Մեր ուսանողական տարիներու ընթացքին տարրական գիտելիքներուն մաս կազմած են նիւթին կամ մարմնին 3 ծանօթ գոյավիճակները. հաստատուն (կամ պինդ), հեղուկ եւ կազային:
Ուրեմն ո՞րն է չորրորդը: Հարցումին պատասխանը հանրապետութեան նախագահին անունը յիշելու չափ պարզ պէտք է ըլլար, քանի որ Տիեզերքը 90 տոկոսով անկէ բաղկացած է, հիւսիսայգը (aurore boreale) անոր կատարեալ մարմնացումն է, ինչպէս նաեւ փայլակները: Արեւը գլխաւորաբար նիւթին այս գոյավիճակէն կազմուած է: Կրակ, բոց պիտի ըսէիք հաւանաբար: Բաւական մօտեցած էք, սակայն ճշգրիտ պատասխանը ՙփլազմա՚ ն է: Plasma*- յունական ծագումով այս բառին բուն իմաստը -յարդարուած գործ- շատ ալ աղերս չունի իր բնագիտական նշանակութեան հետ: Փլազման, նիւթին իբրեւ չորրորդ գոյավիճակը, կազ մըն է, որուն մէջ հիւլէները իրենց ժխտական ելեկտրական բեռէն ձերբազատուած են: Այս իսկ պատճառաւ մագնիսական եւ ելեկտրական դաշտ մը կը ներկայացնէ ան, որ անկանոն եւ աննախատեսելի ձեւով կը տեղափոխուի եւ իր շրջապատը փոփոխութեան կ՛ենթարկէ: Եւ որքան այս վերջինը փոփոխուի, նոյնքան փլազման ինքն իր շրջապատին հետ փոխհակազդեցութեան կը մտնէ: Ընդհանուր առմամբ փլազման տաք է, բայց ան պաղ ալ կրնայ ըլլալ:
Փլազման կամ ՙելեկտրականացած կազ՚ը առաջին անգամ ԺԹ. դարու վերջերը անգլիացի գիտնական Քրուքսի կողմէ նկարագրուեցաւ, սակայն 1928 թուականին է, որ ամերիկացի քիմիագէտ Լանկմուիր զայն կնքեց ՙփլազմա՚ անունով: Բայց ինչ որ ալ ըլլայ իրեն տրուած անունը, գիտնականները կը շարունակեն փորձել հասկնալ այս գոյավիճակի շարժակերպին հիմնական օրէնքները: Թերեւս այս է պատճառը, որ փլազման երբեք իրեն արժանի ուշադրութիւնը չէ վայելած: Այս պարագան հաւանաբար պիտի փոխուի, ոչ միայն փլազմային հեռատեսիլներու մէջ գտած լայն գործածութեան համար (յիշեցնենք որ հարթ տափարակ պաստառը ներկայիս բնակարաններու ամենատարածուած եւ նախընտրուած սարքաւորումը կը համարուի). իր պաղ փլազման որ թեթեւօրէն ելեկտրականացած է, առիթ կ՛ընծայէ փոխարինելու երբեմնի ծանր քաթոտիք խողովակը:
Փլազման նոր ուժանիւթի աղբիւրներու բանալին կրնայ ըլլալ: Արեւին կեդրոնը կապարէն ալ աւելի խիտ փլազմա մըն է 15 միլիոն աստիճանի հասնող արտակարգ ջերմաստիճանի համարժէք ուժանիւթով: Շատերուն ծանօթ է, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր գիտնականները կը փորձեն իրագործել արեւին հիւլէական ձուլումը (fusion nucleaire): Սակայն եւ այնպէս ձեռք ձգուած արդիւնքները գոհացուցիչ ըլլալէ շատ հեռու են, հակառակ աննախընթաց ջերմաստիճաններու տաքցուած փլազմայով պատրաստուած սարքաւորումներու: Այսուհանդերձ մասնագէտներու կողմէ փլազմայի կիրարկութիւնները հետզհետէ կը բազմապատկուին: Ապագայի հրթիռները փլազմայի բարակ խուրձերով շատ աւելի արագ կարելի պիտի ըլլայ առաջ մղել: Իսկ պարզ փլազման ճարտարարուեստական բազմազան կիրարկումներու համար անհրաժեշտ է. օրինակ, տեղեկատուական միաւորներու մակերեսին վրայ ան կարելի կը դարձնէ խոռոչներ փորագրել, որոնք կը ծառայեն ծաւալուն տեղեկութիւն արձանագրելու: Վերջերս վիրճինիացի բնագէտ մը տեսակ մը գրիչ հնարած է, որ պաղ փլազմայի խուրձ կ՛արձակէ, ինչ որ տաքութեան պատճառով վնասուած նիւթ մը ամրացնելու կը ծառայէ: Ան կրնայ հականեխել վէրքերը, սպաննելով մանրէներ` առանց վնասելու ամբողջ բջիջներուն: Փլազման նորածիներու շորերը աւելի ծծիչ կը դարձնէ, կերպընկալ պարկերու վրայ մելանին հաստատ կառչիլը կ՛ապահովէ:
Եզրակացնելով կարելի է ըսել, որ լիսէի դասընթացքներուն խօսքը չլսուած փլազման Տիեզերքի մէջ այն աստիճանի ներկայ է եւ ունի այնքան բազմազան կիրարկութիւններ, որ շատ հաւանաբար մօտ օրէն ան պաշտօնապէս կ՛ընդունուի նիւթին իբրեւ չորրորդ վաւերացուած գոյավիճակը:
ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ
* Պէտք է զանազանել վերեւ յիշուած փլազման ՙարեան փլազմա՚էն: Այս վերջինը արեան հեղուկ այն բաղկացուցիչն է, որու մէջ արեան բջիջները առկախ վիճակով կը գտնուին: Ան արեան ընդհանուր ծաւալին 55 առ հարիւրը կը ներկայացնէ եւ կը ծառայէ մարմինի տարածքին արեան բջիջներու եւ հորմոններու փոխադրութեան: Ընդհանուր առմամբ, չափահաս մէկու մը մարմինին մէջ մօտաւորապէս 2750-3000 միլիլիթր արեան փլազմա կը գտնուի: Այս իմաստով կարելի է զայն անուանել ՙխտացեալ արիւն՚: