Խորհրադրանի ելեւմուտքի եւ պիւտճէի հարցերով մնայուն յանձնաժողովի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց« որ ժողովականները վաւերացուցած են դրամատնային գաղտնապահութեան վերաբերող օրինագիծը« որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ կանխել տուրքերէ խուսափելու եւ դրամի լուացումի երեւոյթները: Քանաան նշեց« որ դրամատնային գաղտնապահութեան վերացումը կարիք ունի յատուկ յանձնախումբի որոշումի« այլապէս« որեւէ այլ կառոյց իրաւունք չունի կայացնելու այդ որոշումը: