Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԻՒՄՐԻՆ ԵՒ ԹՎԵՐԸ ԴԱՐՁԱԾ ԵՆ ՔՈՅՐ ՔԱՂԱՔՆԵՐ

July 21, 2022
in Հայաստան
0
ԿԻՒՄՐԻՆ ԵՒ ԹՎԵՐԸ ԴԱՐՁԱԾ ԵՆ ՔՈՅՐ ՔԱՂԱՔՆԵՐ

 

Կիւմրի համայնքի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Առուշանեանը եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան Թվերի քաղաքապետ Ալեքսէյ Օկոնքովը Թվերոի մէջ ստորագրած են համագործակցութեան համաձայնագիր, որուն համաձայն Կիւմրին եւ Թվերը կը դառնան քոյր քաղաքներ:

Ալեքսէյ Օկոնքովի հետ զրոյցի ընթացքին Դաւիթ Առուշանեանը ընդգծած է մշակոյթի, մարմնամարզի, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, զբօսաշրջութեան եւ թեթեւ արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ Կիւմրիի ունեցած ներուժն ու աղբիւրները:

ՙՍտորագրուած համաձայնագիրը երկու քաղաքներու բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման առաջին քայլն է: Փոխգործակցութիւնը համակարգելու, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ կարծիքներու փոխանակման նպատակով պիտի կազմակերպուին աշխատանքային հանդիպումներ եւ պատուիրակութիւններու փոխայցեր, տեղի պիտի ունենան խորհրդակցութիւններ եւ բանակցութիւններ, անհրաժեշտութեան պարագային պիտի ստեղծուին աշխատանքային խումբեր` համագործակցութեան տարբեր ոլորտներու մէջ: Պայմանաւորուեցանք նպաստել նաեւ Կիւմրիի եւ Թվերի միջեւ գործարար կապերու ստեղծման՚, մանրամասնած է Դաւիթ Առուշանեանը:

Ալեքսէյ Օկոնքովը իր հերթին շեշտած է, որ Թվերի մէջ շարք մը ոլորտներու զարգացման գործին մէջ իր ներդրումը ունի նաեւ հայ համայնքը` ի դէմս Թվերի մէջ բնակող կիւմրեցիներու:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԴԵՍՊԱՆ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔԵՐ ՆՈՒԻՐԱԾ Է ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ

Next Post

TEAM TELECOM ARMENIA-Ն STARMUS ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆ Է

Next Post
TEAM TELECOM ARMENIA-Ն STARMUS ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆ Է

TEAM TELECOM ARMENIA-Ն STARMUS ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆ Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.