Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ ԱԼՊԱՆԻՈՅ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՂԱՒԱՂԵԼԷ ԶԵՐԾ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ

July 23, 2022
in Հայաստան
0

ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեան ընդունած է Հայաստանի մէջմ Ալպանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լուելա Հայտարական (նստավայրը` Աթէնք):

Արթուր Մարտիրոսեան ողջունած է դեսպանը, շնորհաւորած է պաշտօնին նշանակուելու առիթով եւ մաղթած է արդիւնաւէտ աշխատանք` ի շահ հայ-ալպանական կապերու զարգացման: Արթուր Մարտիրոսեան համոզմունք յայտնած է, որ դեսպանը իր ներդրումը կ’ունենայ Հայաստանի եւ Ալպանիոյ միջեւ յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման եւ խորացման գործին մէջ:

Դեսպան Հայտարական ընդգծած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ ընդհանրութիւնները բազմաթիւ են, իսկ կրթական, մշակութային ու քանի մը այլ ուղղութիւններով առկայ է սերտ համագործակցուեան շատ աւելի մեծ ներուժ:

Նախարարին տեղակալը նշած է, որ պատմական, մշակութային ընդհանրութիւններէ զատ` Ալպանիոյ հետ համագործակցութիւնը իւրայատուկ է նաեւ անով, որ Ալպանիան` որպէս անցումային երկիր, ունի էական յաջողութիւններ, որոնք կրնան նկատի առնուիլ Հայաստանի կրթութեան, մշակոյթի, գիտութեան եւ միւս ոլորտներու զարգացման ծիրին մէջ:

Կողմերը քննարկած են երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով կրթութեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հեռանկարները` երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնելով քաջալերելու այդ ոլորտներու կառոյցները համագործակցութեան ծաւալման առումով:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղած է նաեւ մշակոյթի ոլորտին մէջ հայ-ալպանական համագործակցութիւնը սերտացնելու անհրաժեշտութեան:

ԿԳՄՄ նախարարին տեղակալը դեսպանին ուշադրութիւնը հրաւիրած է 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան ներքոյ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրին` նշելով, որ հայկական կողմը այս առումով կ՛ակնկալէ միջազգային հանրութեան, այդ շարքին եւ Ալպանիոյ աջակցութիւնը, որպէսզի Ատրպէյճանը զերծ մնայ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելէ եւ աղաւաղելէ:

Դեսպան Լուելա Հայտարական արձագանգած է` Ալպանիոյ կառավարութիւնը քաջատեղեակ է ստեղծուած իրավիճակին, եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է մտահոգութիւնները փոխանցելու Ալպանիոյ կառավարութեան:

ԿԳՄՄ նախարարին տեղակալը դեսպան Լուելա Հայտարական նաեւ հրաւիրած է մասնակցելու 5-10 Սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ ՙSTARMUS VI. 50 տարի Մարսի վրայ՚ փառատօնին` տեղեկացնելով, որ Հայաստանի մէջ նախատեսուած միջոցառման պիտի մասնակցին շուրջ հինգ տասնեակ աշխարհահռչակ գիտնականներ, ճարտարապետներ եւ տիեզերագնացներ, երաժշտութեան եւ արուեստի համաշխարհային դէմքեր, այդ շարքին` Նոպէլեան մրցանակակիրներ, արհեստագիտութեան ոլորտի ներկայացուցիչներ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՄԱՄԲ ՎԵՐՋԻՆ ՄԷԿ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԷՋ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 1000 ԸՆՏԱՆԻՔ ԱՊԱՀՈՎՈՒԱԾ Է ԲՆԱԿԱՐԱՆՈՎ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՍՏՈՒԳՈՒԻ ԲՈԼՈՐ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ” ԴԱՏԱԽԱԶՆԵՐՈՒՆ, ՔՆՆԻՉՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵՎԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՍՏՈՒԳՈՒԻ ԲՈԼՈՐ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ” ԴԱՏԱԽԱԶՆԵՐՈՒՆ, ՔՆՆԻՉՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵՎԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՍՏՈՒԳՈՒԻ ԲՈԼՈՐ ԴԱՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ” ԴԱՏԱԽԱԶՆԵՐՈՒՆ, ՔՆՆԻՉՆԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵՎԱՐՔՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.