Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Աւիւ Քոխաւի յայտնեց« որ Իրանի հիւլէական թղթածրարին կապակցութեամբ ռազմական ծրագիր մշակելը պարտականութիւն է եւ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան համար կարեւոր քայլ: ՙԻրանի հիւլէական ծրագրին նկատմամբ ռազմական միջոցներու որդեգրումը մաս կը կազմէ մեր նախապատրաստութիւններուն եւ կը ներառէ գործնական բազմաթիւ ծրագիրներ՚« ըսաւ իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետը« որ կը պատրաստուի եռօրեայ այցելութեամբ ուղղուելու Մարոք: