Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՄԱՄԲ ՎԵՐՋԻՆ ՄԷԿ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԷՋ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 1000 ԸՆՏԱՆԻՔ ԱՊԱՀՈՎՈՒԱԾ Է ԲՆԱԿԱՐԱՆՈՎ

July 23, 2022
in Հայաստան
0
ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐՄԱՄԲ ՎԵՐՋԻՆ ՄԷԿ ՏԱՐՈՒԱՆ ՄԷՋ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 1000 ԸՆՏԱՆԻՔ ԱՊԱՀՈՎՈՒԱԾ Է ԲՆԱԿԱՐԱՆՈՎ

 

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Ֆէյսպուքի իր էջով տեսանիւթ հրապարակած է` ներկայացնելով 2020 թուականի պատերազմէն յետոյ Արցախի մէջ իրականացուող բնակարանաշինութեան մեծածաւալ աշխատանքները:

Տեսանիւթին մէջ կը նշուի, որ 2021 թուականէն մինչեւ 2022 թուականի Յուլիս ամիսը Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ տրամադրուած է աւելի քան 1000 բնակարան` կառուցապատման, երկրորդային շուկայէն ձեռքբերման, բնակարանային ֆոնտի վերանորոգման շնորհիւ: Անոնցմէ 377-ն նորակառոյց բնակարաններ են` հիմնականին մէջ Ստեփանակերտի մէջ, որոնք կառուցուած են Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններու պետական միջոցներու եւ ՙՀայաստան՚ համահայկական հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ:

Բնակարաններու եւ բնակելի տուները տրամադրուած են զոհուած անձերու ընտանիքներուն, տեղահանուածներուն, առաջին խումբի անժամկէտ զինուորական հաշմանդամութիւն ունեցողներու, բանակի գործող եւ պահեստազօրի զինուորներու, 5 եւ աւելի զաւակ ունեցող ընտանիքներուն, փախստականի կարգավիճակ ստացած ընտանիքներուն եւ ծնողազուրկ անձերու ընտանիքներուն:

ՙ2022 թուականին շահագործման պիտի յանձնուի շուրջ 600 բնակարան եւ բնակելի տուն, որուն շուրջ 90 տոկոսը` շրջաններուն մէջ՚, տեսանիւթին մէջ կը նշէ Արցախի Հանրապետութեան բնակարանային հարցերու կոմիտէի նախագահ Արմէն Մանկասարեան:

Անոր խօսքով` ներկայ պահուն Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ մօտ 1300 բնակարանի շինարարական աշխատանքներ սկսած են, շրջաններուն մէջ այդ թիւը կը հասնի մօտ 1500-ի: Եւս 1000 բնակարանի, բնակելի տան նախագծանախահաշուարկային փաստաթուղթերը պատրաստ են ու յառաջիկային անոնց շինարարութիւնը պիտի սկսի:

ՙՀանրապետութեան մէջ բնակարանային հաշուառման հերթացուցակներուն մէջ արդէն ունինք մօտ 8500 ընտանիք: Կը կարծեմ, որ այս շինարարական կշռոյթներով յառաջիկայ տարիներուն հնարաւոր պիտի ըլլայ անոնց հարցը լուծել՚, կ՛ընդգծէ Արմէն Մանկասարեանը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՍՓԻՒՌՔԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՅԱՆՁՆԱԿԱՏԱՐԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ԿՈՂՄ ՉԷ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀՀ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ԿԱՐԳԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ ԱԼՊԱՆԻՈՅ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՂԱՒԱՂԵԼԷ ԶԵՐԾ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ ԱԼՊԱՆԻՈՅ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ ԱՂԱՒԱՂԵԼԷ ԶԵՐԾ ՊԱՀԵԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.