Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

TEAM TELECOM ARMENIA-Ն STARMUS ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆ Է

July 21, 2022
in Հայաստան
0
TEAM TELECOM ARMENIA-Ն STARMUS ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆ Է

 

5-10 Սեպտեմբերին Հայաստանը պիտի վերածուի աշխարհահռչակ գիտնականներ, տիեզերագնացներ եւ արուեստի գործիչներ միաւորող հարթակի` հիւրընկալելով STARMUS միջազգային փառատօնը: Գիտութեան, արհեստագիտութիւններու եւ արուեստի ուղղութիւններու զարգացման աջակցելու նպատակով հեռահաղորդակցութեան ոլորտին մէջ առաջատար Team Telecom Armenia ընկերութիւնը յայտարարած է STARMUS փառատօնի հետ համագործակցութեան մասին:

ՙԱջակցելով Starmus-ին` մենք կ՛աջակցինք մեր երկրին մէջ գիտութեան հանրայնացման ու կ՛ոգեշնչենք երիտասարդները` աւելի աշխոյժ ու համարձակ քայլեր անելու: Յոյսով եմ, որ այս փառատօնը կը դառնայ անկախ Հայաստանի մէջ գիտութեան վերածնունդի խորհրդանշական իրադարձութիւններէն մէկը` ապագային վերականգնելով աստղագիտութեան ոլորտին մէջ ունեցած մեր համբաւը՚, նշեց Team Telecom Armenia ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Հայկ Եսայեանը:

Փառատօնը Հայաստանի մէջ պիտի կրէ ՙSTARMUS VI. 50 տարի Մարսի վրայ՚ խորագիրը եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Հրատի (Մարսի) վրայ ՙՄարս 3՚ տիեզերակայանի առաջին վայրէջքի 50-ամեակին: Յատկանշական է, որ ՙՄարս 3՚-ը տեղափոխած է դէպի Կարմիր մոլորակ հայ մեծանուն ճարտարապետ Ալեքսանտր Քեմուրճեանի Prop-M (փրոփ-էմ) ռոպոթը:

ՙԿ՛ողջունեմ Team Telecom Armenia ընկերութիւնը մեր փառատօնի շրջանակներուն մէջ եւ որպէս հայ ուրախ եմ միջազգային գործընկերներու շարքին ունենալու առաջին հայաստանեան ընկերութիւնը, որ միացած է փառատօնին որպէս հիմնական գործընկերներէն մէկը` կարեւորելով գիտութեան հանրայնացումը Հայաստանի համար: STARMUS-ը աննախադէպ միջազգային իրադարձութիւն է եւ այստեղ` Հայաստանի մէջ մենք գիտութեան տօն պիտի պարգեւենք հանրութեան ու հիւրերուն՚, խօսելով համագործակցութեան մեկնարկին մասինª ըսաւ STARMUS փառատօնի համահիմնադիր Գարիկ Իսրայէլեանը:

Միջոցառումներուն Հայաստանի մէջ պիտի մասնակցին շուրջ հինգ տասնեակ աշխարհահռչակ գիտնականներ, Նոպէլեան մրցանակակիրներ, ճարտարապետներ եւ տիեզերագնացեր, երաժշտութեան եւ արուեստի համաշխարհային աստղեր: Փառատօնի ծրագրին մէջ (starmus.com/Armenia) կը նախատեսուին համագումարներ ու գիտաժողովներ, բազմաբնոյթ մշակութային միջոցառումներ, գիտական ճամբարներ, որոնք գիտութիւնը, արուեստն ու երաժշտութիւնը իւրովի պիտի ներկայացնեն հանրութեան, այդ շարքին` Երեւանէն դուրս:

STARMUS փառատօնը հիմնադրուած է աստղաբնագէտ Գարիկ Իսրայէլեանի ու առասպելական Queen խումբի կիթառահար, աստղաբնագէտ Պրայըն Մէյի կողմէ եւ 2011 թուականէն տեղի ունեցած է Սպանիոյ, Նորվեկիոյ, Զուիցերիոյ մէջ: Փառատօնը կը համարուի միակը աշխարհի մէջ, որ նման մասշտաբի միջոցառումներ եւ խօսնակներ կ՛ունենայ:

Share61Tweet38
Previous Post

ԿԻՒՄՐԻՆ ԵՒ ԹՎԵՐԸ ԴԱՐՁԱԾ ԵՆ ՔՈՅՐ ՔԱՂԱՔՆԵՐ

Next Post

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԱՐԿԷ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐ ՙԵՐԵՒԱՆ՚ ՓՈՂԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Next Post
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԱՐԿԷ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐ ՙԵՐԵՒԱՆ՚ ՓՈՂԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԱՐԿԷ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐ ՙԵՐԵՒԱՆ՚ ՓՈՂԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.