրագութիւնները:
Նոյն թուականի 25 Ապրիլին Իրաւաբան-իրաւապաշտպաններու խումբի անդամ« Արտակ Զեյնալեան յայտնեց« որ ՙ2016 թուականի Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի ռեժիմի խախտման հետեւանքով սպաննուած« իսկ այնուհետեւ գլխատուած« անդամահատուած զինուորներու ընտանիքի անդամներուն անունով իրաւաբան-իրաւապաշտպաններու խումբին կողմէ ընդդէմ Ատրպէյճանի գանգատներ ներկայացուած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան:
2016-ի Մայիսին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Էտուարտ Նալպանտեան յայտնեց« որ ատրպէյճանցիներու կողմէ խոշտանգուած զինուորներու եւ խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի դէմ ներկայացուած տարբե հայցերով Հայաստանը դիմած է ՄԻԵԴ եւ այլ կառոյցներ` յոյս յայտնելով« որ համապատասխան արձագանգներ կը ստանան անոնցմէ:
Մասնաւորապէս` ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի 22 զինուորներու ընտանիքի անդամներուն անունով (62 դիմումատու) զոհուածներու մարմիններու նկատմամբ միջամտութեան հետեւանքով դիմումատուներու հանդէպ դրսեւորուած անմարդկային վերաբերմունքի« զոհուածներու անձնական կեանքին նկատմամբ յարգանքի« իրաւական պաշտպանութեան միջոցի« ինչպէս նաեւ ազգային հիմքով խտրականութեան չենթարկուելու իրաւունքներու խախտումները ճանչնալու պահանջով: Երեք զինուորներու առնչութեամբ գանգատներու մէջ բարձրացուած է նաեւ անոնց կեանքի իրաւունքի եւ խոշտանգումներու ու անմարդկային վերաբերմունքի չենթարկուելու իրաւունքի խախտման հարց:
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռուբէն Մելիքեանի փոխանցմամբ` Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի կիրառոյթի ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ« որ գործը« սովորական կարգով քննուելու պարագային« կրնայ տեւել մինչեւ 10 եւ աւելի տարի:
www.mediamax.am
ՙԱպրիլեան Պատերազմ՚
(2017)
2) 116 մարտական դիրքը
3) Հակառակորդի զոհերը` շփման գիծին վրայ
4) Փոխգնդապետ Ալիկ Սարգսեան