Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԱՐԿԷ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐ ՙԵՐԵՒԱՆ՚ ՓՈՂԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

July 21, 2022
in Հայաստան
0
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԱՐԿԷ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐ ՙԵՐԵՒԱՆ՚ ՓՈՂԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

 

Երեւանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ 23 Յուլիսին պիտի մեկնարկէ ՙԵրեւան՚ փողային նուագախումբին բացօթեայ ելոյթներէն բաղկացած համերգաշարը: Երեւանի քաղաքապետարանը կը տեղեկացնէ, որ առաջին համերգը պիտի կայանայ 23 Յուլիսին` ժամը 19:00-ին, Տիանա Աբգարի անուան պուրակին մէջ: Մայրաքաղաքի բնակիչներուն եւ հիւրերուն համար պիտի կատարուին փողային նուագախմբային յայտնի եւ սիրուած ստեղծագործութիւնները` նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար, ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Հայկ Յովակիմեանի ղեկավարութեամբ: Համերգաշարը պիտի ըլլայ շարունակական:

Երեւանի քաղաքապետարանի ՙԵրեւան՚ փողային նուագախումբի 2022 թուականի բացօթեայ համերգաշրջանի ժամանակացոյցը`

23.07, 19:00 – Տիանա Աբգարի պուրակ, Բազմաժանր երաժշտութիւն

30.07, 19:00 – Մանկական այգի, Երաժշտութիւն մուլտֆիլմերէ, քայլերգեր

03.09, 19:00 – Յաղթանակի զբօսայգի, Քայլերգեր

10.09, 19:00 – Օղակաձեւ զբօսայգի (Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցու յարակից տարածք), Բազմաժանր երաժշտութիւն

17.09, 19:00 – Սիրահարներու այգի, Սիրուած երգերու գործիքային կատարում

24.9, 19:00 – Երեւանի 2800-ամեակի այգի, Բազմաժանր երաժշտութիւն

01.10, 19:00 – Մանկական երկաթուղի, Երաժշտութիւն մուլտֆիլմերէ

08.10, 19:00 – Օղակաձեւ զբօսայգի (Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան հատուած), Բազմաժանր երաժշտութիւն

15.10, 19:00 – Սիրահարներու այգի, Ճազային երաժշտութիւն

22.10, 19:00 – Երեւանի 2800-ամեակի այգի, Բազմաժանր երաժշտութիւն

Երեւանի քաղաքապետարանի ՙԵրեւան՚ փողային նուագախումբը հիմնադրոած է 1964 թուականին` ՀԽՍՀ վաստակաւոր արուեստագէտ, փրոֆեսոր Հայկազ Մեսիայեանի կողմէ: Գործունէութեան ընթացքին նուագախումբին հետ համագործակցած են բազմաթիւ անուանի երաժիշտներ` Արամ Խաչատրեանը, Առնօ Բաբաջանեանը, Գոհար Գասպարեանը, Ժան Տէր Մերքերեանը, Գոհար Գալաճեանը, Պորիս Աֆանասեւը, Վալերի Պաթաշովը, Կէորկի Օրվիտը եւ այլք:

Նուագախումբը բազմաթիւ միջազգային մրցոյթներու յաղթող եւ դափնեկիր է, զգալի ներդրում ունի Հայաստանի մէջ փողային երաժշտարուեստի աւանդոյթներու պահպանման եւ տարածման գործին մէջ:

Նուագախումբը հանդէս կու գայ բազմաժանր ծրագրերով` ազգային, հոգեւոր, դասական, ժամանակակից ժանրերով:

Share61Tweet38
Previous Post

TEAM TELECOM ARMENIA-Ն STARMUS ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆ Է

Next Post

ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳՕՏԻ, ՀԵՏԵՒԱԾ Է ԱՌԱՋՆԱԳԻԾԻ ԿԱՀԱՒՈՐՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Next Post
ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳՕՏԻ, ՀԵՏԵՒԱԾ Է ԱՌԱՋՆԱԳԻԾԻ ԿԱՀԱՒՈՐՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

ՀՀ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՍԱՀՄԱՆԱԳՕՏԻ, ՀԵՏԵՒԱԾ Է ԱՌԱՋՆԱԳԻԾԻ ԿԱՀԱՒՈՐՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան

March 24, 2023

ՙՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ՚ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

March 24, 2023

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

March 24, 2023

ՄԱՀԱԶԴ

March 24, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.