Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԸՆԿ. ՀԱՄԲԻԿ ՍԱՐԱՖԵԱՆ. «ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԻԼ ՄԻԱՅՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՎ»

January 26, 2022
in Յօդուածներ
0

«Շատ μնական եւ տեղին կը համարենք այն շփումները, որ տեղի կ՚ունենան Թուրքիոյ հետ, որովհետեւ երկրինհամար անհրաժեշտ է իր μոլոր հարեւաններուն հետկան խատեսելի եւ կարգաւորուած յարաμերութիւններունենալ»: ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետԸնկ. Տոքթ. Համμիկ Սարաֆեան այսպէս μնութագրեցՀայաստան-Թուրքիա նորագոյն շփումներուն առնչութեամμ Հնչակեան կուսակցութեան դիրքորոշումը:Լիμանան կատարած այցելութեան ընթացքին «Արարատ»-ին հետ զրոյցի ընթացքին Ընկ. Տոքթ. Սարաֆեանդիտել տուաւ, որ Հայաստան այսօր չունի միայն երկուհարեւաններու հետ յարաμերութեամμ սահմանափակուելու շռայլութիւնը եւ կարելի չէ յաւերժ մնալ շրջափակումիտրամաμանութեան մէջ: Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը շեշտեց, որ Հայաստան պէտք է առանց միջնորդի μանակցի Թուրքիոյ հետ, կոչ ուղղելով այս հարցինմօտենալու շատ իրապաշտ եւ առարկայական մօտեցումով: «Եթէ Թուրքիոյ հետ յարաμերութիւններու կարգաւորումը պիտի նպաստէ մեր երկրի շահերուն, ուրեմն պէտքէ այդ քայլը առնենք, սակայն եթէ Անգարայի կողմէ առաջադրուին մեզի համար անընդունելի պայմաններ, ապապիտի չյառաջանանք շփումներու այդ ուղիին վրայ», շեշտեց Ընկ. Տոքթ. Սարաֆեան: Նկատի ունենալով, որայսօր չկան μնականոն յարաμերութիւններ, ան շեշտեց,որ Հայաստան ոչինչ պիտի կորսնցնէ, եթէ μանակցութիւն ները չյաջողին, իսկ եթէ յաջողին, ապա այդ նպաստաւոր կ՚ըլլայ հայրենիքին համար: Ընկ. Տոքթ. Սարաֆեան կոչ ուղղեց նախապաշարումներու վրայ հիմնուելովչկանխորոշելու, թէ ինչ պիտի ըլլան μանակցութիւններունարդիւնքները: «Բոլոր երկիրները իրենց պետական շահերուն վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն կը վարեն, իսկ«յաւերժ թշնամի, յաւերժ μարեկամ»-ի տրամաμանութիւնը անգործադրելի է պետական յարաμերութիւններուպարագային», ըսաւ ատենապետ ընկերը, աւելցնելով, որԹուրքիոյ նկատմամμ զգացումներն ու վերապահութիւննե րը կապ չունին Հայաստանի պետական շահի առաջնորդութեան հետ:Պատասխանելով Հայոց ցեղասպանութեան թղթածրարին վրայ հայ-թրքական շփումներու հաւանական ազդեցութեան մասին «Արարատ»-ի հարցումին, Ընկ. Տոքթ. Սարաֆեան շեշտեց, որ Ցեղասպանութեան նիւթը քննար կելիպէտք չէ ըլլայ: Յիշեցնելով, որ մինչեւ 1998 թուական Ցեղասպանութեան հարցը խնդրոյ առարկայ չէր Հայաստան-Թուրքիա յարաμերութիւններուն մէջ, ատենապետընկերը պահանջեց վերադառնալ այդ սկզμունքին, որպէսզի Ցեղասպանութիւնը անտեղի քննարկումի եւ շահարկումի առարկայ չդառնայ: Ան նշեց, որ Հայաստանի պետութիւնը չի կրնար ուսերուն կրել ամμողջ Սփիւռքի շահերը հետապնդելու պարտականութիւնը: «Սփիւռքը իրաշխատանքը կրնայ շարունակել ճանաչումի եւ Թուրքիոյհետ կապերու առումով, իսկ Հայաստան կը վարէ պետութենէ պետութիւն յարաμերութիւն, առանց այդ հարցը կեդրոնական խնդիր դարձնելու», շեշտեց Ընկ. Սարաֆեան:

ՏՈՒԺՈՂԸ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆ Է

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը նաեւխօսեցաւ Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակին եւ խորհրդարանական μուռն քննարկումներուն մասին, որոնք յաճախ կը մօտենան μախումի սահմանին:Յիշեցնելով, որ կուսակցութիւնը իր յայտարարութիւն ներով միշտ կոչ ուղղած է իսկական, գործնական միաս նականութեան` որպէս խիստ անհրաժեշտութիւն, որով հետեւ մարտահրաւէրները կը μազմանան եւ միայն համախոհութեամμ կարելի է յաղթահարել զանոնք: ԽօսելովՀայաստանի իշխանութեան դէմ պայքարին մասին, Ընկ.Տոքթ. Սարաֆեան առաջարկեց գրաւ չդնել այս կամ այնկողմի ձախողութեան վրայ` հասնելու համար իշխանութեան դիրքի: «Փողոցը խորհրդարան փոխադրելու մասինընդդիմութեան խոստումը որոշ չափով իրականացաւ,թէեւ տեղի ունեցան ընտրութիւններ եւ ժողովուրդը ընտրեց իր ներկայացուցիչները», ըսաւ ան եւ ցաւ յայտնեց,որ խորհրդարանական կառուցողական աշխատանք տանելու փոխարէն ընդդիմութիւնը զμաղած է μեմականացումներով եւ աշխատանք կը տանի խաթարելու Ազգայինժողովին աշխատանքը, առանց հասկնալու որ երկիրն ուպետութիւնը կը տուժեն այս իրավիճակէն, ոչ թէ իշխանութիւնը: Ընկ. Սարաֆեան յայտնեց, որ Հայաստան պիտի այցելէ` մասնակցելու համար արտախորհրդարա նական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետվարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հերթական ժողովին

Share61Tweet38
Previous Post

ԽՕՍՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ

Next Post

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – ՏՈԿԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Next Post

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ՏՈԿԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.