Վարդան Պալեան Կ. Պոլսոյ մէջ թրքական բանակ կը մտնէ որպէս բժիշկ-դեղագործ: Անոր քաղաքական հայեացքներուն հակառակ երեւոյթներ շատ կը վրդովեցնեն զայն, ինչպէս Էնվերի եւ Թալաաթի մեծ ազդեցութիւնը կառավարութեան վրայ: Ընտանեկան պատճառներով ան Սեբաստիա կը վերադառնայ իր կնոջ՝ Մարոյի եւ զաւկին՝ Թովմասի մօտ:
Թուրքերուն եւ քիւրտերուն ձեռքով Սեբաստիոյ մէջ կատարուող անօրէնութիւններուն պատճառով Մարօ սաստիկ մտահոգ էր: Երբ ան իր մտատանջութիւնը ամուսնոյն կը յայտնէ, վերջինս կը հանդարտեցնէ զայն ըսելով, թէ տեղահանութեան որոշումը չի կիրարկուիր զինուորականներուն եւ անոնց ընտանիքներուն նկատմամբ:
Քաղաքին երեւելիները Սուրբ Մինաս եկեղեցին կը հաւաքուին քննելու համար կացութիւնը եւ տեղահանութեան սպառնալիքը: Ներկաներէն յեղափոխական Շիրակ Թեւոնեանը կողմնակից էր զինեալ պայքարի գաղափարին, սակայն ժողովականներուն մեծամասնութիւնը հակառակ էր: Երբ ժողովը վերջ կը գտնէ եւ պատարագը կը սկսի, ետեւի շարքերէն ազգային մը կը նկատէ, թէ թուրք ոստիկանները կը շրջապատեն եկեղեցին: Ոստիկանութիւնը իմացած էր, թէ զինեալներ կը գտնուէին եկեղեցիին մէջ: Իսկոյն ժողովուրդին մէջ իրարանցում տեղի կ՛ունենայ: Եկեղեցին գտնուողները արագ քայլերով դուրս կու գան: Ոստիկանութիւնը 15 հայ երիտասարդներ կը ձերբակալէ: Շիրակի մարդոց եւ ոստիկանութեան միջեւ հրացանաձգութիւն կը սկսի: Թուրքերը եկեղեցին կրակի կու տան եւ հայ դիմադրողները ստիպուած դուրս կու գան ու կը յանձնուին: Շիրակ Թեւոնեան վիրաւոր վիճակի մէջ կը ձերբակալուի: Տէր Խորէն քահանան եւ ուրիշ եկեղեցականներ եւս կը ձերբակալուին: Այս միջոցին Վարդան Պալեան աշխատանքով հիւանդանոց կը գտնուէր: Երբ ան դուրս կու գայ, իր ձին պահող թուրքը ատելութեամբ եւ խեղաթիւրումներով կը պատմէ անոր պատահածները: Վարդան դէպի տուն կ՛ուղղուի անցնելով թրքական թաղերէն, որու գրգռուած եւ ատելավառ ոգիով ամբոխը փողոց իջած էր:
Վարդան Պալեանի որդւոյն՝ Թովմասի կնքահայր Արմէնն ու տիկինը՝ Արաքսին տունը կ՛ըլլան երբ ան ներս կը մտնէ: Պալեանները կ՛որոշեն այդ գիշեր իսկ հեռանալ Սեբաստիայէն: Արմէնի եւ Արաքսիի մեկնումէն ետք, անոնք մեկնումի պատրաստութիւն կը տեսնեն: Վարդան յանկարծ պատուհանէն կը տեսնէ, թէ հրապարակը լուսաւորուած է եւ իրարանցում մը կայ: Ան կը գիտակցի, որ թուրքերը հայոց վրայ յարձակում մը պիտի գործեն: Վարդան ձին կը նստի եւ կը փութայ հրապարակ, ուր նահանջող զինուորներու կը հանդիպի: Օգտուելով իր սպայի հանգամանքէն, զինուորներուն կը հրամայէ խուժանը կանգնեցնել եւ կը յաջողի: Սակայն իրեն մօտիկ բարեկամ կարծուած գնդապետ Իպրահիմ Ալիզատէն հեծեալներով կը հասնի դէպքին վայրը եւ Վարդանը ձերբակալելով ոստիկանատուն կը տանի: Ոստիկանապետ Մուսթաֆա Հիլմի Վարդանի ձեռքերը կապել կու տայ եւ զայն բանտ կը նետէ, ուր ան կը հարցաքննուի:
Մարօն եւ կնքահայրը՝ Արմէն, Թովմասը զուիցերիական որբանոց կը դնեն: Մարօն իր մօր Ազնիւի, Արմէնի եւ Արաքսիի հետ կը տեղահանուի: Անոնք կը յաջողին Թովմասը իրենց հետ առնել: Բռնագաղթի ճամբուն վրայ Արմէնն ու Արաքսին կը նահատակուին: Ընթացքին թուրքերը հայ գաղթականները քարայրի մը մէջ կը թխմեն: Մարոյի մայրը՝ Ազնիւ շատ հիւանդ էր: Մարօ ոստիկանապետին դիմելու գաղափարը կը յղանայ: Ան կը տեսակցի Ռիզա պէյի հետ, որ Վարդանը կը ճանչնար եւ աչք ունէր Մարոյի վրայ: Քարանձաւին մէջ Ազնիւ կը մահանայ: Ռիզա պէյ Մարօն եւ Թովմասը իր պաշտպանութեան տակ կ՛առնէ:
Վարդան Պալեան բարեկամ զինուորականներու միջնորդութեամբ կախաղանէ կ՛ազատի եւ բանտէն կ՛արձակուի: Երկար փնտռտուքներէ ետք, ան Մարօն եւ Թովմասը կը գտնէ ու զինադադարէն ետք անոնք Ա.Մ.Ն. կը մեկնին, նոր կեանք մը սկսելով:
Հեղինակները իրական կեանքէ առնուած արժէքաւոր վկայութիւն մը վիպագրած են, որ գրուած է յստակ ու հաղորդական ոճով եւ միեւնոյն ժամանակ մեզի կը հայթայթէ պատմավաւերագրական հազուագիւտ ու մանրամասն տուեալներ: Հոն կը գտնենք սէր, ատելութիւն, վրէժ, զինեալ պայքար, նահատակութիւն, պատերազմ, խաղաղութիւն եւ, վերջապէս, վերապրում ու կեանք: Արժէքաւոր գործ մըն է այս գիրքը:
(Վերջ)

