Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Պարտութիւնը Ընդունիլն Ալ Մեծութիւն Է

Նազօ Ճ.

July 23, 2026
in Յօդուածներ
0
Պարտութիւնը Ընդունիլն Ալ Մեծութիւն Է

Աշխարհի միլիոնաւոր մանուկներու աչքերը ամէն օր սեւեռած են ֆութպոլի մեծ աստղերուն։ Անոնք մրցումները դիտելու ընթացքին կը սորվին նաեւ վարք, կեցուածք, արժէքներ եւ օրինակներ։ Այդ պատճառով ալ աշխարհի մեծ մարզիկները, ուզեն կամ չուզեն, դարձած են ապագայ սերունդին ուսուցիչները։

Սակայն, ցաւօք, այսօրուան մարզաշխարհը շատ անգամ հակառակ դասերը կու տայ։

Աստիճանաբար սորվեցանք տեսնել անճոռնի մազերու ձեւեր, մազի գունաւոր ներկումներ, ամբողջ մարմինը ծածկող դաջուածքներ («թաթու»ներ), ցուցադրական ապրելակերպ, անհամեստ կեցուածքներ եւ այնպիսի վարքագիծ, որ ոչ մէկ աղերս ունի մեր կրօնական ու բարոյական արժէքներուն հետ։ Թէեւ դժկամութեամբ, սակայն «մեր ձեռքէն ի՞նչ կու գայ»… ժամանակի ընթացքին կարծես համակերպեցանք այդ պատկերներուն։

Բայց վերջերս ականատես եղանք աւելի մտահոգիչ երեւոյթի մը։

Աշխարհի կարեւորագոյն մրցումներէն մէկուն՝ «մոնտիալ»ի Սպանիա ընդդէմ Արժանթին աւարտականէն ետք, երբ ամբողջ աշխարհը հեռատեսիլին դիմաց կը հետեւէր ֆութպոլի աշխարհի ախոյանին պարգեւատրման արարողութեան, Արժանթինի ներկայացուցիչներու, ներառեալ Լիոնէլ Մեսսիի, կեցուածքը շատերու մօտ հարցականներ յառաջացուց։ Յաղթողը շնորհաւորելու փոխարէն, անոնք դժկամութեամբ, գրեթէ երես դարձուցած, կռնակով կը հետեւէին արարողութեան։

Հարցը այստեղ մրցումին արդիւնքը չէ։ Հարցը այն պատկերն է, որ այդ պահուն փոխանցուեցաւ աշխարհի միլիոնաւոր երեխաներուն։

Մենք ամէն օր դպրոցներու մէջ կը փորձենք երեխաներուն սորվեցնել, թէ պարտութիւնը կեանքի բնական մէկ մասն է։ Երբ աշակերտ մը միւսէն քիչ նիշ կը ստանայ, կը վիրաւորուի, ընկերներէն կը հեռանայ կամ արտասուելու կը սկսի: Երբեմն ծնողներն ալ «մանկանալով» կը դիմեն գանգատի: Տնօրէն-ուսուցիչներ մեծ ճիգ կը թափեն բացատրելու, որ պարտութիւնը ամօթ չէ, այլ՝ սկիզբ յաջորդ յաղթանակին։

Իսկ ահա նոյն այդ երեխան, երեկոյեան տունը, իր կուռքերուն մէջ կը տեսնէ բոլորովին հակառակ պատկերը։

Ի՞նչ պիտի սորվի ան։

Որ պարտութիւնը ընդունիլը թուլութի՞ւն է։

Որ կարելի՞ է երես դարձնել յաղթողին։

Որ մեծութիւնը միայն յաղթելու մէ՞ջ է։

Լիոնէլ Մեսսին քանիցս ընտրուած է աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը։ Ան միլիոնաւոր մանուկներու տիպարն է։ Ահա թէ ինչո՛ւ իր նման մեծութենէ մը աւելի մեծ բան կը սպասուէր։

Մեծութիւնը երբեք միայն կոլեր նշանակելը չէ։ Մեծութիւնը նաեւ պարտութեան պահուն կը չափուի։ Կը սպասուէր, որ ան առաջինը ըլլար, որ իր ընկերները հրաւիրէր ծափահարելու ախոյանին, շնորհաւորելու արժանի մրցակիցը եւ ցոյց տար, որ իսկական մարզիկը կը յաղթէ արժանապատիւ եւ նոյնքան արժանապատիւ ալ կը պարտուի։

Չէ՞ որ ամէն մրցումէն առաջ բոլոր խաղացողները գիտեն, թէ դաշտ մտած երկու խումբերէն միայն մէկը պիտի յաղթէ։

Ուրեմն, եթէ յաղթանակը կը դիմաւորենք խոնարհութեամբ, պարտութիւնն ալ պէտք է ընդունինք նոյն մեծահոգութեամբ։

Այսօր մեր երեխաները աւելի շատ կը հետեւին անճոռնի մազերով, մազի գունաւոր ներկումներով, ամբողջ մարմինը ծածկող «թաթու»ներով մարզիկներուն, քան՝ ուսուցիչներուն, իսկ շատ անգամ ալ աւելի շատ, քան՝ ծնողներուն։ Այդ իսկ պատճառով մարզական մեծութիւններուն իւրաքանչիւր շարժումը, իւրաքանչիւր ժպիտը, իւրաքանչիւր ձեռքի սեղմումն ու նոյնիսկ լռութիւնը դաս կը դառնայ նոր սերունդին համար։

Աշխարհի մեծ աստղերը պէտք է գիտակցին, որ անոնք միայն ֆութպոլ չեն խաղար։ Անոնք նաեւ կը դաստիարակեն։

Իսկ երեխաներուն տրուած ամենամեծ դասը ոչ թէ յաղթանակն է, այլ՝ պարտութիւնը արժանապատուութեամբ ընդունելու կարողութիւնը։

Դեռ չենք խօսիր եւ չենք ալ ուզեր անդրադառնալ այլ ամբարտաւան «երեխայի» մը, որ իր նախագահի պաշտօնական պարտականութիւնը կատարելէ ետք, տակաւին կը յամենար դուրս գալ ախոյան Սպանիոյ բաժակի ցնծութեան գլխաւոր բեմէն, խմբային նկարի մը արժանանալու երեխայական տենչով:

Share61Tweet38
Previous Post

Տպաւորութիւններս Սիտնիի Հայ Ուսուցիչներու Համագումարէն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.