Հ Ա Ն Գ Ա Ծ Ճ Ր Ա Գ Ը
(ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)
Արդէն տարի մը անցաւ այն սեւ թուականէն, երբ տարաբախտ Տիգրանը, Նախախնամութեան տնօրինութեամբ, լքելով իր հարազատներն ու սիրելիները, կանխահասօրէն բռնեց յաւերժութեան ուղին:
Կ’ըսեն, պտուղը ծառէն հեռու չ’իյնար. սակայն Տիգրանի պարագային, ան շատ մօտ ինկած էր ծառին եւ այն ալ սաղարթախիտ ծառին, քանի ծնաւ եւ ուռճացաւ այնպիսի օճախի մը մէջ, ուր կարելի չէր մնալ անտարբեր ազգային կեանքի հանդէպ, կարելի չէր չըլլալ գիրքի եւ մշակոյթի սիրահար եւ չկլանուիլ մտաւորական-մշակութային օրհնեալ մթնոլորտով: Ա՛յնպիսի ծնողներ, ա՛յնպիսի միջավայր եւ ա՛յդպիսի բնակարան, ինքնըստինքեան պիտի խմորէին, թրծէին եւ ջրդեղէին Տիգրանի նման պատրաստուած, հեզահամբոյր, կիրթ ու գիտակից երիտասարդ մը` ինչ որ կրնան վկայել ու հաստատել բոլոր զինք ճանչցողներն ու իրեն հետ յարաբերութիւն ունեցած միութենականներն ու ծանօթները:
Բանաստեղծ հօր Պէպօ Սիմոնեանի (Պետրոս Գալայճեան) շունչը եւ մտաւորական մօր Ազատուհի Սիմոնեանի ոգին լիուլի ներծծուած էին պատանի Տիգրանին մէջ, որոնք հետզհետէ արմատաւորուելով իր մէջ` պիտի կազմաւորուէր մարդ-անհատականութիւնը, եւ աւելի ուշ` պիտի արգասաւորուէին իր հասարակական եւ ազգային կեանքին մէջ ու դառնային նկարագիր եւ սկզբունքներ` պատրաստ դրսեւորուելու առօրեայ ու հաւաքական կեանքի յորձապտոյտին մէջ:
Հ.Մ.Մ.-ի իր օրերու սկաուտական պատասխանատուները կը հաստատեն, թէ ան օրինակելի անդամ մըն էր. կարգապահ, իր ստանձնած պատասխանատուութեան յանձնառու, պարտաճանաչ եւ փափկանկատ իր վերադաս օղակներուն նկատմամբ: Պատանի տարիքէն կը զգացուէր, թէ ընկերային եւ հաւաքական կեանքի մօտիկ կանգնած երիտասարդ մըն է որ կ’աճի: Ապա` ուսման, կրթութեան եւ գիտութեան հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւններն ու հետեւողական աշխատանքը զինք բարձրացուցին բարձր պաշտօններու, ուր այս անգամ դրսեւորուեցաւ վարչագէտ, հմուտ եւ հեռատես ղեկավարը իր պաշտօնավարած ընկերութեան: Փաստօրէն, գիտելիքի կողքին` գործնական կեանքի մէջ եւս աչքի կը զարնէր Տիգրան Գալայճեանը որպէս յուսալի քատր իր պաշտօնին հետ կապուած: Եւ եթէ անոնց կողքին տեսնենք ազգային-հայրենասիրական-հասարակական-գաղափարական-քրիստոնէական արժէքներով կոփուած փայլուն գործիչը, պիտի համոզուինք թէ ան ի զուր չէր որ կ’ընտրուէր Լիբանանի թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամ` ներկայացնելով Խալիլ Պետեւիի Սբ. Յարութիւն եկեղեցւոյ ծուխը: Ան հարազատ եւ երախտագէտ զաւակն էր իր հայահոծ թաղին:
Անկէ ետք` ընտանեկան բոյն, կիրթ զաւակներ, հոգատար հայր եւ շնորհապարտ որդի` կը շարունակէր դիմակալել կեանքի տաքն ու պաղը:
Իր հօր 2015-ին առ յաւէտ բաժանումէն ետք, Տիգրան միշտ հետամուտ էր վառ պահելու գերզգայուն բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեանի յիշատակն ու գրական ժառանգութիւնը: Եւ ահա զինք կը տեսնենք զանազան միջոցառումներու եւ ձեռնարկներու առաջին գիծին վրայ, լուսաբնակ հօր գիրքերու հրատարակութեամբ եւ անոր յիշատակին մշտավառ պահպանումին: Ինչո՞ւ. պատասխանը կու տայ նոյնինքն Պէպօ Սիմոնեան իր մէկ բանաստեղծութեամբ.-
– Հաւատա միայն քո հաւատքիդ մեծ,
եւ ժամանակէն ետ չմնալու ակնթարթին խոր…
Ու դեռ հաւատա, ինչի որ կ’ուզես
Աստուածայինին
մարդկայնականին
թէ սա Կաղանդի
անիրական, սուտ
տխուր հեքիաթին…
Միայն ունեցիր բան մը անսովոր ու նուաճելի, որուն հաւատաս:
– Առանց հաւատքի` կեանքը փուլ կու գայ:
1975
(Մտերիմ Զրոյց Մանչուս Եւ Աշխարհի Իրեն Տարեկից Մանչերուն Հետ)
Անցեալ տարի այս օրերուն, երբ անիծեալ թագաժահրը իր երախով կուլ կու տար երիտասարդ կեանքեր, աշխարհի տարբեր ծագերու մէջ, իր հերթական զոհը դարձուց բոլորիս սիրելի Տիգրանը: Համավարակը իր զոհերը սրածայր գերանդիով կը հնձէր աջ ու ահեակ: Եւ այդ “հունձք”ի բարձրակէտին` երբ անակնկալ բօթերը անպակաս էին, ահա արձանագրուեցաւ խոստումնալից, նուիրեալ եւ բարձրարժէք երիտասարդ, փխրուն սիրտով հօր մը, նրբանկատ որդիի մը, լիուլի հայորդիի մը, ազգին ծառայի մը ոսկէ անունը, որ կը կոչուէր ՏԻԳՐԱՆ ՊԵՏՐՈՍԻ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ…
Լուսասփիւռ ճրագ մըն էր որ կը հանգէր:
Լո՛յս յիշատակին…
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ