Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՍՏՈՒԳՈՒԻ ԲՈԼՈՐ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ” ԴԱՏԱԽԱԶՆԵՐՈՒՆ, ՔՆՆԻՉՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵՎԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ

July 23, 2022
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՍՏՈՒԳՈՒԻ ԲՈԼՈՐ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ” ԴԱՏԱԽԱԶՆԵՐՈՒՆ, ՔՆՆԻՉՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵՎԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ

 

ՀՀ կառավարութիւնը հաստատեց դատական եւ իրաւական բարեփոխումներու 2022-2026 թուականներու ռազմավարութիւնը եւ անկէ բխող գործողութիւններուն ծրագիրը: Կառավարութեան նիստին ՀՀ արդարադատութեան նախարար Կարէն Անդրէասեան նշեց, որ այն նոր չէ, այլ շարունակութիւնն է 2019 թուականին ընդունուած ռազմավարութեան:

ՙՇատ աշխատանքներ, որոնք ներկայացուած են այս ռազմավարութեան մէջ, ժառանգուած են նախորդ ռազմավարութենէն: Անոնք կը կատարելագործուին, աւելի կը բարելաւուին: Որոշ կարեւոր ուղղութիւններ, ցաւօք, չեն իրագործուած համաճարակով ու պատերազմով պայմանաւորուած: Որոշ ուղղութիւններ գրեթէ պատրաստ են, եւ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի կարենանք իրագործել՚, ըսաւ Կարէն Անդրէասեանը:

Ներկայացնելով ռազմավարութեան մէջ տեղ գտած դրոյթները` Կարէն Անդրէասեան նշեց, որ առաջինը դատական համակարգի բարեփոխումներն են: Կը նախատեսուի հակափտածութիւն դատարաններու ամբողջ շղթայի գործարկումը: Համակարգը գրեթէ ամբողջութեամբ պատրաստ է: Միւս կարեւոր ուղղութիւնը դատական գործընթացներու թուայնացումն է:

ՙՅաջորդ կարեւոր խնդիրը բարեվարքութեան ստուգումն է, ու սա միայն դատաւորներուն չի վերաբերիր: Այսօր միայն նոր համակարգ մտնող դատաւորներու բարեվարքութիւնը կը ստուգուի, իսկ ռազմավարութեան յառաջիկայ ամիսներուն մենք պիտի նախաձեռնենք, որ ստուգուի բոլոր գործող դատաւորներու բարեվարքութիւնը: Սա փտածութեան դէմ լրջագոյն պայքարի միջոց պիտի դառնայ՚, ըսաւ Կարէն Անդրէասեան` ընդգծելով, որ բարեվարքութեան ստուգում կը նախատեսուի նաեւ դատախազներոնւ, քննիչներուն, քրէակատարողական համակարգի աշխատակիցներուն եւ շարք մը այլ ոլորտներու ներկայացուցիչներուն համար:

Ռազմավարութեան յաջորդ շեշտադրումը Բարձրագոյն դատական խորհուրդին մէջ կարգապահական որոշումներու բողոքարկման հնարաւորութիւնն է, որ օրէնսդրական լուծումներով պիտի ներկայացուի կառավարութեան:

Բարեփոխումներ կը նախատեսուին փաստաբանական ոլորտին մէջ: Նախարարը տեղեկացուց, որ այստեղ բաւականին աշխատանքներ կատարուած են: Մշակուած է օրէնսդրական նախագիծ, աշխատանք տարուած է Փաստաբանական պալատին եւ համայնքին հետ: Կարէն Անդրէասեան ընդգծեց, որ այստեղ կայ համաձայնութիւն:

Ռազմավարութեամբ բարեփոխումներ կը նախատեսուին հարկադիր կատարման համակարգին, սնանկութեան ոլորտին մէջ:

Կարեւոր ռազմաւակարական ուղղութիւն է վէճերու այլընտրանքային լուծման համակարգը: Նախարարը ընդգծեց, որ այն պիտի բեռնաթափէ դատարանները: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ արպիթրաժային կեդրոնի ստեղծումը պիտի լուծէ այդ խնդիրը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ ԱԼՊԱՆԻՈՅ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՂԱՒԱՂԵԼԷ ԶԵՐԾ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ

Next Post

ԱՍՏՂԱՁՈԻ ՄԷՋ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ Է ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՀԵՐՈՍԱՑԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ՅԱՒԵՐԺԱՑՆՈՂ ՅՈՒՇԱՔԱՐ

Next Post
ԱՍՏՂԱՁՈԻ ՄԷՋ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ Է ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՀԵՐՈՍԱՑԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ՅԱՒԵՐԺԱՑՆՈՂ ՅՈՒՇԱՔԱՐ

ԱՍՏՂԱՁՈԻ ՄԷՋ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ Է ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՀԵՐՈՍԱՑԱԾ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ՅԱՒԵՐԺԱՑՆՈՂ ՅՈՒՇԱՔԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

June 4, 2023
BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

BRICS-Ի ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՆՇԱԾ ԵՆ ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

June 4, 2023
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԺԱՆԹԻՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ

June 4, 2023
ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

ԶԵԼԵՆՍՔԻ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԱԾ Է

June 4, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.