Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՍՏՂԱՁՈԻ ՄԷՋ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ Է ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՀԵՐՈՍԱՑԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ՅԱՒԵՐԺԱՑՆՈՂ ՅՈՒՇԱՔԱՐ

July 23, 2022
in Հայաստան
0
ԱՍՏՂԱՁՈԻ ՄԷՋ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ Է ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՀԵՐՈՍԱՑԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ՅԱՒԵՐԺԱՑՆՈՂ ՅՈՒՇԱՔԱՐ

 

Գեղարքունիքի մարզի Մարտունիի խոշորացուած համայնքի Աստղաձոր գիւղի կեդրոնական մասին մէջ տեղադրուած է արցախեան վերջին պատերազմին զոհուած չորս զինուորներու` Անդրանիկ Նաւոյեանի, Վահէ Ապրոյեանի, Արման Պօղոսեանի եւ Արթուր Գէորգեանի անուները յաւերժացնող յուշաքարը:

Յուշաքարի բացման արարողութեան մասնակցած են Մարտունիի համայնքապետարանի աշխատակիցներ, Աստղաձորի վարչական ղեկավար Մխիթար Ալեքսանեանը, Աստղաձորի միջնակարգ դպրոցի ուսուցիչներ, զոհուած զինուորներու ծնողները եւ հարազատները: Բացման խօսքով հանդէս եկած է Աստղաձորի միջնակարգ դպրոցի ռազմագիտութեան ուսուցիչ Անդրանիկ Մինասեանը: Ան փառաբանած է իր նախկին սաները, որոնք իրենց կեանքի ու արեան գնով փրկեցին հայրենիքը` մինչեւ վերջ մաքառելով թշնամիներուն դէմ: ՙՄենք գլուխ կը խոնարհենք այս հերոս տղաներու սուրբ յիշատակին առաջ: Անոնք ուսման առաջաւորներ էին, խոհեմ ու խելացի տղաներ, իսկ այսօր արդէն դարձած են անմահ հերոսներ, որոնց անունները արդէն կը յաւերժանան սերունդներու յիշողութեան մէջ՚, նշած է Անդրանիկ Մինասեանը:

Յուշաքարի տեղադրման եւ տարածքի բարեկարգման աշխատանքներու կատարման հովանաւորութիւնը եւ նախաձեռնութիւնը կը պատկանի ծնունդով Աստղաձոր գիւղէն, ռուսաստանաբնակ Արամ եւ Արմէն Աւետիսեաններուն, որոնց տարբեր աշխատանքներով աջակցած են նաեւ գիւղի բնակիչները եւ վարչակազմը` Մխիթար Ալեքսանեանի գլխաւորութեամբ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՍՏՈՒԳՈՒԻ ԲՈԼՈՐ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ” ԴԱՏԱԽԱԶՆԵՐՈՒՆ, ՔՆՆԻՉՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵՎԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՆԻՒԹԻՆ  ՉՈՐՐՈՐԴ ԳՈՅԱՎԻՃԱԿԸ

Next Post

ՆԻՒԹԻՆ  ՉՈՐՐՈՐԴ ԳՈՅԱՎԻՃԱԿԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.