Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԸ ԵՒ ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

July 21, 2022
in Հայաստան
0
ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԸ ԵՒ ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ

 

Պաշտօնական այցով Լեհաստան գտնուող Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպում ունեցած է երկրի փոխվարչապետ Եացեք Սաշինի հետ:

Զրուցակիցները գոհունակութեամբ նշած են դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր 30 տարիներու ընթացքին միջպետական յարաբերութիւններու զարգացումն ու առկայ աշխուժութիւնը:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը նշած է, որ Լեհաստանը Հայաստանի կարեւոր եւրոպական գործընկերներէն է:

Արարատ Միրզոյեանը եւ Եացեք Սաշինը քննարկած են երկու երկիրներու տնտեսական համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները` երկուստեք պատրաստակամութիւն յայտնելով ջանքեր գործադրելու` ուղղուած առեւտրատնտեսական ներուժի լիարժէք իրացման, ներդրումային հնարաւորութիւններու ստեղծման եւ գործարար շրջանականերու միջեւ կապերու աշխուժացման:

Նախարար Միրզոյեան նշսծ է, որ 2018 թուականէն ի վեր Հայաստանի կառավարութիւնը անհաշտ պայքար սկսած է փտածութեան դէմ, ինչպէս նաեւ գործարար միջավայրի բարելաւման ծաւալուն բարեփոխումներ իրականացուած են, ինչ որ լաւ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ օտարերկրեայ ներդրողներու համար:

Կողմերը կարեւորած են Վարշաւայի ֆոնտային պուրսային կողմէ Հայաստանի ֆոնտային պուրսայի բաժնետոմսերու հսկիչ փաթեթի ձեռքբերումը, ինչ որ մեծ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ դրամագլուխի շուկային մէջ Հայաստանի ու Լեհաստանի համագործակցութեան համար:

Ընդգծուած է հայ-լեհական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութեան դերը` որպէս արդիւնաւէտ հարթակ, համատեղ ծրագրերու քննարկման եւ գործնական քայլերու նախանշման համար: Այս ծիրին մէջ զրուցակիցները կարեւորած են նաեւ գործարար պատուիրակութիւններու փոխայցելութիւնները եւ համաժողովներու կայացումը:

Հանդիպման ընթացքին նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է նաեւ հայկական կողմին դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՙMITSUBISHI HEAVY INDUSTRIES RUSSIA՚ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ ԾԱՒԱԼԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post

ՆԵՐԵԼԸ ՏԻՐՈՋ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀՆ Է…

Next Post
ՆԵՐԵԼԸ ՏԻՐՈՋ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀՆ Է…

ՆԵՐԵԼԸ ՏԻՐՈՋ ՄԵՆԱՇՆՈՐՀՆ Է...

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.