ՏԻՊԱՐ ՀԱՅՈՒ ԱՆՄՈՌԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Արդէն 2 տարի է՝ 2020 թուականի սկիզբէն ի վեր, աշխարհը կ՚ապրի Գորոնա ժահր կոչուող համաճարակի ար հաւիրքը: Համաճարակը գլխիվայր շրջեց կենցաղային հազարումէկ դժուարութիւններով բեռնաւորուած մարդ էակին կեանքը ամէնուրեք: Գորոնա ժահրը 2 տարուայ ընթացքին պատճառ դարձաւ թանկարժէք կորուստներու:
Տնտեսական գետնի վրայ, ոչ միայն իր օրապահիկին համար պայքարող ամենահետին աշխատաւորները տուժեցին, այլ նաեւ՝ ամենաբարգաւաճ հաստատութիւնները: Քանքանիներ կորսնցուցին իրենց աշխատանքն ու եկամուտը:
Ընկերային գետնի վրայ, պարտադրուած տնակալու մով մարդիկ ամէնուր ամիսներով «բանտարկուեցան ի րենց պատեանին մէջ», մտահոգիչ հոգեվիճակ մը յառա ջացնելով շատերու մօտ: Ու տակաւին «չէ արտօնուած» ազատօրէն վերադառնալ մեր ամենատարրական սովորութիւններուն, մարդկային ու ընկերային յարաբերութիւններուն:
Առողջական գետնի վրայ, որ ամենաահաւորն է, Գորոնան աշխարհի կտրուածքով առայժմ պատճառած է 5,5 միլիոն անհատի մահը: Գորոնա կոչուած չարիքը մեզմէ խլեց հարազատ մարդիկ, մեր ընտանիքին, շրջանակին, ազգին լաւագոյն անձերը, որոնք այսօր դարձած են յաւեր ժացած յուշեր: Մէկ խօսքով, Գորոնան մեզմէ խլեց մեր ԱՄԵՆԱԹԱՆԿը:
Այդ հարազատ մարդոցմէ, լաւագոյն տղոցմէ մէկն է Տիգրան Գալայճեանը՝ Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեան Գալայճեան ազնուական ընտանիքին առջինեկը: Դաստիարակութեամբ՝ պարկեշտ, նկարագրով՝ ազնիւ, կրթութեամբ՝ մասնագէտ, ծառայասիրութեամբ՝ օրինակելի, ազգասիրութեամբ ու հայրենասիրութեամբ թրծուած Տիգրանը մօտէն թէ հեռուէն ճանչցողներուն համար յարգանքի արժանի անձնաւորութիւն մըն էր, որ որդիաբար նուիրուեցաւ իր ծնողներուն, հետագային նաեւ իր կազմած ընտանիքին՝ կնոջ ու զաւակներուն, համեստաբար ծառայեց իր շրջանակին, եկեղեցւոյ ու համայնքին, իր ասպարէզին մէջ եղաւ փայլուն ֆինանսագէտ, որ յաջողութեան սանդուղները բարձրանալով իր հետ բարձրացուց նաեւ ուրիշներ:
Ան ծաւալեց ազգային ու հասարակական գործունէութիւն, ըլլալով վարչական զանազան միութիւններու մէջ եւ ազգային երեսփոխան:
Տիգրան Գալայճեանի ջանասէր, ծառայասէր ու ընկերային բնաւորութեան տէր, մէկ խօսքով՝ լաւ մարդու յատկանիշերուն ու համբաւին պերճախօս վկաներն են ոչ միայն իր ընտանիքին անդամները, գաղափարակից ընկերներն ու ասպարէզի իր գործընկերները, այլ բոլոր անոնք, որոնք օր մը դիպուածաբար ծանօթացած են Տիգրանին կամ անցած են անոր ճանապարհէն: Մէկ խօսքով, Տիգ րա նը այնպիսի անձնաւորութիւն էր, որուն ներկայութիւնը հաճելի էր, բացակայութիւնը՝ շատ զգալի, եւ վաստակը՝ ուսանելի:
Տիգրան Գալայճեանը դեռ ինչքա՜ն պիտի օժանդակէր իր շրջապատին, դեռ ինչքա՜ն պիտի ծաղկէր ու միաժա մանակ ծաղկեցնէր ընտանեկան, ընկերային, միութենական, աշխատանքային անդաստանը, եթէ անողոք Գորոնան չկասեցնէր զայն դէպի բարձունքներ առաջնորդող սլացքը: Տիգրանին անժամանակ մահը եկաւ ապացուցելու, որ սէգ կաղնիները կը մեռնին կանգուն:
Արդէն մէկ տարի է Տիգրանը միացած է «հեռացած ընկերներ»ու փաղանգին: Անոր վաղահաս մահը տակաւին կ՚ողբան իր որդեկորոյս մայրը, իր այրիացած կինն ու որբացած զաւակները, Գորոնան գողցաւ իրենց ԱՄԵՆԱԹԱՆԿը:
Անոր կորուստը կը սգան նաեւ իր գաղափարի ընկերները, գործընկերներն ու բարեկամները, որոնց համար Տիգրանը եղած էր տիպար ու օրինակելի անհատ մը: Բոլորը այժմ եւ միշտ մեծ սիրով պիտի յիշեն Տիգրանը ու անմահական ներկայութիւն դարձնեն զայն իրենց յուշերուն մէջ:
«Արարատ» օրաթերթը իր այսօրուան յատուկ թիւը կը նուիրէ մեծ դաստիարակ Պէպօ Սիմոնեանի եւ կրթական մշակ Ազատուհի Գալայճեան Սիմոնեանի ազգանուէր ընտանիքի արժանաւոր ժառանգորդ՝ Տիգրան Գալայճեանի մահուան տարելիցին: Քու հարազատներուդ ու սիրելիներուդ սրտի խօսքերը, սիրելի Տիգրան, թող փունջ մը ծաղիկ դառնան, ու անոնց աղօթքները թող ծխացող խունկ ըլլայ քու լոյս յիշատակիդ:
Թէեւ «տժգոյն մահու հրեշտակը» շտապեց այցելել Տիգ րանին, թէեւ Գալայճեան ընտանիքին մօտ վաղաժամ հնչեց «տխուր կոչնակ մահու դժխեմ», բայց որովհետեւ Տիգրանին յիշատակը անթառամ կը մնայ, ուրեմն Տիգրանը «մեռած չէ»:
Լոյս՝ Տիգրան Գալայճեանի անշէջ հոգիին:
«Ա.»