Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏ

July 20, 2022
in Լիբանանեան
0
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԴՐԱՄԱՏԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏ

Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան եւ կառավարիչ Ռիատ Սալամէի թղթածրարները երէկ Լիբանանի մէջ վերստին յառաջացուցին քաղաքական« ելեւմտական« տնտեսական եւ ապահովական լարուածութիւն:

Կեդրոնական դրամատան եւ կառավարիչին առնչութեամբ զարգացումները արագ ընթացան երէկ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ« երբ պետական անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցները խուզարկեցին Սալամէի Ռապիէ շրջանի բնակարանը« ապա հեռացան առանց գտնելու կառավարիչը: Իսկ Լեռնալիբանանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն պետական անվտանգութեան աշխատակիցներուն ընկերակցութեամբ մուտք գործեց Կեդրոնական դրամատուն եւ քանի մը ժամ խուզարկեց համալիրը« ապա յայտարարեց« թէ իրենք եկած են գործադրելու դատական յուշագիր մը« սակայն Ռիատ Սալամէ իր գրասենեակը չէր:

Ապահովական որոշ աղբիւրներ սակայն նշեցին« որ կառավարիչը իրապէս իր գրասենեակն էր« բայց Աուն չէ կրցած հասնիլ այնտեղ: Դատախազը աւելի ուշ բողոքեցª ըսելով© ՙԱյս իրավիճակին մէջ աւելի լաւ է« որ արդարադատութիւնը հրաժարի« որովհետեւ անկարելի է« որ դատաւորները կարենան իրենց խիղճով աշխատիլ՚:

 

Համրայի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու լոյսին տակ« զուգահեռ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը իսկոյն բարձրացաւ գրեթէ 30 հազար լիրայի: Որպէս առաջին հակադարձութիւն« Կեդրոնական դրամատան պաշտօնեաներու սենտիքան  յայտարարեց եռօրեայ գործադուլ եւ գրասենեակներու ամբողջական փակում: Պաշտօնեաներու սենտիքան հաղորդագրութեամբ մը նշեց« որ դատախազ Աուն եւ անոր ընկերակցող ապահովական ուժերը Կեդրոնական դրամատուն մուտք գործած են արտասովոր միջոցներով եւ արհամարհած են օրինական կարգերը« ոտնակոխելով հաստատութեան եւ պաշտօնեաներուն արժանապատուութիւնը: Հաղորդագրութիւնը արդարադատութեան նախարարին« Դատական գերագոյն խորհուրդին եւ առնչակից պաշտօնատարներուն կոչ ուղղեց վերջ տալու այս անտեղի ցուցադրութիւններուն եւ ապօրինի հետապնդումներուն« սպառնալով հակառակ պարագային դիմելու բաց գործադուլի:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը հարց տուաւ« թէ ինչպէս կը կանգնի նաւահանգիստի պայթումին կարեւոր հետաքննութիւնը« մինչ քաղաքական որոշումով յանկարծ կը սկսին շարժիլ այլ թղթածրարներ:

Նշանակեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ցաւ յայտնեց դատական կարեւոր թղթածրարները ցուցադրական ձեւերով արծարծելու երեւոյթին համար եւ յիշեցուց« որ դրամատան հարցը դատական զգայուն թղթածրար մըն է« որ կապ ունի երկրի ելեւմտական վիճակին հետ:

ՙԿեդրոնական դրամատան ցուցադրական խուզարկումը լաւագոյն միջոցը չէ լուծելու կառավարիչ Ռիատ Սալամէի թղթածրարը: Մենք կառչած չենք որեւէ անձի« սակայն կը պահանջենք դատական արդարութիւն« միաժամանակ պահպանելով Լիբանանի ելեւմտական միջազգային համբաւը: Անհրաժեշտ է այս խնդիրը լուծել նոր կառավարիչի մը անունին շուրջ քաղաքական համաձայնութեամբ եւ թող արդարադատութիւնը ապա շարունակէ իր յարմար ուղին՚« ըսաւ Միքաթի:

Նշանակեալ վարչապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերու պատուիրակութիւնը« որուն հետ քննարկեց հարաւի կացութիւնը եւ խաղաղապահ ուժերուն հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը: Միքաթի ուժանիւթային« մանաւանդ ելեկտրականութեան թղթածրարին անդրադարձաւ գերմանական ՙՍիմընզ՚ ընկերութեան պատուիրակութեան հետ

Share61Tweet38
Previous Post

ԳԱԼԻՔԻ ՅՈՅՍԵՐՈՎ

Next Post

ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ 

Next Post
ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ 

ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան

March 24, 2023

ՙՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ՚ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

March 24, 2023

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

March 24, 2023

ՄԱՀԱԶԴ

March 24, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.