Սփիւռքի մէջ, հայ դպրոցը ե՜ւ կրթական հաստատութիւն է ե՜ւ ազգային ինքնութեան ամրոցներէն մին, ուր ամէն օր կը մղուի լուռ, բայց ճակատագրական պայքար մը՝ լեզուն, մշակոյթը եւ ազգային պատկանելիութիւնը սերունդէ-սերունդ փոխանցելու համար։ Այդ պատճառով ալ, երբ աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ հայ ուսուցիչներ կը համախմբուին՝ խորհրդակցելու իրենց առաքելութեան, դժուարութիւններուն ու ապագայի ուղիներուն շուրջ, այդպիսի նախաձեռնութիւնները կը գերազանցեն սովորական համագումարի սահմանները:
Այս համոզումով էր, որ Սիտնիի մէջ որպէս դիտորդ-հիւր ներկայ գտնուեցայ «Հայապահպանութեան կրթական առաքելութիւն» խորագրով hայ ուսուցիչներու համագումարին։ Կը փափաքէի մօտէն իմանալ, թէ հայրենիքէն շուրջ տասնչորս հազար քիլոմեթր հեռու, անգլիախօս եւ արագ ձուլման վտանգներ դիմագրաւող Աւստրալիոյ մէջ ի՞նչ վիճակի մէջ է հայ կրթական կեանքը, ի՞նչ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուին ուսուցիչները եւ ի՞նչ լուծումներ կը փորձեն գտնել գաղութի կրթական պատասխանատուները։

Համագումարը, որ տեղի ունեցաւ 18 Յուլիս 2026-ին, ՀԲԸՄ-ի Ալեքսանտր ամէնօրեայ վարժարանին մէջ, Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զելանտայի Հայոց թեմի Առաջնորդ գերշ. Տ. Վարդան եպս. Նաւասարդեանի նախաձեռնութեամբ, պետական կրթական ներկայացուցիչի մասնակցութեամբ, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու եւ ՀԲԸՄ-ի ատենապետին ներկայութեամբ:
Մասնակցած էին երկու ամէնօրեայ եւ ինը շաբաթօրեայ հայկական վարժարաններու շուրջ եօթանասուն ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ եւ անոնց տնօրէնները։ Ներկայ էր նաեւ Մելպուրնի «Ակինեան» ազգային վարժարանի պատուիրակութիւնը։
Արդէն մուտքէն իսկ կը զգացուէր, որ կազմակերպիչները ոչ մէկ մանրամասնութիւն անտեսած էին։ Ամէն մէկ մասնակիցին պատրաստուած էր յատուկ պայուսակ՝ համագումարի ծրագիրով, Առաջնորդ Սրբազանին ողջոյնի խօսքով, արժեւորման հարցաթերթիկով, նօթատետրով, գրիչով եւ մասնակցութեան վկայագիրով։ Անուններով պատրաստուած քարտերը, նիստերու կարգապահ կազմակերպումը եւ ամբողջ օրուան աշխատանքային մթնոլորտը կը վկայէին, որ կազմակերպիչ յանձնախումբը ամիսներու վրայ երկարող հերթական բազմաթիւ նախապատրաստական նիստեր գումարած են, որուն համար մեծապէս շնորհաւորելի են:

Օրուան ընթացքին հնչեցին բազմաթիւ ողջոյնի խօսքեր եւ զեկուցումներ։ Կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ բացման խօսքով հանդէս եկաւ տիկին Սեդա Քէօշկէրեանը: Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին պետական ներկայացուցիչ Քայ Լուն, Թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչ դոկտ. Ստեփան Գրգեաշարեանը, եւ հայ մշակութային միութիւններուն անունով՝ Զանի Նազարեան-Օգճեանը:
Ելոյթներ ունեցան Մանուկ Տէմիրճեան՝ տնօրէն ՀԲԸՄ Ալեքսանտր վարժարանի, «Հայ լեզուի ուսուցումը աւագ դասարաններուն մէջ» թեմայով, եւ Յարութիւն Մարաշլեան՝ «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան հարց» նիւթով:

Առաջին զեկոյցին նիւթն էր՝ «Հայագիտական առարկաներու նորարար ուսուցման ձեւերը. ինչպէ՞ս բարելաւել հայերէնի բանաւոր խօսքը», զեկուցող՝ դոկտ. Ալինա Մարաշլեան-Քէյվանեան (Մելպուրնէն):
Երկրորդ զեկոյցին նիւթը՝ «Հայապահպանութիւնը եւ աշխատանքը ծնողներու հետ». զեկուցեց Զեփիւռ Խպլիկեան, առցանց տարբերակով Հայաստանէն:
Բոլոր զեկոյցներուն հետեւեցան խմբային քննարկումներ, ուր ուսուցիչները՝ վեց խմբակներու բաժնուած, ազատօրէն փոխանակեցին փորձառութիւն, մտահոգութիւն եւ առաջարկներ։
Համագումարը չսահմանափակուեցաւ միայն տեսական քննարկումներով։ Երաժշտական դադարները, համատեղ երգեցողութիւնը եւ շարժողական վարժութիւնները աշխատանքային օրը վերածեցին նաեւ մարդկային ջերմ շփումներու, փոխադարձ ճանաչողութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտի։ Այդ մթնոլորտը, թերեւս, նոյնքան արժէքաւոր էր, որքան զեկուցումները, որովհետեւ երբեմն մարդիկ նախ իրար պէտք է ճանչնան, որպէսզի միասին կարենան գործել։

Սակայն, որպէս նախկին կրթական պատասխանատու, ինծի համար հետաքրքրականը միայն օրուան ծրագիրը չէր։ Աւելի կարեւոր էր հասկնալ, թէ այս ամբողջ նախաձեռնութիւնը ի՞նչ կը նշանակէր սփիւռքեան կրթութեան լայն պատկերին մէջ։ Արդեօ՞ք այս մէկը սովորական ժողով մըն էր, թէ՞ իսկապէս սկիզբ մը՝ աւելի մեծ շարժումի, որ կրնայ նոր շունչ հաղորդել հայ կրթական կեանքին։
Եթէ մէկ նախադասութեամբ պէտք ըլլայ բնութագրել այս համագումարը, պիտի ըսեմ, որ անիկա օգտակար եւ յուսադրող նախաձեռնութիւն մըն էր։
Աւստրալիան այն երկիրներէն է, ուր հայապահպանութեան աշխատանքը կրկնակի դժուար է։ Անգլերէնը կը տիրէ ընտանիքէն մինչեւ համալսարան, աշխարհագրական հեռաւորութիւնը բնական կապը կը նուազեցնէ հայրենիքին հետ, իսկ ձուլման վտանգը՝ ամէնօրեայ իրականութիւն է։ Այս պայմաններուն մէջ շուրջ եօթանասուն հայ ուսուցիչներու, երկու ամէնօրեայ եւ ինը շաբաթօրեայ վարժարաններու ներկայացուցիչներու մէկ յարկի տակ համախմբումը ինքնին փոքր յաղթանակ մը կը նշանակէ։

Այս պատճառով ալ, իմ գնահատականով, համագումարին առաջին արժանիքը ոչ թէ հնչած զեկուցումներն էին, այլ՝ համախմբելու կարողութիւնը։ Պետական ներկայացուցիչին ներկայութեամբ այս տարողութեամբ համագումարը մեծ բարենիշ մըն է ե՛ւ կազմակերպիչին ե՛ւ յատկապէս հայ համայնքին համար: Այս նախաձեռնութեան գլխաւոր արժանիքը, անշուշտ, կը պատկանի գերշ. Տ. Վարդան եպս. Նաւասարդեանին։ Ան, իմ տպաւորութեամբ, իր առջեւ անհասանելի նպատակներ չէր դրած։ Ընդհակառակը՝ փորձած էր նախ գնահատել հայ ուսուցիչը, ապա իրական պատկերը տեսնել, ուսուցիչները լսել, անոնց իրարու ծանօթացնել, վստահութեան մթնոլորտ ստեղծել եւ միայն անկէ ետք մտածել հետագայ գործնական քայլերուն մասին։ Ինչպէս որ սրբազանը արտայայտուեցաւ իր եզրափակիչ խօսքին մէջ՝ «արդեօք մենք պէտք ունի՞նք նոր ծրագրերու, նոր դասագիրքերու, նոր ուսուցիչներու, մեր ունեցած ուսուցիչներու վերապատրաստման, Հայաստանի հետ մեր կապերը զօրացնելու, թէ՞ սփիւռքեան այլ գաղութներու փորձառութենէն օգտուելու։ Ի՞նչի պէտք ունինք, որպէսզի ամէն տարի թէկուզ փոքր քայլերով յառաջ երթանք: ինչպէ՞ս հայերէնը դարձնել հայ մանուկին սիրելի լեզուն, ինչպէ՞ս բանաւոր խօսքը զարգացնել, ինչպէ՞ս ծնողները դարձնել կրթական առաքելութեան մասնակից եւ ոչ միայն դիտորդ»։
Անկեղծ կարծիքս այն է, որ այս համագումարը վերջնակէտ մը չէր, այլ՝ սկիզբ մը։ Կը համարձակիմ ըսել, որ գերաշնորհ Սրբազանը այստեղ չփորձեց լուծել տարիներու ընթացքին կուտակուած բոլոր խնդիրները։ Ան, աւելի շուտ, կրակին առաջին կայծը վառեց։ Իսկ կայծը, եթէ պահպանուի, կրնայ վաղը դառնալ լոյս եւ ջերմութիւն։
Այդ պատճառով ալ ես այս նախաձեռնութիւնը կը գնահատեմ ոչ այնքան իր մէկօրեայ արդիւնքներով, որքան այն հեռանկարով, որ կրնայ ստեղծել, եթէ շարունակականութիւն ունենայ։
Այս համագումարը ինծի մղեց նաեւ մտածելու սփիւռքեան կրթութեան ընդհանուր պատկերին մասին։ Անկեղծօրէն ըսեմ, չեմ յիշեր, որ մեր ապրած գաղութներուն մէջ, յատկապէս եկեղեցական առաջնորդութեան նախաձեռնութեամբ, այս տարողութեամբ եւ այսպիսի ներկայացուցչական մասնակցութեամբ հայ ուսուցիչներու համագումար կազմակերպուած ըլլայ։ Եթէ սխալիմ, սիրով պիտի ընդունիմ ուղղումը, սակայն յիշողութիւնս նման օրինակ մը չէ պահած։

Այո՛, տարիներ առաջ Հալէպի մէջ տեղի ունեցած էր խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն մասին հանգամանօրէն եւ անկաշկանդ գրիչով անդրադարձած էր մեր յօդուածագիր Լեւոն Շառոյեանը:
Բայց այդ մէկէն զատ, համասփիւռքեան իրականութեան մէջ նման նախաձեռնութիւններ հազուադէպ են։ Մինչդեռ կրթական մարտահրաւէրները ամէն տարի կը խորանան, դպրոցներ կը փակուին, հայերէնով լեցուն դասարաններ կը նօսրանան, իսկ երբեմնի հայկական կրթական օճախներուն մէջ օրըստօրէ կը շատնան օտար աշակերտները։
Համագումարին ընթացքին ուրախութեամբ նկատեցի նաեւ, որ Սիտնիի երկու ամէնօրեայ հայկական վարժարաններու տնօրէնները, բոլոր ուսուցիչները բնական մտերմութեամբ կը շփուէին, խօսուն տեսարաններով նիւթերը կը քննարկէին եւ փորձառութիւն կը փոխանակէին։
Սակայն, որքան ալ դրական ըլլայ ընդհանուր պատկերը, առողջ մտածողութիւնը կը պահանջէ նաեւ նկատել այն հարցերը, որոնք վաղը կրնան աւելի լուրջ մարտահրաւէրներ դառնալ։
Ուսուցչական կազմին տարիքային պատկերը։ Ներկաներուն ճնշող մեծամասնութիւնը նուիրեալ, փորձառու եւ երկարամեայ ուսուցչուհիներ էին, որոնց ծառայութիւնը անվիճելի արժէք է։ Բայց միեւնոյն ժամանակ ակներեւ էր, որ երիտասարդ սերունդի մասնակցութիւնը սահմանափակ էր։ Այս երեւոյթը միայն Աւստրալիոյ խնդիրը չէ. նոյն պատկերին ականատես եղած ենք Միջին Արեւելքի գաղութներուն մէջ եւս։ Երբ փորձառութիւնը չի միանար երիտասարդական նորարար մտածողութեան, կրթական համակարգը դժուար կը յարմարի նոր ժամանակներու պահանջներուն։
Սակայն այստեղ ալ հարցը միայն դիտարկումով չի լուծուիր։ Ո՞ւրկէ պիտի գան այդ երիտասարդ ուսուցիչները, երբ շատ դժուար է գտնել հայերէնին բաւարար տիրապետող երիտասարդներ, որոնք պատրաստ են ընտրելու ուսուցչական այս դժուար, բայց սրբազան ուղին։ Ահա այս է այն հիմնահարցերէն մէկը, որուն լուծումը պիտի պահանջէ երկարաժամկէտ մտածողութիւն, ծրագրաւորում եւ ներդրում։
Եզրափակենք, յատուկ գնահատանքի խօսք ուղղելով գերշ. Տ. Վարդան եպս. Նաւասարդեանին՝ իր հայրական հոգածութեան, հեռատես առաջնորդութեան եւ այս նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձնելու վճռակամութեան համար։ Նոյնքան երախտագիտութեան արժանի է կազմակերպիչ յանձնախումբը, որ ամիսներ շարունակ հետեւողական աշխատանքով կրցաւ համախմբել գաղութի կրթական ընտանիքը եւ արժանապատիւ կերպով կեանքի կոչել այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը։
Եւ հիմա կը վերադառնամ այն հարցումին, որ թերեւս շատերու մտքին մէջ ալ կը ծագի։
Արդեօք այս համագումարը պիտի դառնա՞յ համագործակցութեան ամրապնդման եւ նոր գաղափարներու ծնունդի սկիզբ։ Այստեղ հնչած առաջարկները գործնական քայլերու պիտի վերածուի՞ն։ Գերշ. Տ. Վարդան Սրբազանի նախաձեռնութիւնը պիտի շարունակուի՞, թէ՞, ինչպէս բազմաթիւ գեղեցիկ նախաձեռնութիւններ, ժամանակի ընթացքին պիտի մարի։
Իմ զգուշաւոր, սակայն յուսադրող պատասխանը հետեւեալն է.- Կը հաւատամ, որ այս նախաձեռնութիւնը սկիզբ մըն է։ Ոչ ոք մէկ օրուան մէջ կրնայ լուծել տարիներու ընթացքին կուտակուած խնդիրները։ Սակայն մեծ գործերը միշտ ալ առաջին համեստ քայլով կը սկսին։ Այս համագումարը այդ առաջին քայլն էր։
Ան վառեց կայծ մը։ Այժմ կարեւորը այդ կայծը պահպանելն է, որպէսզի վաղը ան վերածուի մնայուն լոյսի։

