«Լիμանանը Սփիւռքի հայրենասիրութեան եւ մեր ազգային դատի հետապնդման մղիչ ուժն է:
Հայաստանի պետականաշինութիւնը պէտք է ըլլայ մեր առաջնահերթ խնդիրը»
Հ.- Ինչպէ՞ս կարելի է ամփոփել ՍԴՀԿ Լիμանանի շրջանի վերջին երկու տարիներու գործունէութիւնը:Պ.- Եթէ փորձենք ամփոփել վերջին երկու տարուան` 2020 եւ 2021, Լիμանանի շրջանի աշխատանքները, կըրնանք միայն մէկ վերնագիր տալ` ընկերային ծառայու թիւն եւ կարիքաւոր ընտանիքներու հոգատարութիւն, հայկական թաղամասերու ապահովութիւն եւ նման աշխատանքներ: Կարելի է ըսել, որ երկու տարիէ գրեթէ քաղա քական աշխատանքը սառած է, որովհետեւ երկիրը կը գտնուի քաոսի մէջ: Այսօր ոչ ոք կþուզէ իր սխալը ընդունիլ, իրյանցանքը ստանձնել, μոլորը կþարդարանան եւ ուրիշը յանցաւոր կը համարեն, երμ μոլորը անխտիր ունեցած են իրենց մեղքի ու յանցանքի μաժինը վերջին 30 տարիներուընթացքին, միայն մէկ` տոկոսային տարμերութեամμ, ոմանք շատ եւ ոմանք քիչ:Ի տես այս իրավիճակին, որպէս կուսակցութիւն այդ գործելաոճը որդեգրելէ ուրիշ ճար չկար: Յատկապէս 4 Օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի հուժկուպայթումէն ետք, մենք որպէս կուսակցութիւն, եւ յարակից` մշակութային, երիտասարդական, μարեսիրական եւ մարզական միութիւններ, μոլորս ամμողջութեամμ կլանւեցանք աշխատանքի, որպէսզի ընդհանրապէս լիμանանահայուն եւ մասնաւորապէս հայկական թաղամասերուն մէջ μնակող հայուն կարիքները հոգանք: Այստեղ պէտք է խոստովանիլ, որ մեր կուսակցութիւնը շատ փայլուն ձեւով կատարեց այս աշխատանքը, շնորհիւ ղեկավարութեան, μայց մանաւանդ շնորհիւ շարքային երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, որոնք սիրայօժար եւ անձնուիումով ստանձնեցին այս աշխատանքը: Նաեւ պէտք է խոստովանիլ, որ այս աշխատանքները կարելի պիտի չըլլար յաջողցնել եթէ չունենայինք արտասահմանի շրջաններէն մեզի օժանդակող մեր քոյր կազմակերպութիւնները եւանհատ μարերարներ, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն իրենց μարերարութիւնը, որպէսզի կարենանք գէթ ձեւով մը թեթեւցնել մեր ժողովուրդին դժուարութիւնները:Այս էր կուսակցութեան վերջին երկու տարուան գործունէութեան ծիրը, որովհետեւ Լիμանանի մէջ շատ ծանր պայմաններ են` ոչ ելեկտրականութիւն, ոչ դեղորայք, ոչվառելանիւթ, ոչ μժշկական խնամք: Այս μոլորը, դժμախտաμար, կը μացակային եւ այս μացը ինչ-որ չափով եւ մասամμ պէտք էր թեթեւցնել, եւ այդ եղաւ մեր աշխատան քին թիրախը, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի, որովհետեւ Լիμանանի տնտեսական վիճակը օրէ օր աւելի կը μարդանայ ու կը ծանրանայ: Լիμանանեան թղթոսկինանսանձ կþարժեզրկուի, անհատներու աշխատավարձերը վերածելով շատ չնչին` իրենց ապրուստի տարրական ծախսերուն համեմատած:Հ.- Լիμանանի շրջանը ինչո՞վ կը տարμերի միւս շրջան ներէն:Պ.- Լիμանանահայ գաղութին կարեւորութիւնը այս պահուն չէ որ պիտի ճշդենք: Լիμանանը, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, Սփիւռքի μաμախող սիրտն է, հակառակ անոր որ հիմա քիչ մը դանդաղ կը μաμախէ, սակայն վստահ ենք,որ երμեք կանգ չþառներ: Հետաքրքրականօրէն ամէն ինչկը սկսի Լիμանանէն եւ կþաւարտի Լիμանանի մէջ: Լիμանանը գրեթէ միակ երկիրն է, ուր հայութիւնը ներգրաւ ուած էտեղի քաղաքական կեանքին մէջ եւ իր իւրայատուկ ներկայութիւնն ու համμաւը ունի: Չմոռնանք լիμանանա հայութեան եւ հաստատութիւններուն թիւը, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Աթոռին ներկայութիւնը Անթիլիասի մէջ, այս μոլորը առանձնայատկութիւն կու տանԼիμանանին: Հակառակ վերջին 30-40 տարիներուն եւ նոյնիսկ անկէ առաջ երկրին մէջ տեղի ունեցած պատերազմներուն ու անկայուն վիճակներուն, Լիμանանը կրցած էսերունդ ներ պատրաստել, որոնք այսօր Սփիւռքի զանազան գաղթօճախներուն մէջ դարձած են պա տասխանատու եւ կարեւոր դիրքերու հասած անհատներ: Այսμոլորը կը փաստեն, որ Լիμանանի ներուժը շատ մեծ է,անշուշտ եթէ իր μնականոն վիճակին վերադառնայ:Հ.- Ի՞նչ կը սպասէ լիμանանահայ գաղութին եւ ո՞ւր կըտեսնէք անոր փրկութիւնը:Պ.- Եթէ այսօր հարցնէք, թէ ի՞նչ վիճակի մէջ է Լիμանանը, դժμախտաμար μոլորին հայեացքը յարած է դէպիարտագաղթ: Ատեն մը ուրախութիւն էր, որ μազմաթիւընտանիքներ որոշած էին ներգաղթել Հայաստան: 2018թուականէն սկսեալ, Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք,կար ծէք Սփիւռքի մէջ ինքնակամ եւ ինքնաμուխ ներգաղթմը կազմակերպուեցաւ: Եթէ 1946-ին ներգաղթի կոմիտէկար եւ յառաջդիմական կուսակցութիւնները կþաշխա տէինորպէսզի հայութիւնը ուղղեն դէպի Հայաստան, այս անգամ ներգաղթը ինքնաμուխ էր, ժողովուրդը համոզ ուածկþառնէր այդ քայլը: Սակայն ափսոս որ Հայաստան ապրեցաւ դժուար օրեր, եւ նաեւ որովհետեւ Լիμանանի վիճակը վատթարացաւ տնտեսական իմաստով, Հայաս տանտեղափոխուիլ ծրագրած ընտանիքներուն թիւը դժμախտաμար նուազեցաւ, ոչ թէ որովհետեւ չկամութիւն կայ,այլ որովհետեւ Լիμանանէն դուրս գալը ներկայ պայ մաններուն մէջ անμարենպաստ է, մարդոց ինչքը եւ ունեցուածքը անարժէք դարձած ըլլալուն պատճառով:Իսկ ինչ կը վերաμերի լիμանանահայութեան փրկու թեան,դժμախտաμար անիկա կապուած է Լիμանանի փրկութեան հետ, որ այս պահուն երեւակայական է, ի տես քաղաքական լարուած իրավիճակին: Լիμանան չի կրնարվերականգնիլ այնքան ատեն որ կը շարունակուի առկայմնալ պետութեան մէջ «աւելի զօրաւոր» պետութիւն մը,այնքան ատեն որ կայ պետական μանակին համազօրμանակ ունեցող ուժ մը, որ Լիμանանը պատանդ վերցնելով զայն մխճրած է շրջանային պայքարներու մէջ, որոնքերμեք առնչակից չեն Լիμանանի հետ: Եթէ Լիμանանչապաքինուի, լիμանանահայութիւնն ալ կրնայ ժամանակի ընթացքին յոգնիլ եւ հիւծիլ: Մաղթենք, որ այդ վիճակին չհասնինք: Մինչ այդ պէտք է գօտիները ամրացնել եւմարտահրաւէրները դիմակայել միասնական ճիգերով,որովհետեւ Լիμանանը Սփիւռքի հայրենասիրութեան եւմեր ազգային դատի հետապնդման մղիչ ուժն է:Ես կþուզեմ կոչ ուղղել մեր μարեկամներուն, մեր ընկեր-ընկերուհիներուն, ինչպէս նաեւ մեր համակիրներուն,ուր որ ալ անոնք գտնուին, որ չմոռնան Լիμանանը, չմոռնան որ այսօր Լիμանան ղրկուած փոքր իսկ օժանդա կութիւնը իր մեծ նշանակութիւնը ունի: Կը փափաքինք, որμոլոր շրջանները, յատկապէս Միացեալ Նահանգներ, հոնապրող լիμանանահայերը յատկապէս, մեզի զօրակցին:Հարկ է նշել, որ անցնող տարիներուն իրենց զօրակցութեամμ մենք կրցանք յառաջ շարժիլ, եւ այս առիթով կոչկþուղղեմ, որ շարունակեն իրենց ձեռքը մեկնել, որպէսզիմենք ալ, մեր հերթին, մեր յանձնառութիւններուն տէրկանգնինք, որպէսզի Մայր կուսակցութիւնը Լիμանանիշրջանին մէջ գոյատեւէ եւ իր յարակից միութիւններըպատնէշի վրայ մնան, ինչպիսին են Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը, «Արարատ» օրաթերթը, ՀՄՄ-ը, ՀԿԲՄ-ը,Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճը, երիտասարդականշարժումները, սկաուտութիւնը: Այս μոլորը զոհողութիւնկը պահանջեն եւ մենք մեր ուժերով դժուար թէ դիմակայենք, ուստի կþակնկալենք որ Լիμանանը սիրողները ընդառաջեն մեր կոչին:Հ.- ՍԴՀԿ-ը պիտի մասնակցի՞ Լիμանանի յառաջիկայխորհրդարանական ընտրութիւններուն:Պ.- Նկատի առնելով, որ ՍԴՀԿ-ը քաղաքական կուսակցութիւն է, շատ տրամաμանական է, որ մասնակցինքերկ րին մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտ րութիւններուն: 1992 թուականէն ի վեր կուսակցութեան որոշումն է մասնակցիլ μոլոր տեսակի ընտրութիւննե րուն,ըլլան անոնք երեսփոխանական, քաղաքապետականկամ այլ, եւ հետեւաμար 2022-ի Մայիսին նախատեսուածխորհրդարանական ընտրութիւններուն Հնչակեան կուսակցութիւնը անպայմանօրէն իր մասնակցութիւնը պիտիμերէ μոլոր ընտրաշրջաններուն մէջ, ուր հայկական ներկայացուցիչի աթոռ գոյութիւն ունի: Նշենք, որ կուսակ ցութիւնը արդէն իսկ սկսած է իր նախընտրական աշխատանքները, սակայն հոս կþուզեմ մատնանշել, թէ կրնա՞նքվստահ ըլլալ, որ այդ ընտրութիւնները անպայմանօրէնտեղի պիտի ունենան: Այդ հարցին տակաւին կասկածանքով կը մօտենանք, որովհետեւ μոլորս ալ լաւ գիտենք, որԼիμանանի իշխանութիւններուն կրնայ երμեք ձեռնտուչըլլալ ներկայ իրավիճակին մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնել, եւ մեր մտավախութիւնը այն է, որեթէ երμեք իշխող համակարգը զգայ, որ կրնայ կորսնցնելներկայացուցչութիւններու որոշ թուաքանակ մը, կրնայամէն հնարքի դիմել որպէսզի այդ ընտրութիւնները յետաձգուին կամ չեղեալ համարուին: Այդուհանդերձ, կըկրկնեմ, որ ՍԴՀԿ-ը պատրաստ է եւ անպայմանօրէն պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն:Հ.- Իսկ արդեօք պա՞րզ է, թէ կուսակցութիւնը որ քաղաքական ուժին հետ պիտի դաշնակցի այս ընտրու թիւններուն:Պ.- Այս պահուն տակաւին յստակ չէ եւ կþաշխատինքոր յառաջիկայ ամսուան ընթացքին, վերջնական եզրակացութեան գալէ ետք, յայտարարենք այդ մասին: Բայցկրնամ ըսել, որ հայկական իմաստով որեւէ միասնականդաշինք տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ նախեւառաջընտրական նոր օրէնքով ձեռնտու չէ, որ հայկական կուսակցութիւնները միասին նոյն ցանկին մէջ ըլլան: Առաւելեւս, 2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու մերփորձառութիւնը մեզ կը թելադրէ, որ նման քայլի չդիմենք,որովհետեւ այդ փորձը մեզի ցոյց տուաւ, որ ոմանք տակաւին միասնականութեան իմաստը չեն ըմμռնած եւմիասնականութիւն μառը իրենց համար միայն լոզունգ է:Աւելցնենք, որ, դժμախտաμար, այս տարի եւս հայ թեկնածուներու առատութիւն մը պիտի տեսնենք, այդ վիճակը վերահսկողութենէ դուրս ելած է: Ամէն մարդ ամէն տեղպիտի առաջադրուի, μայց այդ չէ մեր խնդիրը: Այս երեւոյթը արդէն քանիերորդ ընտրութիւնն է որ կը կրկնուինոյն ձեւով, եւ հիմա` առաւել շեշտուած: Այս իր պատճառները ունի եւ նոյն տեղը կը տանի. ոմանք տարիներուընթացքին չկրցան ըմμռնել, թէ ինչ կը նշանակէ հայ քաքաղական կուսակցութիւններու միասնականութիւն, զայնշփոթեցին միահեծանութեան հետ, կարծելով որ ամէնμան միշտ ի շահ իրենց պիտի մնայ:Հ.- Ինչպէ՞ս կը դիտէք ու կը գնահատէք Հայաստանիքաղաքական կեանքը: Եւ ինչպէ՞ս կը տեսնէք անոր ապագան:Պ.- Հայաստանը, մեր կարծիքով, դանդաղ μայց հաստատ քայլերով յառաջ կþընթանայ: Անոնք որոնք յոռետեսեն, անոնք որոնք գիշեր-ցերեկ քննադատութենէն μացիուրիշ μանով չեն զμաղած, անոնց պէտք է ըսել, որ իրականութիւնը այդպէս չէ: Իրականութիւնը այն է, որ տարիներէ ի վեր կուտակուած ցաւ մը, խնդիր մը կար, որ նախորդ իշխանութիւնները միշտ կը փորձէին յետաձգել, ուշացնել կամ ծածկել, μայց օր պիտի գար, որ այլեւս լուծում ստանար: Խօսքս արցախեան խնդիրին եւ ընդհանրա պէս սահմանազատում եւ սահմանագծում հոլովոյթինմասին է: Բայց եթէ մենք խոհեմ ըլլայինք, այդ օրը մենքկը ճշդէինք, մեր լաւագոյն` ուժեղ եղած օրերուն: Դժμախտաμար, ամէն մարդ փորձեց խուսափիլ, որպէսզի իրիշխանութեան օրօք նման μան տեղի չունենայ, որպէսզիչստիպուին գրաւեալ հողեր վերադարձնել, μայց արդիւնքը դուրս եկաւ որ հակառակորդը իր քայլը ի գործ դրաւի՛ր ուժեղագոյն եւ մեր ամենաթոյլ պահուն: Հետեւաμար,գին մը կայ վճարեցինք եւ թերեւս տակաւին վճարենք,μայց այդ վճարման պատասխանատուն այսօրուան իշխանութիւնները չեն երμեք, ոչ ալ վարչապետ Փաշինեանն է: Այս չի նշանակեր, որ մենք ամμողջութեամμ կըզօրակցինք կամ կը μաժնենք Փաշինեանի աշխատանքը,մեր կուսակցութեան դիրքորոշումն է ամէն ինչին տալ իրյարմար գնահատականը: Սակայն Հայաստանի մէջ կայչափազանց լարուածութիւն, պէտք է լաւ գիտնանք ինչ էիշխանութիւն եւ ինչ է ընդդիմութիւն, փորձելով աւելիշինիչ ու կառուցողական ձեւով աշխատիլ: Այս վիճակը եւԱզգային ժողովէն ներս տիրող մթնոլորտը անընդունելիեն մեզի համար: Ուստի, կը մաղթենք, որ μոլոր թնճուկները վերջնականապէս լուծուին, որպէսզի մեր ապագայիքայլերը ճշդենք եւ մեր հայրենիքի վերընձիւղման աշխատանքները շարունակենք:Ինչ կը վերաμերի Հայաստանի ապագային, մենք կըշեշտենք, որ Հայաստանի պետականաշինութիւնը պէտքէ ըլլայ մեր առաջնահերթ խնդիրը, որպէսզի ամէն անգամ, որ փորձանք մը պատահի կամ իշխանափոխութիւնտեղի ունենայ, ստիպուած չըլլանք զերոյէն սկսիլ: Ամուրհիմքերու վրայ պետութիւնը, հզօր μանակը, դատականարդար համակարգը եւ ընկերային արդարութիւնը պէտքէ ըլլան գերիշխող: Պէտք է զգացական մօտեցումներէհեռու մնանք, որպէսզի կարենանք առանց μարդոյթի մերդրացիներուն հետ վերջնական համաձայնութիւններկնքել, անշուշտ առանց զիջումներու` էական հարցերումէջ: Հարկաւոր է նաեւ, որ յառաջիկայ տարիներուն Հայաստանի մէջ ձեւաւորուի խորհրդարանական նոր ընդդիմութիւն, որ ըլլայ կառուցողական եւ կատարէ վերա հըսկողական դեր ու չնմանի այսօրուան հիւանդ եւ մաղձովլեցուն ընդդիմութեան: Այս μոլորը անհրաժեշտ են, որպէսզի մենք վստահ ըլլանք հայրենիքի ապագայով:Հ.- 2022-ին ինչպէ՞ս կը պատրաստուիք նշել կուսակցու թեան յոμելենական` 135-ամեակը:Պ.- Մեզի համար ամեակները ընդհանրապէս հաշուեյարդարի առիթ են, ինչպէս նաեւ առիթ մըն է վերարժե ւորելու մեր կատարած աշխատանքները: Դժμախտաμար,այս տարի 135-ամեակը կու գայ քիչ մը տխուր մթնոլորտիմէջ: Կրնանք ըսել, որ 130-ամեակէն մինչեւ հիմա շատμան փոխուած է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Մենք անշուշտ կþուզենք կուսակցութեան 135-ամեակը եւ ընդհանրապէս ամեակները փառաշուքօրէն նշել, որովհետեւ մերեւ մեր ժողովուրդին իրաւունքն է այդ, որովհետեւ ամեակները առիթ են, որ ժողովուրդին μացայայտենք մերկատարած աշխատանքը` ի փառս մեր ժողովուրդին:Դժμախտաμար, 2022-ը կրնայ ըլլալ շատ պատեհ առիթներ չստեղծէ, որ մենք կարենանք արժանավայել ձեւովնշել այս ամեակը, սակայն մենք կը կարծենք, որ շրջանները յատուկ միջոցառումներով անպայմանօրէն, թէկուզսահմանափակ ներկայութեամμ, ձեռնարկներ պիտիկազմակերպեն: Բայց մեզի համար շատ կարեւոր է, որ135-ամեակի գլխաւոր` եզրափակիչ հանդիսութիւնըտեղի ունենայ հայրենի հողին վրայ:Յիշեցնենք, որ 2022 տարին նաեւ կը զուգադիպի մերկուսակցութեան համագումարի կայացման թուականին:Հետեւաμար, ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութիւնը, շրջաններուն հետ միասնաμար, այդ համագումարի օրերունվստահաμար առիթ պիտի ստեղծէ, որ մենք Հայաստանիմէջ կատարենք մեր եզրափակիչ հանդիսութիւնը, որուընթացքին լուսարձակի տակ առնուի 135-ամեայ փառապանծ Մայր կուսակցութեան կատարած սխրագործութիւնները, փայլուն պատմութիւնը եւ մեծ թիւով նահատակները, որոնք զոհուած են յանուն հայրենիքին եւ յանուն հայ ժողովուրդի փրկութեան ու գոյատեւման: Այստեղ նաեւ հարկ կը զգամ կրկնել այն հանգամանքը, որՍոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը ժողովուրդին ծոցէն ծնունդ առած, ժողովուրդին ցաւերով տոգորուած, ժողովուրդին μարօրութեան նուիրուած կուսակցութիւն մըն է: Մենք պատիւով կþըսենք ու կը կրկնենքմիշտ, որ մեր կուսակցութիւնը երμեք, երμեք իր ժողո վուրդին հանդէպ դոյզն անգամ չէ սխալած:Հարցազրոյցը վարեց`ԼԻՒՍԻ ՏԷՕՔՄԷՃԵԱՆ»