Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Մեծարենց Եւ Պրէտպըրի Երկու Հոգեղբայր

Անի Թորանեան (Երեւան)

July 16, 2026
in Յօդուածներ
0
Մեծարենց Եւ Պրէտպըրի  Երկու Հոգեղբայր

Քնարական արձակ։ Հաւատա՛, սիրելի ընթերցող, զարմանալ պէտք չէ, այդպիսի արձակ, իրապէս կայ։ Փորձեցէք կարդալ Ռէյ Պրէտպըրիի «Ապրիլի կախարդը» պատմուածքը եւ կը համոզուիք։

Ասիկա այն պատմուածքներէն է, որուն ընթերցումը աւարտելէ ետք ակամայ երկա՜ր լռութիւն կը պահպանես …

Հեղինակը իր պատմուածքին մէջ հնարքի մը դիմած է, որ երեւութապէս կը թուի շատ պարզ, բայց գրեթէ կախարդական է։ Ան իր վառ երեւակայութիւնը կը գործածէ մարդկային զգացողութիւնները տեսանելի դարձնելու համար։ Պատմուածքին կեդրոնը կախարդանքը չէ, այլ՝ ապրելու, սիրելու եւ թէկուզ մէկ գարնանային գիշեր մարդ ըլլալու կարօտը։

Պրէտպըրիի արձակը յաճախ իւրօրինակ բանաստեղծութիւն է՝ քօղարկուած պատմուածքի պատմուճանով։ Ան չի ծանրաբեռներ նախադասութիւնները, բայց անոնց կշռոյթը, պատկերները, օդը… Կը թուի թէ ամէն ինչ թեթեւ է, թրթռուն ու եթերային, եւ կարդալէ յետոյ միայն կը հասկնաս, թէ ներսդ կարեւոր բան մը կը փոխուի։

Քնարական արձակը, որ հազուադէպ է գրականութեան մէջ, սովորաբար ոչ թէ պատում է, այլ՝ տրամադրութիւն։ «Ապրիլի կախարդը» նուրբ պատմուածքին մէջ գարնանային հովը, ծառերը, լուսինը, մարդոց ձայները, այս բոլորը կը  վերածուին կերպարներու՝ գործող անձերու։

Հետաքրքրական փաստ է, որ քնարականութիւնը բնաւ չէ վախցուցած Պրէտպըրին։ Մինչդեռ ժամանակակից շատ հեղինակներ կան, որոնք կը խուսափին բացայայտ քնքշութենէ, հաւանաբար խորհելով, որ կ’արժանանան ընթերցողի հեգնանքին։

Իսկ Պրէտպըրի այնպէս կը գրէ, կարծես կը հաւատայ (իրապէ՛ս կը հաւատայ), որ գեղեցկութիւնը կրնայ փրկել երեկոյ մը, յիշողութիւն մը, նոյնիսկ կեանք մը…։

Շատեր Պրէտպըրին պէտք է յիշեն իր «Fahrenheit 451»-ով կամ «The Martian Chronicles»-ով, բայց ինծի կը թուի, թէ անոր մեծութիւնը պէտք է փնտռել իր կարճ պատմուածքներուն մէջ։ Հոն ընդամէնը մէկ քանի էջերու մէջ ան այնպիսի զգացողութիւն կը փոխանցէ, որ շատ վէպեր չեն յաջողիր իրենց հարիւրաւոր էջերով։

Անոր «Խատուտիկի գինին», որ այնքան հարազատօրէն բեմականացուց ու բեմադրեց տաղանդաշատ Նարինէ Գրիգորեան, սոսկ վէպ չէ, այլ՝ յիշողութեան երաժշտութիւն։ Այն գիրքերէն է, որոնց էջերը կը կարդաս, մտածելով թէ ոչ մէկ առանձնայատուկ բան տեղի կ’ունենայ հոն, բայց աւարտելէ ետք կը հասկնաս, որ ամբողջական ամառ մը ապրած Պրէտպըրի չի փորձեր «մեծ գաղափարներ» պարտադրել իր ընթերցողին։ Ան կը գրէ խատուտիկի հոտի, տաք մայթի, գիշերային շոգեկառքի սուլոցի, նոր կօշիկներուն առթած երջանկութեան մասին, եւ յանկարծ կը հասկնաս, որ կեանքը այդ մանրուքներն են։ Ան կարողութիւնը ունի ընթացիկ պահերը վերածելու առասպել-տօնի։

Ռէյ Պրէտպըրի կարդալ ու սիրել չի նշանակեր զայն ընտրել Տանթէի, Սերվանթէսի կամ Տոսթոեւսքիի փոխարէն։ Մեծերը տարբեր լեզուներով կը խօսին մարդու հոգիին մասին։

Տանթէ մեզի կը հասցնէ մինչեւ մարդու բարոյական տիեզերքը։ Սերվանթէս կը յուշէ, որ իտէալապաշտութիւնը թերեւս երբեմն ծիծաղելի թուի, բայց աշխարհը առանց ատոր պարզապէս կ’աղքատանայ։ Տոսթոեւսքի կ’իջնէ մարդու գիտակցութեան խորունկ խորխորատները, իսկ Պրէտպըրի կը  յիշեցնէ այն, ինչ յաճախ կը մոռնանք՝ աշխարհը հրաշալի է այն պատճառով, որ կայ՝ գոյութիւն ունի։

Լաւ գրականութիւնը, ըստ իս, չի ճանչնար ժանր, որ երբեմն կրնայ վէպ ըլլալ, երբեմն՝ դիւցազնավէպ, պատմուածք, երեւակայական կամ նոյնիսկ մանկական պատում։ Հարցը ոչ թէ ձեւի մէջ  է, այլ այն, թէ արդեօ՞ք գիրքը կը փոխէ ընթերցողը։ Կան գիրքեր, որոնք կը կարդանք եւ յաջորդ շաբաթն իսկ հազիւ կը յիշենք անոր մանրամասները։ Կան նաեւ գիրքեր, որոնք մեզի հետ կը մնան ամբողջ կեանքի ընթաքցքին, իրենց  ներգործութիւնը տարածելով մեր մտածելակերպին, մեր լեզուին վրայ։

Ըստ իս, մեծ գրականութիւնը պէտք է թափանցէ ընթերցողի հոգիէն ներս ու վերափոխէ զայն։ Ընթերցանութիւնը, ի վերջոյ, հոգիի շնչառութիւն է։

Շատ լաւ ցուցանիշ է «վերընթերցելու» ցանկութիւնը։ Այդ կը նշանակէ, թէ հեղինակը ինքզինք չէ սպառած առաջին ընթերցումով․ բան մը կայ, որ կը դիմադրէ, քիչ-քիչ կը բացուի, կամ յուզական արձագանգ կ’առաջացնէ, եւ այդ բոլորը չեն տեղաւորուիր մէկ ընթերցումի մէջ։

Ռէյ Պրէտպըրի այն հեղինակներէն է, որուն գրականութեան կարելի է «վերադառնալ» ոչ թէ պատումի, այլ զգացողութեան համար։ Անոր ստեղծած մթնոլորտը տեսակ մը ներքին մեղեդի է։ Եւ այդ է պատճառը, որ ամէն տարիքի կարելի է վերադառնալ իր  պատմուածքներուն, վստահ ըլլալով, որ ամէն անգամ նոր շերտ մը ի յայտ կը բերես…

Իրականութեան մէջ, «Ապրիլի կախարդը» պատմուածքին եւ «Խատուտիկի գինի» վէպին կախարդանքը կարելիութիւն է ըլլալ այն, ինչ որ… չես կրնար ըլլալ։ Եւ ճիշդ հոս է Պրէտպըրիին նուրբ ցաւը՝ երեւակայութեան ազատութիւնը, որ միշտ կը բախի իրականութեան սահմանին։

Հիմա կ’ուզեմ յայտնել բան մը, որ գլուխ ցցած է ներաշխարհիս մէջ, եւ չբաժնեկցիլ ընթերղողիս հետ, պարզապէս չեմ կրնար։

Չզարմանաք, եթէ համարձակիմ բաղդատել Պրէտպըրիի արձակը եւ Մեծարենցի քերթողութիւնը…

Անոնք, ճիշդ է, «կը խօսին» տարբեր լեզուներով, տարբեր ոճերով, տարբեր աշխարհներէ, տարբեր ժամանակներու ընդմէջէն, բայց կու գան նոյն «զգայական տարածութենէն»․ ոչ թէ գաղափարներու, այլ՝ մթնոլորտի, լոյսի, օդի, անցողիկ գեղեցկութեան լեզուով։

«Ապրիլի կախարդը»-ին թովչանքը այն է, որ իրականութիւնը պահ մը կը դառնայ թեթեւ ու անիրական։ Ամէն ինչ՝ գարունը, շարժումը, նոյնիսկ ցանկութիւնը, կը թուի թէ կրնային այլ ըլլալ։ Բայց այդ կարելիութեան մէջ նաեւ մեղմ ցաւ մը կայ․ գեղեցիկը միշտ ալ քիչ մը… անհասանելի է։

Նոյն զգացողութիւնն է երբ Մեծարենց կը կարդաս, յատկապէս այն նուրբ բնապատկերները, ուր բնութիւնը ոչ թէ կը նկարագրուի, այլ… կը շնչուի։ Անոր պատկերներուն մէջ ալ տեսակ մը  «կէս-երազ» վիճակ կայ, երբ իրականը կը վերածուի երաժշտութեան։

Եթէ փորձենք շատ կարճ ձեւակերպել այս կապը, Պրէտպըրին կը գրէ այն մասին, թէ իրականութիւնը ինչպէս կը դառնայ երազ, մինչ Մեծարենց կը գրէ այն մասին, թէ երազը ինչպէս կ’ապրի իրականութեան մէջ։

Երկուքին մօտ ալ կոպիտ սահմանը բացակայ է։ Կայ անցումային տարածք՝ «գարնանային» վիճակ, ուր մարդը մասամբ դուրս է ժամանակէն։

«Լուսնի լոյսը ծառերէն ծաղիկի պէս էր կախուէր…»:

Սա ոչ թէ նկարագրութիւն, այլ վիճակ է… Սա է մեծարենցեան հիմնական ուժը. անոր բնութիւնը չի «ներկայացուիր», այլ կը դառնայ ներքին զգացողութեան շարունակութիւն։ Լոյսը, ծառը, հովը, կարծես բոլորը կը կորսնցնեն իրենց նիւթականութիւնը եւ կը դառնան զգացմունք։

Ասիկա պատկերային այն մտածողութիւնն է, որ կը շաղկապէ իրարմէ այնքան տարբեր երկու տաղանդաւոր հեղինակները։ Երկուքին լուսինը կամ գարունը պարզապէս ետնապատկեր չեն, այլ ընթերցողին վրայ կ’ազդեն եւ տրամադրութիւնը կը վերածեն կերպարի։

Ինծի համար Մեծարենց եւ Պրէտպըրի հոգեղբայրներ են։

Անոնք երկու տարբեր աշխարհներ են, բայց երկուքի աշխարհներու հիմքին մէջ նոյն բանը կը տեսնենք՝ ժամանակի եւ գեղեցկութեան զգայնութիւնը։

Մեծարենցի բանաստեղծութեան մէջ աշխարհը միշտ «շնչող ներկայ» է․բնութիւնը կ’ապրի հիմա, բայց այդ «հիմա»-ին մէջ արդէն կայ անցողիկութիւնը։ Անոր լոյսը ոչ թէ չէզոք, այլ թախծոտ է, որովհետեւ գիտակցուած է՝ կ’անցնի…

Նոյնն է Պրէտպըրի։ Անոր գարունները եւ ամառները միշտ «լարման գերագոյն կէտի պահեր» են. ներկայ, որ կը սկսի ցաւցնել, քանի որ… անցողիկ է։

Երկուքին «գեղեցկութիւնները» այնքան իրական են, որ այդ իրականութեամբ ալ կը դառնան անցողիկութեան յիշեցում։

Մեծարենց՝ խտացուած, երաժշտական, ներսդիէն պայթող պատկերներով։

Պրէտպըրի՝ պատմողական, ֆիլմարուեստին յատուկ, բայց քերթողական կշռոյթով։

Երկուքն ալ աշխարհը կ’ապրին որպէս զգացմունքային լոյս։

Երկուքն ալ գիտեն, որ գեղեցկութիւնը անցողիկ է։

Երկուքն ալ իրականութեան նիւթը կը վերածեն զգացողութեան։

Վերյիշենք Մեծարենցի «Աքասիաներու շուքին տակ» չքնաղ քերթուածը։

Ծաղիկներէն յուշիկ թերթեր կը թափէ
Բուրումներով օծուն հովիկն իրիկուան,
Հոգիներուն կ’իջնէ երազ մը բուրեան,
Ի՜նչ հեշտին է մըթնշաղն այս սատափէ։

Աքասիաներ, գինով լոյսէ ու տապէ,
Օրօրուելով մաքուր շունչ մը կը հեւան.
Մինչ կը ձիւնէ ծաղիկն իրենց հոտեւան՝
Զոր խօլաբար հովը գրկել կը շտապէ։

 

Հոս աշխարհի բոլոր զգայարանները կը խառնուին իրար։ Գոյնը հոտ կը դառնայ, հոտը՝ շարժում, շարժումը՝ երաժշտութիւն։ Գրականագիտութեան մէջ սա կը կոչուի synesthesia (զգայարաններու փոխներթափանցում), բայց այդ եզրը կարելի է աղքատ սեպել այն կախարդանքին դիմաց, որ ստեղծած է Մեծարենց։

 

Որքա՜ն յուզական են այս տողերը՝

 

«Մինչ կը ձիւնէ ծաղիկն իրենց հոտեւան՝
Զոր խօլաբար հովը գրկել կը շտապէ»։

Բայց նոյնն է Պրէտպըրիի աշխարհը։ Հոն ծաղիկները ձիւնի պէս կը թափին, իսկ հովը կը շտապէ զանոնք գրկել։ Հովը հոն ոչ թէ օդի շարժում, այլ կերպար է, սիրող է, չ’ուզեր ուշանալ։

Այսպիսի մարդակերպ բնութիւն ունի Պրէտպըրի։ Անոր ծառերը, ամառները, լուսինները, հովերը սոսկական բնապատկերներ չեն, այլ մարդոց հետ կ’ապրին նոյն զգացմունքային տիեզերքին մէջ։

Կայ սակայն նրբին տարբերութիւն մը։ Մեծարենցեան երաժշտականութիւնը, որքան ալ լուսաւոր, կարծես կը գիտակցի, որ գեղեցկութիւնը փխրուն է։ Անոր բառերուն մէջ երջանկութիւնը թախիծի ստուեր ունի։

Պրէտպըրի, յատկապէս երիտասարդութեան մասին գրած իր պատումներուն մէջ, վերջին վայրկեանին կարծես ըսել կ’ուզէ՝ «Այո՛, ամէն ինչ կ’անցնի, բայց մինչ այդ, տեսէք, թէ որքան հրաշալի է»։

Մեծարենց կը լսէ ծաղկի թերթին իյնալու ձայնը։ Պրէտպըրի՝ թերթին թռիչքը։

Երկուքն ալ կը նային նոյն թերթին։ Գուցէ անոնց հոգեղբայրութիւնը ոչ այնքան պատկերներու մէջ է, որքան աշխարհի նկատմամբ ունեցած երախտագիտութեան։

«Հոգեղբայր» բառը շատ գեղեցիկ հասկացութիւն է, որ մեզ կ’ազատէ ազդեցութիւններու, աղբիւրներու, ժամանակագրութեան կապանքներէն եւ կ’արտօնէ խօսիլ այն մասին, որ աշխարհի տարբեր կողմերուն, տարբեր լեզուներով, երկու արուեստագէտ նոյն լոյսը կրնան տեսնել…

Share62Tweet39
Previous Post

Ալիսիա Կիրակոսեանի Գրականութիւնը

Next Post

Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան ICMA-ի Եզրափակիչ Հասած Է

Next Post
Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան ICMA-ի Եզրափակիչ Հասած Է

Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան ICMA-ի Եզրափակիչ Հասած Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.