Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ՄԻՊ-Ը ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՊՈՒՆՏԵՍԹԱԿԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՀՈՒՈՂ ՌԱԶՄԱԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԱՆՁԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՀԱՐՑԻՆ

July 23, 2022
in Հայաստան
0
ՀՀ ՄԻՊ-Ը ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՊՈՒՆՏԵՍԹԱԿԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱԾ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՀՈՒՈՂ ՌԱԶՄԱԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԱՆՁԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՀԱՐՑԻՆ

 

ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Քրիսթինէ Գրիգորեան ընդունած է Գերմանիոյ Պունտեսթակի փոխնախագահ Քաթրին Կէօրինկ-Էքարտը, Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ փոխդեսպան Մարքուս Չանը, Հայնրիխ Պէօլ հիմնադրամի Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային գրասենեակի ղեկավար Սոնիա Շիֆերսը եւ հայաստանեան ծրագրերու համակարգող Էւիա Յովհաննիսեանը:

Ողջունելով հիւրերը` Գրիգորեան ներկայացուցած է հաստատութեան մանտաթը եւ աշխատանքին հիմնական ուղղութիւնները:

Զրոյցի ընթացքին Քաթրին Կէօրինկ-Էքարտ շնորհաւորել է Գրիգորեանը Մարդու իրաւունքներու պաշտպան ընտրուելու առիթով:

Վերջինիս առաջարկով Գրիգորեան անդրադարձած է մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ առկայ հիմնական մարտահրաւէրներուն, յատկապէս` յետպատերազմեան շրջանին մարդասիրական խնդիրներուն, այդ շարքին` Ատրպէյճանի մէջ պահուող ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու վերադարձին, վերջիններուս եւ անհետ կորսուած անձերու ընտանիքի անդամներուն ընկերաային աջակցութեան եւ հոգեբանական օգնութեան տրամադրման հարցերուն, սահմանամերձ համայնքներու անվտանգութեան եւ այլ խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ խտրականութեան դէմ պայքարին եւ կանանց քաղաքական ու տնտեսական հզօրացման առնչուող հարցերուն:

Քաթրին Կէօրինկ-Էքարտ հետաքրքրուած է նաեւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի անկախութեան երաշխիքներով, ՀՀ կառավարութեան, միջազգային կազմակերպութիւններու հետ Պաշտպանի հաստատութեան համագործակցութեան հարցերով, ինչին ի պատասխան Գրիգորեան ներկայացուցած է կառավարութեան հետ համագործակցութեան մեխանիզմները, ինչպէս նաեւ Պաշտպանի աշխատակազմի եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն միջեւ համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններն ու համատեղ իրականացուող ծրագրերը:

Հանդիպման ընթացքին Հայնրիխ Պէօլ հիմնադրամի ներկայացուցիչները անդրադարձած են տարածաշրջանին եւ Հայաստանի մէջ հիմնադրամին կողմէ իրականացուող ծրագրերուն, աշխատանքի հիմնական ուղղութիւններուն եւ Հայաստանի մէջ հիմնադրամի առաջնահերթութիւններուն:

Share61Tweet38
Previous Post

10 ԲՆԱԿԱՎԱՅՐԵՐՈՒ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒԻՆ ՄՈՏՈՒԼԱՅԻՆ ԿՐԹԱՀԱՄԱԼԻՐՆԵՐ ԵՒ ԴՊՐՈՑՆԵՐ

Next Post

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԳՈՐԾԱԶՈՒՐԿ ԱՆՁԵՐ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՏԵՂԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՐՑՈՎ

Next Post
ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԳՈՐԾԱԶՈՒՐԿ ԱՆՁԵՐ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՏԵՂԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՐՑՈՎ

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԳՈՐԾԱԶՈՒՐԿ ԱՆՁԵՐ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՏԵՂԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՐՑՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.