Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԳՈՐԾԱԶՈՒՐԿ ԱՆՁԵՐ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՏԵՂԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՐՑՈՎ

July 23, 2022
in Հայաստան
0
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԳՈՐԾԱԶՈՒՐԿ ԱՆՁԵՐ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՏԵՂԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՐՑՈՎ

 

ՀՀ կառավարութիւնը  հաստատեց Ատրպէյճանի կողմէ 2016 եւ 2020 թուականներուն սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն մասնակցած գործազուրկ անձերու մասնագիտական ուսուցման կազմակերպման եւ զբաղուածութեան ապահովման ծրագիրը: ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեան նշեց, որ համապատասխան աջակցութեամբ հնարաւորութիւն պիտի տրուի պատերազմին մասնակից գործազուրկ անձերու համալրել գործատուներու մօտ առկայ թափուր աշխատատեղիները:

ՙԾրագիրը ունի երեք բաղադրիչ: Առաջինը կը վերաբերի շահառուին համար մինչեւ 5 ամիս տեւողութեամբ մասնագիտական ուսուցման: Այդ կրնայ կազմակերպուիլ գործատուի մօտ, ուսումնական հաստատութեան մէջ, միասնական ընկերային ծառայութեան կողմէ առաջարկուող հաստատութեան մէջ: Երկրորդ բաղադրիչը կ՛ենթադրէ երեք ամիս տեւողութեամբ փորձաշրջան գործատուի մօտ: Երրորդ բաղադրիչին համաձայն, երբ գործատուն կը համարէ, որ շահառուի պարագային յաւելեալ ուսուցման, փորձաշրջանի կարիք չկայ, ապա կ՛ընդունի աշխատանքի ու կը ստանայ միանուագ աջակցութիւն՚, ըսաւ նախարարը:

Ուսուցման ամբողջ ժամանակահատուածին շահառուին կ՛առաջարկուի վճարել` ուսման վարձի փոխհատուցում ամսական կտրուածքով` իւրաքանչիւր ամսուան համար առաւելագոյնը 50.000 դրամի չափով, կրթաթոշակ` ՙՆուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին՚ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 1-ին յօդուածով սահմանուած նուազագոյն ամսական աշխատավարձի 50 տոկոսի չափով:

Մասնագիտական ուսուցման դասընթացքի աւարտական վկայականը ստանալէ յետոյ շահառուին հետ գործատուն կը պարտաւորուի կնքել աշխատանքային պայմանագիր` առնուազն մէկ տարի ժամկէտով: Աշխատանքային պայմանագիրը կնքելէ յետոյ մէկ տարի ժամկէտով, ամսական կտրուածքով, գործատուին կ՛առաջարկուի տրամադրել գումար առաւելագոյնը 50.000 դրամի չափով` շահառուի աշխատավարձէն հաշուարկուող եկամտային յարկը, դրոշմանիշային վճարը եւ օրէնքով սահմանուած դէպքերուն` ընկերային վճարը փոխհատուցելու համար:

Գործատուին մօտ աշխատանքային փորձառութիւն կազմակերպելու պարագային գործատուին կ՛առաջարկուի տրամադրել փոխհատուցում` շահառուի աշխատավարձի վճարման համար` ՙՆուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին՚ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի 1-ին յօդուածով սահմանուած չափով, ամսական կտրուածքով, երեք ամիս ժամկէտով. շահառուի աշխատավարձէն հաշուարկուող եկամտային յարկը, դրոշմանիշային վճարը եւ օրէնքով սահմանուած դէպքերուն` ընկերային վճարը փոխհատուցելու համար, երեք ամիս ժամկէտով` իւրաքանչիւր ամսուայ համար առաւելագոյնը 25.000 դրամի չափով եւ 9 ամիս ժամկէտով` իւրաքանչիւր ամսուան համար առաւելագոյնը 50.000 դրամի չափով:

Նախագիծով կ՛առաջարկուի նաեւ ծրագրի շրջանակին մէջ 300.000 դրամի չափով միանուագ փոխհատուցում տրամադրել այն գործատուին, որ առնուազն մէկ տարի ժամկէտով աշխատանքային պայմանագիր կը կնքէ գործազուրկ անձի հետ:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով` իրենց դիտարկումները ցոյց կու տան, որ պատերազմի մասնակիցները աշխատանք գտնելու հետ կապուած խնդիրներ կ՛ունենան: Անոնք մասնագիտական որոշակի հմտութիւններ ձեռք բերելու կարիք ունին: Քննարկումներու շնորհիւ որոշուեցաւ իրականացնել այս ծրագիրը ` պատերազմի մասնակից տղաներուն աջակցելու համար:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ՄԻՊ-Ը ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՊՈՒՆՏԵՍԹԱԿԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՀՈՒՈՂ ՌԱԶՄԱԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԱՆՁԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՀԱՐՑԻՆ

Next Post

ՍՓԻՒՌՔԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՅԱՆՁՆԱԿԱՏԱՐԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ԿՈՂՄ ՉԷ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀՀ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ԿԱՐԳԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ

Next Post
ՍՓԻՒՌՔԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՅԱՆՁՆԱԿԱՏԱՐԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ԿՈՂՄ ՉԷ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀՀ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ԿԱՐԳԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ

ՍՓԻՒՌՔԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՅԱՆՁՆԱԿԱՏԱՐԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ԿՈՂՄ ՉԷ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀՀ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆԱԼՈՒ ԿԱՐԳԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.