Հայաստանի զինուած ուժերու հիմնադրութեան օրն է այսօր: Այսինքն՝ հայկական բանակին օրը:
Բնականաբար, առաջին հերթին, մեր պարտքն է խոնարհիլ հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան ճամբուն վրայ ինկած բոլոր հերոսներու, նահատակներու, խրամատներու ետին զոհուածներու, զէն ի ձեռին մարտիրոսացածներու եւ անհետ կորածներու յիշատակին առջեւ: Նաեւ՝ մեր յարգանքի ու երախտագիտութեան խօսքը արտայայտելու հերոսածին մայրերու եւ հայրերու, որոնք ծնողական ամենալեղի ապրումները կրեցին ու կը կրեն իրենց հերոսացած որդիներուն շիրիմներուն դիմաց, անխօս լուսանկարներու առջեւ եւ անվերադարձ յիշատակներու դառն կարօտով ու սրտի կծկումներով: Ոչ ոք կրնայ լիուլի սրբել աղի արցունքները անոնց, ոչ ոք կրնայ լիովին ըմբռնել խորունկ վիշտը որդեկորոյսներու եւ անհնար է ամոքել չսպիացող վէրքերը հէք ծնողաց: Իրօք, տոկա՛լ է պէտք, եթէ հնարաւոր է…:
Երեսուն տարի առաջ էր, երբ Հայաստանի օրուան ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, հրամայական քայլով մը, որոշեց կեանքի կոչել պետութեան մը համար այնքա՜ն անհրաժեշտ ազգային բանակը: Մինչ անդին, հայկական մարտական ուժերու առաջին միաւորները, կամաւորական ջոկատները, ինքնաստեղծ խմբակները արիւնալի գուպարի մէջ էին արցախեան եւ հայաստանեան ճակատներու վրայ: Բանակին պաշտօնական գոյառումէն առաջ, արդէն կրակի մկրտութեան հրեղէն բովէն կ’անցնէին հայ մարտիկները, հրամանատարները, հայրենիքի պաշտպանութեան զինուորագրուած նուիրեալները: Ուստի, ոչ միայն հայրենասիրական պահանջք էր բանակին ծննդոցը, այլեւ՝ պատմական քայլ:
Ցնորամտութիւն է երեւակայել առանց բանակի լիարժէք պետութիւն մը. առաւել՝ պատրանք է կարծել թէ առանց բանակի կարելի է երաշխաւորել պետութեան մը անվտանգութիւնն ու անոր ժողովուրդին ֆիզիքական ապահովութիւնը: Իսկ ինչպիսի՜ պատասխանատու ու ծանր առաքելութիւն է բանակի մը դերն ու պատրաստուածութիւնը, երբ ան դէմ առ դէմ կը գտնուի նախայարձակ, անզիջող ու ատելախանձ ոսոխի մը, որուն ուշն ու ուրուշը զաւթումն է ու քինախնդրութիւնը:
Թէկուզ թռուցիկ ակնարկ մը մեր անցեալին, մեր դիմաց կը յայտնուի անառարկելի ապացոյց մը, ըստ որուն՝ երբ գոյութիւն ունէր ռազմական ներկայութիւն Հայաստանի այս կամ այն տարածքին, հակառակորդներ կը տատամսէին ոտնահարելու հայոց սահմանները, մինչ երբ քայքայուած եւ անշքացած էր հայոց զինուժը, թշնամիներ չէին տարակուսեր անարգել տրորելու հայոց հողն ու ինչքը: Ցաւօք, երկրորդ պարագաները աւելի շատ եղած են եւ աւա՜ղ, մեր իսկ մեղքով…:
Առ հասարակ, հայ մարդը, շեշտուած համարում ունի հայ զինուորի հանդէպ. յատուկ թուլութիւն բանակին նկատմամբ. նաեւ՝ ի խորոց սրտի ընդգծուած համակրանք այն զինավառ կռուողներուն, որոնք անցեալին հայոց լեռներուն թէ Հայաստանի կիրճերուն մէջ, գերմարդկային զոհաբերութեամբ ահ ու սաստ էին հայահալած տարրերու, զինեալ անիշխանականներու եւ չէթէներու համար: Եւ սա պատահական չէ, որովհետեւ անձնդիր մարտիկները խորհրդանիշեր էին ապահովութեան, արժանապատուութեան եւ խիզախութեան: Իսկ անոնց բացակայութեան՝ խոցելի էր ամէն գաւառ ու աւան, օճախ թէ սրբավայր: Ո՞վ կրնայ ժխտել, թէ հայրենի հողին վրայ տոկալու համար, շարան շարան ռազմիկներ էին հարկաւոր:
Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան պատմութիւնը մեծապէս շաղկապուած է բանակին հետ: Դեռ անկախութեան հռչակումէն առաջ, սկսած էին ռազմական խմորումները Հայաստանի ու Արցախի մէջ: Յստակ էր թէ լուրջ փորձաքարի դէմ յանդիման էր հայութիւնը եւ անհրաժեշտաբար կարիքը կար մարտական ոգիի բարձրացման, փորձառու եւ հմուտ զօրավարներու առաջնորդութեան եւ համազգային զօրաշարժի ու զօրակցութեան: Բանակաշինութիւնը օրուան ղեկավարութեան համար եղաւ կէտ նպատակ եւ այդ հաւատքն իսկ ապահովեց յաղթական մարտերը տարբեր ճակատներու վրայ: Հոս անուրանալի էր դերը այդ գործին անզուգական ճարտարապետ Վազգէն Սարգսեանի, որ իր սեփական ափերով կը շօշափէր իւրաքանչիւր հրետանի թէ հրասայլ: Բանակը եղաւ անփոխարինելի տունը շատերու, որուն պանծալի օրերը փառք, պատիւ եւ հեղինակութիւն պարգեւեցին Հայաստանի հանրապետութեան: Ոչ մէկ հայու վիզը ծուռ էր: Երեւի այդ շքեղ օրերու կերտիչ սերունդը, կեանքի ու պատմութեան փորձով գիտակցած էր, թէ երրորդ հանրապետութիւնն ու Արցախը տոկալու համար, պիտի կերտուէր կարգապահ, պինդ եւ կուռ բանակ:
Արցախեան վերջին պատերազմը տապարի ուժգին հարուած էր հայկական բանակին համար: Ուսանելի շատ կէտեր կան հոն եւ ահազանգ մը՝ սրբագրելու թերիներն ու խոտելի երեւոյթները: Ցաւոտ հետեւանքները պատերազմին, անտարակոյս, յուսահատութեան եւ ընկրկումի պէտք չէ առաջնորդեն ուշակորոյս հայութիւնը: Տառապանքին եւ կորուստներուն տոկալու համար, անցեալը անիծելու փոխան, ապագային պէտք է նայիլ առաւել յուսալից ու լաւատես: Չմոռնանք, որ 1994-ին ջախջախուած թշնամին, քսանըութ տարի համբերեց, ատամները սրեց եւ հետեւողականօրէն նպատակադրեց որ օր մը մաղձաթափ ըլլայ. ուրեմն ինչո՞ւ յուսաբեկութեան մռայլ շղարշով պարուրենք մենք զմեզ: Ո՞վ կ’օգտուի մեր անճրկումէն:
Եռաբլուրի մէջ, յաւիտենապէս հանգչած հերոսներուն օրն է այսօր: Հազարաւոր մատղաշ տղաք, իրենց աչքերուն վա՛ռ երազներով ու բաբախուն սիրտերով նետուեցան մարտադաշտ: Ահեղ պատերազմը խլեց լաւագոյնները, ազգին ընտիր ու սիրասուն որդիները: Հայկական բանակը, ահա իր ծնունդէն մինչեւ օրս կը մարտնչի Հայաստանի սահմաններուն անվտանգութեան համար: Ինչքա՜ն երախտապարտ պարտինք ըլլալ, որ շնորհիւ առիւծասիրտ տղոց կը տոկանք մեր հայրենիքին մէջ: Անամպ երկինքը անո՛նք կը շնորհեն՝ որոնք ամէն օր նահատակութեան ուրուականը արհամարհած կը տոկան ցուրտին ու բուքին, պատնէշներու ետին, դիրքերու վրայ՝ սար ու ձորին: Կը տոկան քա՛ջաբար, որպէսզի հայրենիքն ու իր ժողովուրդը տոկան իրենց բնօրրանին մէջ:
Խունկ ու աղօթք նահատակներու խնկելի՛ յիշատակին: