Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինը« որուն հետ քննարկեց հայ-ռուսական համագործակցութիւնը« տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան վերաբերող հարցեր: Ժողովականները արծարծեցին նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակը:
Իսկ Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Փաշինեան խօսեցաւ հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան զարգացումի հեռանկարներուն« արդիական հարցերուն եւ համատեղ նախագիծերուն մասին: