Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

TRIPP-ը Ընթացքի Մէջ Է, Իսկ Հայաստանի Ինքնիշխանութիւնը՝ Պաշտպանուած

Գրիգոր Խոտանեան - «Մասիս»

July 18, 2026
in Յօդուածներ
0
TRIPP-ը Ընթացքի Մէջ Է, Իսկ Հայաստանի Ինքնիշխանութիւնը՝ Պաշտպանուած

2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք Ատրպէյճան կը պահանջէր, որ ռուսական կողմի միջնորդութեամբ ստորագրուած եռակողմ համաձայնութեան հիման վրայ իրեն տրուի Հայաստանի Սիւնիքի մարզով անխափան միջանցք, զայն կոչելով «Զանգեզուրի միջանցք»՝ կապելու համար իր բուն տարածքը ինքնավար Նախիջեւանին հետ։ Ատրպէյճանի տեսակէտին կը սատարէր նաեւ Մոսկուան, յայտարարելով թէ այդ միջանցքին հսկողութիւնը պէտք է վստահուի ռուսական զօրքերուն։

Երեւան առաջին օրէն կը մերժէր այդ մօտեցումը ու կը յայտարարէր, որ «Զանգեզուրի միջանցք» հասկացողութիւն գոյութիւն չունի, իսկ նման ծրագիր կարմիր գիծ է Հայաստանի համար։

Հայաստանի քաղաքական դաշտին ծանօթ շրջանակները մէկ կողմէ աղմուկ կը բարձրացնէին, որ իշխանութիւնները կը պատրաստուէին հերթական զիջումը կատարելու եւ Սիւնիքի մարզը յանձնելու Ատրպէյճանին, իսկ միւս կողմէ համաձայն էին, որ ճանապարհի հսկողութիւնը յանձնուի Ռուսաստանին։ Սակայն, իշխանութիւնները մինչեւ վերջ մնացին իրենց այն պնդումին վրայ, որ պատրաստ չեն երկրին ինքնիշխանութիւնը զիջելու որեւէ երկրորդ կամ երրորդ կողմի։

Այս հարցին շուրջ վէճը շարունակուեցաւ մինչեւ 2025 թուականի Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած «Խաղաղութեան Գագաթաժողովը», որուն մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Այդ ժողովի ընթացքին է որ նախաստորագրուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնագիրը եւ ծնունդ առաւ «Թրամփի Միջազգային Խաղաղութեան եւ Բարգաւաճման Ճանապարհի»՝ TRIPP ծրագիրը, որ ցամաքային կապ պիտի ապահովէ դէպի Նախիջեւան, սակայն  երթուղին պիտի մնայ Հայաստանի ամբողջական ինքնիշխանութեան ներքեւ եւ որեւէ ձեւով պիտի չփոխանցուի Ատրպէյճանի կամ Ռուսաստանի վերահսկողութեան։

Այս ծրագիրը ունի նաեւ տնտեսական բաղադրիչ, որուն հիման վրայ պիտի բացուին տարածաշրջանային առեւտրական ուղիները՝ նպաստելու համար Հայաստանի տնտեսական զարգացման, աճեցնելով առեւտուրը Հարաւային Կովկասի մէջ, ստեղծելով տարանցիկ եկամուտներ եւ ներդրումներ ու ընդլայնելով Հայաստանի մուտքը տարածաշրջանային շուկաներ։ Այս նպատակով հիմնուեցաւ Հայ-Ամերիկեան համատեղ ընկերութիւն՝ ներդրումներ կատարելու եւ ծրագիրը գործադրութեան դնելու համար։

Բնականաբար կան խոչընդոտներ, որոնք կրնան դանդաղեցնել ծրագրին իրագործումը։ Ռուսաստան կը մերժէ հայկական երկաթուղիները վաճառել մէկ այլ երկրի, որպէսզի երթուղիներու այդ կարեւոր օղակը, որ մինչեւ օրս մատնուած է անտեսումի ու անգործութեան, վերանորոգուի ու սկսի գործել ընդհանուր ծրագրի ծիրէն ներս։ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը եւս ունի իր մտահոգութիւններր՝ կապուած իր սահմանին մօտ ամերիկեան ներկայութեան հետ։ Երեւան կը փորձէ այս երկու հարցերը լուծել բանակցութիւններու միջոցաւ։

Ռուսաստանի հետ կապուած, օրերս Հայաստանի արտաքին գործերու փոխնախարարը յայտնեց, որ Սիւնիքի մարզով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող TRIPP-ը պիտի գործէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան՝ ԵԱՏՄ-ի տարանցման կանոնակարգերուն համապատասխան: Այս յայտարարութիւնը անակնկալ թուեցաւ, մանաւանդ այս փուլին, երբ ԵԱՏՄ-ի  հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները կը բոլորեն բարդ շրջան մը, իսկ TRIPP-ին մաս է նաեւ Միացեալ Նահանգները։ «Ազատութիւն Ռատիոն» այս մասին հարցում ուղարկած է Պետական Բաժանմունք, ուրկէ ստացած է շատ յստակ պատասխան. «TRIPP-ը կը պահպանէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ իրաւազօրութիւնը: Սահմանային անվտանգութեան եւ մաքսային բոլոր գործառոյթները կը մնան Հայաստանի վերահսկողութեան ներքոյ, Հայաստանի իշխանութիւնները կ’իրականացնեն վերահսկողութիւնը ու կը կայացնեն առանցքային որոշումները»:

Ներքին քննադատները իրենց յոյսը դրած են TRIPP-ի ծրագրի ձախողման վրայ ու կը շարունակեն պնդել, որ Ատրպէյճանը հասած է իր նպատակին ու ստացած է իր պահանջած «միջանցքը»։ Սակայն, իրականութիւնը այն է, որ ամերիկեան մասնագիտական խումբերը հերթաբար կ’այցելեն Հայաստան նախապատրաստական աշխատանքներ իրագործելու համար։ Այդ խումբերէն վերջինը ամերիկեան ճարտարագիտական խումբի այցն էր, որ եկած էր ուղիին տեղանքը ստուգելու համար։ Իսկ երկրորդ մեղադրանքի պատասխանը բազմիցս շեշտուած է հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ ու այժմ  կու գայ վերահաստատուելու ամերիկեան կողմէն։

Այսպիսով պարզ կը դառնայ, որ, հակառակ բոլոր յոռետեսական պնդումներուն, TRIPP-ի ծրագիրը ընթացքի մէջ է ու հայկական կողմը միակ որոշում կայացնողն է՝ քաղաքական ու տնտեսական  հարցերուն մէջ, ու իրեն վերապահուած է երրորդ երկիրներու հետ բոլոր գործառոյթներու դասաւորումը ի շահ Հայաստանի տնտեսական զարգացման ու ապագային։

Share61Tweet38
Previous Post

Ի՞նչ Կը Հետապնդուի Եւ Որո՞ւ Ջաղացքին Ջուր Կը Հոսեցուի

Next Post

Հ.Մ.Մ. Ակադեմիայի Եռօրեայ Մարզական Հաւաքը

Next Post
Հ.Մ.Մ. Ակադեմիայի Եռօրեայ Մարզական Հաւաքը

Հ.Մ.Մ. Ակադեմիայի Եռօրեայ Մարզական Հաւաքը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.