Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատումի եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներուն հերթական տեսակցութիւնը պիտի կայանայ Օգոստոսին՝ Մոսկուայի մէջ: Այս մասին յայտնեց փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը« աւելցնելով սակայն« որ ժողովին յստակ օրը տակաւին չէ որոշուած:
Նոյն ծիրին մէջ« Հայաստանի Ազգային ժողովի ընդդիմադիր երեսփոխան Հայկ Մամիճանեան Ֆէյսպուքի վրայ յայտնեց« որ այսօր պաշտօնական նամակ պիտի յղէ Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահին՝ պահանջելով առիթ՝ տեսակցելու Ատրպէյճանի մէջ գերեվարուած հայերուն հետ« որպէսզի ծանօթանայ անոնց առողջական վիճակին եւ բանտարկութեան պայմաններուն: