Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳՕՏԻ, ՀԵՏԵՒԱԾ Է ԱՌԱՋՆԱԳԻԾԻ ԿԱՀԱՒՈՐՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

July 21, 2022
in Հայաստան
0
ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳՕՏԻ, ՀԵՏԵՒԱԾ Է ԱՌԱՋՆԱԳԻԾԻ ԿԱՀԱՒՈՐՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը, Զինուած ուժերու Գերագոյն շտաբի պետին ուղեկցութեամբ, այցելած է երկրորդ բանակային զօրամիաւորում: Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը շրջած է զօրամիաւորման ենթակայ զօրամասերուն մէջ, ծանօթացած է թիկունքային ապահովման աշխատանքներուն, զօրքերու մարտական պատրաստութեան ընթացքին:

Սուրէն Պապիկեանը զօրամիաւորման հրամանատարական կազմին հետ քննարկած է անձնակազմի մարտունակութեան ամրապնդման, ենթակառուցուածքներու արդիականացման եւ զօրամասերու շէնքային պայմաններու բարելաւման հետ կապուած շարք մը հարցեր:

Այնուհետեւ պաշտպանութեան նախարարը այցելած է արեւելեան սահմանագօտի, շրջած է մարտական դիրքերուն մէջ եւ հետեւած է առաջնագիծի կահաւորման աշխատանքներուն:

Զօրամասին հրամանատարը զեկուցած է առաջնագիծին վրայ կատարուած շինարարական եւ ամրաշինական աշխատանքներուն, անձնակազմի անվտանգութեան ուղղուած միջոցառումներուն մասին:

Պաշտպանութեան նախարարը վստահեցւոցած է, որ առաջնագիծի անվտանգութեան ապահովման հետ կապուած բոլոր խնդիրները պատշաճ կերպով պիտի ուսումնասիրուին եւ պիտի լուծուին:

Նախարարը զօրամիաւորման սպայակազմի եւ մարտական հերթապահութեան մէջ ընդգրկուած զինուորներուն հետ քննարկումներու ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Զինուած ուժերուն մէջ մեկնարկած բարեփոխումներուն, զինուորներու ընկերային ապահովութեան առնչուող ծրագրերուն, հաւաստիացնելով, որ այդ խնդիրները մշտապէս կը գտնուին երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ուշադրութեան ներքոյ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԱՐԿԷ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐ ՙԵՐԵՒԱՆ՚ ՓՈՂԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Next Post

ՙMITSUBISHI HEAVY INDUSTRIES RUSSIA՚ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ ԾԱՒԱԼԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post
ՙMITSUBISHI HEAVY INDUSTRIES RUSSIA՚ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ ԾԱՒԱԼԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

ՙMITSUBISHI HEAVY INDUSTRIES RUSSIA՚ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ ԾԱՒԱԼԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.