Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽՕՍՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ

July 21, 2022
in Խմբագրական
0

(ԸՆԿԵՐ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 93-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Կեանքը յարափոփոխ է: Անհատական թէ հաւաքական գետնի վրայ, կացութիւնները կը պարտաւորեցնեն յարմարիլ ժամանակին, ճկունօրէն պատշաճիլ նորայայտ իրավիճակներու դիմաց: Պայմանները կը թելադրեն խոհեմութիւն եւ ա չալրջութիւն: Յարաշարժ մեր կեանքը պարտաւոր ենք ընկա լել այնպէս` ինչպէս որ է:
Այս օրինաչափութեան եւ տրամաբանութեան հոլովոյթին ի տես, սերնդափոխութիւնը անխուսափելի եւ անժխտելի երեսն է հասարակական ու ընկերային կեանքին: Եւ հետեւաբար` հա սակ նետող երի տասարդութիւնը իր խօսքն ու գործը ունի կատարելիք: Սերնդափոխութեան դրօշակը արդէն իսկ յանձնըւած է այն սերունդին, որ վերջին տասնամեակներուն ականատեսն եղաւ կեանքի արմատական փոփո խութեանց, յարաճուն եղափոխութեանց եւ երբեմն յեղաշրջումներու:
Երէկ կը մտմտայինք եւ կ՚ը սէինք` ճամբայ բացէ՛ք երիտասարդութեան, իսկ այսօր կ՚աղաղակենք` դո՛ւք` երիտասարդներ, ստանձնեցէ՛ք եւ տէրն եղէ՛ք ազ գային մեր արժէքներուն, ընկերային եւ հասարակական կեանքին. դուք առաւել կը հասկնաք եւ կ՚ըմբռնէք մերօրեայ հարցերը, դո՛ւք կրնաք տեսնել եւ քայլ պահել օրուան ալեկոծումներուն հետ, նաւավարել կեանքին եւ ընկերութեան մակոյկը: Դուք պիտի գրոհէք հոն` ուր պէտք է, դուք պիտի կողմնորոշուիք այնպէս` ինչպէս որ կը դատէք: Այսօրը ձերն է, արեւածագը ձեզի համար է, ապագան ձեր ափերուն մէջն է: Եղէք խիզախ, յանդուգն, յանձնապաստան եւ անվեհեր:
Սոյն սրտբաց մտորումներուն առիթ տուող դրդապատ ճառը մեծ ուսուցիչ ու դաստիարակ Սարգիս Տխրունիի նահատակութեան հերթական տարելիցն է: Ան, որ Կիլիկիոյ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ խանդաբորբ ոգեւորութեամբ եւ գաղափարական աւիւնով արտայայտիչը եղաւ հայրենասէր ու յանձնառու երիտասարդութեան իղձերուն: Իր ապրած եւ գործած ժամանակը խիստ յուսահատական էր, հայոց երկինքը մռայլած, կեանքի ու վերապրումի նշոյլները աղօտ, խլեակնե րու ուշակորոյս բազմութիւն մըն էր յետեղեռնեան հայութիւնը: Կարիքը կար երիտասարդական եւ յառաջադէմ ձայներու: Եւ ահա Ս. Տխրունի եղաւ փարոս մը իր օրին, որուն շուրջ նորափթիթ տարրեր ստացան հայրենասիրական եւ ընկերվարական աւիշ ու առողջ ուղղութիւն: Կերպով մը, ան հրեղէն օղակը դարձաւ ընկճուած բազմութեան եւ նորածիլ ընձիւղներու միջեւ եւ ազդարարեց ահազանգը սերնդափոխութեան` իր ապրած գորշ օրերուն:
Սերնդափոխութեան հրամայական երեւոյթը, ի հարկէ, կը վերաբերի ընդհանուրին. իսկ այս պարագային` ի մասնաւորի գաղափարական երիտասարդութեան եւ շեշտակիօրէն`
հնչակեան երիտասարդութեան: Ս. Տխրունի, 17 Յունուար 1929-ին, իր նահատակութեամբ, ուղի բացաւ անշահախնդիր հայրենասիրութեան, հնչակեան երիտասարդական դպրոցին, որուն սկզբունքները եղան ու մնացին նուիրումն ու ծառայութիւնը երեք նուիրական արժէքներու` հայրենիք, ընկերվարութիւն եւ մարդասիրութիւն: Ան իր արիւնով ոռոգեց այն ճանապարհը որ կը դաւանէր` «Հո՛ն, Արարատի փէշերուն պիտի զարնենք մեր վըրանները»: Եւ ահա այդ իսկ պատճառով հնչակեան երիտասարդական միաւորները Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ կրեցին անունը Տխրունիի` ի յիշատակ աննկուն ու անկոտրում մարտիկ եւ ուսուցիչ Ս. Տխրունիի:
Ս. Տխրունիի ցանած գաղափա րական սերմերը, հետզհետէ ուռճանալով, ծնունդ տուին նոր տարրերու, յատկապէս այն յուռթի դաշտերուն մէջ, ուր եռեւեփուն էր հայ կեանքը: 1952-ին, Պէյրութի մէջ Տխրունիի ուղիին հաւատարիմ եւ ուխտանուէր երիտասարդ ներ հիմքը դրին Տխրունիի անուան ուսանողական եւ երիտասարդական շարժումին: Անոր առանցքին շուրջ ծաւալեցաւ եւ պինդ ներկայութիւն դարձաւ հնչակեան այն օղակը, որ գաղափարական շունչ եւ միտք փոխանցեց հաւատաւոր երիտասարդներու: Նոր դպրոց մըն էր այս` որուն շարքերէն տողանցող տղաք ու աղջիկներ եկան համալրելու Տխրունիի սկսած ազգային-հայրենասիրական երթը: Սիրելի երիտասարդ ներ, այս տարի նշուող Տխրունիականութեան 70-ամեակը թող ըլլայ հանգրուան մը նոր սկիզբի, մեկնակէտ մը առաւել եռանդի ու կիրքի: Բաց է ճանապարհը ձեր առջեւ: Մի՛ տատանիք եւ մի՛ վարանիք ձեր դաւանանքին դիմաց, որովհետեւ ան դպրոցն է անկաշառ հայրենասիրութեան եւ անմնացորդ նուիրումի:
Յարափոփոխ այս կեանքին մէջ, ահա դուք պիտինետւիք վճռակա՛նօրէն, քանի յեղյեղուկ եւ լպրծուն գետինները, կարգախօսները եւ պղպջակի նմանող խօսքերը խաբուսիկ
են ու անցողիկ: Մինչ գաղափարականութիւնը աներեր ապառաժի նման կը կերտէ կեանքի մրրիկներուն տոկացող մարդն ու երիտասարդը: Ա՛յս սորվեցուց Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան երիտասարդական դպրոցը` Տխրունիականութիւնը:
Երիտասա՛րդներ, խունկ ու աղօթք նահատակ ղեկավարի յիշատակին: Ապա` ուխտի վերանորոգում հնչակեան սկըզբունքներուն: Որմէ ետք` ի գործ` յանուն Տխրունիական սկըզբունքներուն, աւանդներուն եւ 70-ամեայ ժառանգութեան:
Ա՛յս է օրուան հրամայականը:
Ընթացէ՛ք առաջ, շարունակեցէ՛ք մեր երթը, ձեր գործը արդար է եւ ազգահաճոյ, քանզի նպատակն է նուիրական եւ հաւատքը` անսասան:

Share73Tweet46
Previous Post

Հարցազրոյց 135-ԱՄԵԱՅ ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԸՆԿԵՐ ՀԱՄԲԻԿ ՍԱՐԱՖԵԱՆԻ ՀԵՏ

Next Post

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ Ս.Դ. ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏ ԸՆԿ. ՍԵՊՈՒՀ ԳԱԼՓԱՔԵԱՆԻ ՀԵՏ

Next Post

ԸՆԿ. ՀԱՄԲԻԿ ՍԱՐԱՖԵԱՆ. «Կ՚ԱՋԱԿՑԻՆՔ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ ՄՆԱՑՈՂ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒՆ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.