Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԴԵՂԵՐՈՒ ԽՈՍՏՈՒՄ

July 20, 2022
in Լիբանանեան
0

 

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ կոչ ուղղեց լուծում գտնելու հանրային ոլորտի պաշտօնեաներու բաց գործադուլին« որովհետեւ ուշացումը ժխտաբար կ’ազդէ քաղաքայիններու առողջութեան« նախարարութեան եւ իր պաշտօնեաներու աշխատանքին վրայ: Հեռուստային հարցազրոյցի մը մէջ Ապիատ ակնկալեց առաջարկներ ստանալ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարէն՝ աշխատավարձերու յաւելումը ֆինանսաւորուելու համար: Անոր խօսքով« կարելի է Քովիտի համաճարակին յատկացուած հիմնադրամի գումարներէն օգտուիլ՝ աջակցելու համար պաշտօնեաներուն: Աւելի դրական առումով« Ապիատ աւետեց« թէ որոշ լուծումներ յայտնուած են քաղցկեղի դեղերուն կապակցութեամբ« որոնք շուտով պիտի հասնին Լիբանան:

Իսկ Ընկերային ապահովագրութեան հիմնադրամի (տաման) ընդհանուր տնօրէն Մոհամմատ Քարաքի հրապարակեց որոշում մը՝ հիւանդանոցներուն 74 միլիառ լիրայի գումար փոխանցելու կապակցութեամբ: Ըստ Քարաքիի« այս վճարումները ցոյց կու տան« թէ իր գլխաւորած հաստատութիւնը երկիրը կը փորձէ պաշտպանել առողջապահական ոլորտի փլուզումի վտանգէն: Ան նաեւ յայտնեց« որ իրենք սկսած են քննարկել հիւանդանոցային ծառայութիւններուն պաշտօնական սակագիները բարձրացնելու ծրագիրը« որպէսզի քաղաքայինները վերստին կարենան օգտուիլ ապահովագրութենէն:

Share61Tweet38
Previous Post

ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾ

Next Post

ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ՝ ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ

Next Post
ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ՝ ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ

ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ՝ ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.