Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«Ծաղիկով Աղջնակ Մը» (Լռութեան մէջ հնչող խաղաղութեան պատգամ մը)

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան (Ժընեւ)

July 7, 2026
in Յօդուածներ
0
«Ծաղիկով Աղջնակ Մը» (Լռութեան մէջ հնչող խաղաղութեան պատգամ մը)

Աւելի քան երեսուն տարի է, որ կ’ապրիմ Ժընեւ ու կը բնակիմ Սէն-Ժան (Saint-Jean) զբօսայգիին մօտակայքը։ Երկու զաւակներս յաճախած են զբօ­սայգիին յարակից Seujet դպրոցը։ Բազ­միցս անցած եմ այս զբօսայգիէն՝ աշ­խատանքի երթալու ճանապարհին, յա­ճախ գտնուած եմ այնտեղ՝ ճեմելու կամ պարզապէս խաղաղ պահ մը անցընելու համար, նաեւ պատեհ առիթներով նստած եմ անոր նստարաններէն մէ­կուն կամ միւսին վրայ՝ բարեկամներու հետ հաճելի զրոյց ունենալու կամ շրջապատին անդորրը վայելելու նպատակով։

Տարիներու ընթացքին այս վայրը ինծի հոգեհարազատ դարձած է։ Կը ճանչնամ անոր ճեմուղիները, դարաւոր ծա­ռերը, եւ նոյնիսկ գարնանամուտին շքեղ գոյներով ծաղկող բուրաստանները։ Ամէն անգամ երբ դիտեմ այդ երփ­ներանգ ծաղկամարգերը, սիրտս վա­րարուն ուրախութիւն մը կ’ապրի, ու կը յիշեմ անգլիացի մեծանուն բանաստեծ Ուիլիըմ Պլէյքի (1757–1827) «Անմեղու­թեան կանխանշաններ» բանաստեղ­ծութեան առաջին քառատողը, որ կ’ըսէ.

«Տեսնել աշխարհը աւազի հատիկի մը մէջ,

Իսկ երկինքը՝ վայրի ծաղիկի մը մէջ:

Ափիդ մէջ առնել անծիրն անհուն,

Իսկ յաւերժութիւնը՝ ակնթարթի մը մէջ»:

Զբօսայգիին մէջ քանի մը արձաններ կան։ Անոնցմէ ոմանք բարձր պատուանդաններու վրայ կանգնած են եւ կը յիշեցնեն Ժընեւ քաղաքի այն նշանաւոր անձնաւորութիւնները, որոնք մեծ ծառայութիւն մատուցած են քաղաքին։ Ուրիշներ, սակայն, գրեթէ աննկատ կերպով միաձուլուած են բնութեան հետ։

Կեանքի մէջ կան երեւոյթներ, որոնց կողքով ամէն օր կ’անցնինք, կը տեսնենք զանոնք առանց իսկապէս տեսնելու, կամ աւելի ճիշդ՝ ընկալելու։ Անոնք այնքան սովորական մասը կը կազմեն մեր առօրեային, որ մեր հայեացքին համար իսկութեան մէջ կը դառնան անտեսանելի։ Թէ ինչո՞ւ է այդպէս, դժուար է ըսել։ Թերեւս պէտք է գայ ճիշդ այն յատուկ պահը, երբ այնքան ծանօթը յանկարծ կը թուի օտար, մինչ այդ լուռ մնացածը, մեր ընկալումի եւ ուշադրութեան լուսանցքին մէջ նետուածը կը սկսի խօսիլ մեզի հետ։ Արդարեւ կան բաներ, որոնք մեզի չեն յայտնուիր այն պահուն, երբ անոնց կը հան­դիպինք, այլ միայն այն ատեն, երբ մեր ներաշխարհով պատրաստ կ’ըլլանք զանոնք իսկապէս տեսնելու եւ ընկալելու։

«Ծաղիկով աղջնակ մը» (Fillette à la fleur, 1970) — Ուրսուլա Մալպինի պղնձաձոյլ քանդակը. Սէն-Ժան զբօսայգի, Ժընեւ

Այդպէս պատահեցաւ այն արձանին հետ, որ չի գտնուիր զբօսայգիին կեդրոնական մասը, այլ անոր հարաւարեւելեան կողմը, շատ մօտ Promenade des Lavandières-ին եւ Pont de la Coulouvrenière-ին։ Այդտեղէն գեղեցիկ տեսարան մը կը բացուի դէպի Ռոն գետը եւ պատմական Bâtiment des Forces Motrices շէնքը։ Եթէ զբօսայգիի կեդրոնական մասէն դէպի Seujet դպրոցը ուղղուինք, ճեմուղիներէն մէկը մեղմօրէն վար կ’իջնէ Ռոն գետի ուղղութեամբ։

Այդ պրոնզաձոյլ արձանը, որուն մասին կը խօսիմ, զետեղուած չէ բարձր պատուանդանի մը, այլ ցած քարայատակի մը վրայ՝ ուղիղ ճամբուն քով։ Այդ պատճառով ալ գրեթէ աչքերու հարթութեան վրայ կը հանդիպի անցորդին, որ թերեւս կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ շատերը աննկատ կ’անցնին անոր քովէն։ Ան չի պարտադրեր իր ներկայութիւնը․ ան կը սպասէ, որ յայտնաբերեն զինք։

Այդպէս ալ եղաւ այդ Կիրակի առաւօտեան։ Թէ ինչո՞ւ եւ մանաւանդ այդ օր կանգ առի անոր առջեւ՝ դժուար է ըսել։ Մոգական պահ մը կարծէք մագնիսացուց զիս՝ ստիպելով բանալու տեսողութեանս վարագոյրը եւ ընկալելու այն, որ տարիներէ ի վեր ինծի կը թուէր, թէ կը տեսնէի…: Զբօսայգին նոյնն էր, նոյնն էին նաեւ ճեմուղիները, այդտեղ տեղադրուած արձաննները, բայց այս անգամ նոյն աչքերով չէի նայեր անոնց, յատկապէս ամենաաննշան թուող այն արձանին, որ այդ պահուն ուղղակի հմայած էր զիս:

Առանց շտապելու սկսայ դիտել զայն բովանդակ ուշադրութեամբ եւ ներքին ակնածանքով։ Որքան աւելի երկար կը նայէի, այնքան աւելի կը զգայի, թէ ան պարզ արձան մը չէր, այլ ներկայութիւն մը, որ իր լռութեան մէջ շատ ըսելիք ունէր: Կարծէք այդ բոլոր տարիներուն ան համբերութեամբ կը սպասէր, որ վերջապէս կանգ առնեմ ու հանդի­պիմ իրեն։

Արձանը ստեղծագործութիւնն է քանդակագործ Ուրսուլա Մալպինի (Ursula Malbin), որուն ան տուած է «Ծաղիկով աղջնակ մը» (Fillette à la fleur) անունը։ Քանդակը ստեղծուած է 1970 թուականին։ Անոր բարձրութիւնը մօտաւորապէս 106 սմ է եւ կը պատկանի Ժընեւ քաղաքի ժամանակակից արուեստի հաւաքածոյին։ Նշուած թուականէն իվեր ան կը գտնուի այս զբօսայգիին մէջ՝ դառնալով այդ վայրին լուռ եւ անբա­ժանելի ներկայութիւններէն մէկը, որ չի մաշիր ժամանակին հետ, այլ իր շուրջբոլորը գտնուող հաստաբուն ծառերուն հետ ինք ալ տարուէ-տարի աւելի խոր կ’արմատա­ւորուի զբօսայգիին տարածութեան մէջ:

Տարիները անդարձ անցած են․ մարդիկ հերթով եկած են ու գացած, եղանակները՝ մերթ խստաշունչ, մերթ խաղաղ, զիրար յաջորդելով՝ փոխուած են անկասելի հոսանքով։ Բայց ան մնացած է նոյնը՝ խաղաղ լռութեան մէջ դիտելով աշխարհը, առանց դա­տելու եւ առանց խօսելու։ Թերեւս այդ լռութեան մէջ է անոր իսկական ներկայութիւնը՝ ոչ իբրեւ պարզ առարկայ, այլ որպէս կենդանի յիշողութիւն մը, որ քարի եւ պղինձի մէջ կը շարունակէ շնչել՝ պահելով մարդկային իրականութեան մէկ նուրբ երեսը, մէկ ակնթարթային պարագիծը, որ չի կորսուիր ժամանակի հոսքին մէջ, այլ ստոյգ կը դառ­նայ անոր անբաժանելի մէկ մասը։

Հմայուած կը դիտէի արձանը ու ինքնաբերաբար հարց կու տայի. ո՞վ է այս փոքրիկ աղջնակը։ Ինչո՞ւ մէկ ձեռքով կը բարձրացնէ ծաղիկ մը, իսկ միւս ձեռքին՝ տիկնիկ մը։ Ի՞նչ պատմութիւն կ’ուզէ պատմել ան մեզի, մանաւանդ այսօր, երբ աշխարհը այնքան շատ ցաւի, բռնութեան եւ պատերազմներու մէջ կը գտնուի։

Այդ պահուն յանկարծ մտքովս անցաւ հայրենի մեծանուն գրող Նայիրի Զարեանի յետպատերազմեան տարիներուն գրած այն յուզիչ բանաստեղծութիւնը՝ «Խաղաղութեան աղաւնին» խորագրով, որ ի տղայի տիոց սորված էի։ Բանաստեղծը այնտեղ պատկե­րաւոր ու կենդանի գիծերով կը ներկայացնէ 1949 թուականին Փրակայի մէջ գումար­ուած խաղաղութեան մեծ համաժողովը․ հանդիսաւոր դահլիճ մը, ուր հաւաքուած են աշխարհի զանազան երկիրներէն եկած քաղաքական գործիչներ, բարձրաստիճան զին­ուորականներ, բազմաթիւ մտաւորականներ ու գրողներ։ Եւ ահա, նիստերէն մէկուն ընթացքին, բեմ կը բարձրանայ վեցամեայ աղջնակ մը՝ իր կուրծքին ամուր սեղմած ճեր­մակ տիկնիկ մը։ Անոր աչքերուն մէջ նկատելի էր մահաբեր պատերազմին պատճառած վախն ու կորուստի ցաւը։ Ուստի, դիմելով Խորհրդային Միութեան հերոս զօրահրա­մանատար Ֆեոտորովի՝ ան մանկական պարզ, բայց ճշմարտութիւն դրսեւորող ձայնով կըսէ․

«Քեռի՛, չունեմ ես հայր…

Սպաննուած է նա Աթենքում…

Ես տիկնիկիս եւ ինձ համար

Խաղաղութիւն եմ ուզում»:

Անկարելի էր չմտածել, որ նշուած բանաստեղծութեան եւ «Ծաղիկով աղջնակ մը» ստեղծագործութեան միջեւ կային բովանդակային ընդհանրութիւններ՝ անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կամ ո՛ր հեղինակին կողմէ յօրինուած էին անոնք: Խաղաղութեան աղաւնին, ձիթենիի ճիւղը, անմեղունակ աղջնակը, ծաղիկն ու տիկնիկը դարերու խորքէն եկող այն խորհրդանիշերն են, որոնք գուցէ մարդոց համար դարձած են ամենահոգեհարազատ պատկերները կեանքի պահպանման եւ խաղաղութեան իտէալի արտայայտու­թեան մէջ։

Արուեստը սահման չունի, որովհետեւ ան կը պատկանի ոչ թէ աշխարհագրութեան, այլ՝ մարդկային հոգիին։ Ստեղծագործութիւնը, ըլլայ քանդակ, նկար, վէպ կամ բանաստեղծութիւն, իրականութիւն չի ստեղծեր։ Իրականութիւնն է, որ կը ծնի զայն։ Մարդ­կային փորձառութիւնը, յոյսն ու յուսախաբութիւնը, սէրն ու կորուստը, տուայտանքն ու կարօտը, խաղաղութիւնն ու պատերազմը՝ ահա այն հողն է, ուրկէ կը ծլի արուեստը։ Սակայն երբ ստեղծագործութիւնը լոյս աշխարհ կու գայ՝ ընդամէնը արուեստի պարզ գործ մը չէ։ Ան կը վերածուի հայելիի մը, որ ոչ միայն կ’արտացոլացնէ իրականութիւնը, այլ նաեւ կ’օգնէ մեզի տեսնելու այն, որ առօրեային մէջ յաճախ անտեսանելի կը մնայ։ Արուեստը կը բացայայտէ իրականութեան ներքին իմաստը, կը հարցաքննէ եւ երբեմն ալ կը գերազանցէ զայն՝ դառնալով մարդու ներաշխարհը լուսաւորող լուսարձակ մը, ինքնաճանաչողութեան ուղեկից եւ գոյութեան իմաստը որոնող ձայն մը։

Անգամ մը եւս կը դիտեմ արձանը ու կրկին կ’անդրադառնամ, որ արուեստի որոշ գործեր իրենց մեծութիւնը չեն պարտադրեր դիտորդին։ Անոնք լուռ կը սպասեն, մինչեւ մենք պատրաստ ըլլանք զանոնք իսկապէս ընկալելու։ Թերեւս անոնց ճշմարտութիւնը չի բացայայտուիր այն օրը, երբ զանոնք առաջին անգամ հարեւանցի կը տեսնենք, այլ այն պահուն, երբ մեր հոգին պատրաստ կ’ըլլայ զայն ընդունելու։ Փաստօրէն արձանը, որուն առջեւէն բազմիցս անցած էի, բոլորովին չէր փոխուած. փոխուած էր իմ հայեացքը։

Արձանը չի ներկայացներ հերոսուհի մը, ոչ ալ յաղթանակած անձ մը կամ նահատակ մը։ Ան փոքրիկ աղջնակ մըն է՝ խոցելի, փխրուն, բայց միաժամանակ՝ ուղիղ ու արժա­նապատիւ հպարտութեամբ կանգնած։ Ձախ ձեռքով ան վեր բարձրացուցած է ծաղիկ մը՝ կեանքի, գեղեցկութեան եւ յոյսի հնագոյն խորհրդանիշերէն մէկը։ Իսկ աջ ձեռքով բռնած է տիկնիկ մը, որ մանկութեան, գուրգուրանքի եւ ապահովութեան խորհրդանիշն է։ Այս երկուքն ալ կեանքի այն արժէքներն են, որոնք պատերազմներու ընթացքին յաճախ առաջինն են, որ կը զոհուին։

Յատկապէս մեր օրերու պատերազմներու եւ հակամարտութիւններու լոյսին տակ՝ Ուքրանիոյ, Կազայի, Սուտանի, Իրանի, Լիբանանի եւ աշխարհի բազմաթիւ այլ վայրերու մէջ, այս քանդակը կարծէք կը ստանայ նոր իմաստ մը։ Արդարեւ, մեր առջեւ չի ներ­կայանար աղջնակ մը, որ պարզապէս իր մանկական խաղերով տարուած է: Ընդհա­կառակը՝ ան կը խորհրդանշէ այն միլիոնաւոր մանուկները, որոնց մանկութիւնը բռնու­թեան եւ պատերազմներու ստուերին տակ կ’արիւնի։

Այդպիսով ծաղիկն ալ նոր նշանակութիւն մը կը ստանայ։ Ան կը թուի ըլլալու զէնքերուն դէմ ուղղուած լուռ, բայց վճռական հակադրութիւն մը։ Ծաղիկը չի կրնար ոեւէ մէկը պարտութեան մատնել. ան միայն կրնայ աճիլ ու ծաղկիլ՝ ցուցադրելով կեանքը եւ անոր բովանդակ գեղեցկութիւնը։ Եւ ճիշդ ա՛յդ է անոր ուժը։ Ան մեզի կը յիշեցնէ, որ խաղաղութիւնը միայն զօրութեամբ չի հաստատուիր, այլ կեանքը պահպանելու, խնամելու եւ փայփայելու կարողութեամբ։

Տիկնիկն ալ նոյնքան խորհրդանշական է։ Չափահաս մարդոց համար ան լոկ խաղալիք մըն է։ Բայց երեխային համար ան բարեկամ մըն է, ընտանիքի անդամ մը, հարազատ խաղընկեր մը, կամ մխիթարութեան աղբիւր մը։ Պատերազմի գօտիներու մէջ տիկնիկներն ու փափուկ խաղալիքները յաճախ այն սակաւաթիւ իրերէն են, որ երեխաները իրենց հետ կը վերցնեն փախուստի ճամբուն։ Անոնք կը հանդիսանան մարդկայ­նու­թեան այն խորհրդանիշերը, որոնք պէտք է պահպանուին, նոյնիսկ ամենադաժան իրա­վիճակներու մէջ։

«Ծաղիկով աղջնակ մը» ստեղծագործութիւնը իր խորհրդաւոր պարզութեան մէջ մեզի կը յիշեցնէ, որ խաղաղութիւնը միայն պետութիւններու կամ կառավարութիւններու գործը չէ։ Ան կը սկսի առօրեայէն՝ այնտեղ, ուր բոլորս պատասխանատւութիւն կը ստանձնենք իրարու հանդէպ, որպէսզի երեխաները անվախ խաղալ կարենան ու աճիլ կեանքի մէջ, սորվիլ, ձեռք բերել իրենց փորձառութիւնները եւ, ի վերջոյ, իրենք ալ ատակ դառնան իմաստ տալու իրենց գոյութեան եւ ապրելու զայն գիտակից պատասխանատւութեամբ:

Արդարեւ, քանի դեռ երեխան կրնայ մէկ ձեռքով բարձրացնել ծաղիկ մը, իսկ միւսով գրկել տիկնիկ մը, մեռած չէ տակաւին յոյսը, կեանքը, որ կը ծաղկի, սէրը կ’աճի կեանքը իմաստաւորող իր բովանդակ գեղեցկութեամբ: Բայց երբ երեխան կը ստիպուի զէնք կրել կամ մահ ու աւեր սփռող որոտացող թնդանօթներէն փախչիլ՝ ձախողած է աշխարհը իր ամենահիմնական պարտականութեան մէջ։

Այս իմաստով՝ «Ծաղիկով աղջնակ մը» արձանը կարելի է ընկալել որպէս խաղաղութեան պատգամ մը։ Ան չի ցուցադրեր պատերազմին սարսափները, այլ կը յիշեցնէ այն, ինչ պատերազմը մարդէն ամէնէն առաջ կը խլէ՝ երջանիկ մանկութիւն մը ապրելու իրա­ւունքը, վստահելու կարողութիւնը եւ ապահով աշխարհի մը երազը։ Ան չի հնչեցներ քաղաքական կոչ մը եւ ոչ ոք կը մեղադրէ. իր լուռ եւ խոնարհ ներկայութեամբ ան միայն կը յիշեցնէ, թէ ի՛նչ է այն մեծագոյն արժէքը, որ պարտաւոր ենք պաշտպանել – ամէն բանէ առաջ կեանքը: Պէտք չէ մոռնալ, որ դիմացինդ միշտ մա՛րդ է, կեանք է ու կը ներ­կայացնէ անչափելի արժէք մը: Ամէն մարդկային կեանք ինքնին տիեզերք մըն է։ Անոր կորուստը երբեք միայն մէկ մարդու կամ անհատի մը կորուստը չէ, այլ ամբողջ աշխարհ մը աղքատացնելու ողբերգութիւն։ Ուստի ամենեւին զարմանալի չէ, որ այսպիսի հա­մեստ թուող ստեղծագործութիւններ երբեմն մարդոց սիրտերուն շատ աւելի խոր ու ազդեցիկ կը խօսին, քան ամենաշքեղ պատերազմական յուշարձանները:

Արդարեւ, երբ աշխարհը կը մոռնայ մանուկը, կը մոռնայ նաեւ ինքզինք։ Մանուկը պաշտպանել՝ մարդկութիւնն ու անոր ապագան ապահովել կը նշանակէ։ Խաղաղութիւնը պատերազմին լոկ բացակայութիւնը չէ։ Ան այն չէ, որ պատերազմէն ետք կը մնայ, այլ այն՝ որ մարդուն մէջ մարդկայնութենէն կը մնայ․ այն խորհրդաւոր եւ ստեղ­ծագործ զօրութիւնը, որ մարդը աւելի՛ մարդ կը դարձնէ։ Խաղաղութիւնը կը սկսի այն պահուն, երբ մարդը դիմացինին մէջ ոչ թէ թշնամի, այլ ամբողջ տիեզերք մը կը տեսնէ՝ իր բովանդակ գեղեցկութեամբ, հմայող խորհրդաւորութեամբ եւ անչափելի արժա­նա­պատուութեամբ:

 

 

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

Յետընտրական

Next Post

Նոր Հրատարակութիւններ

Next Post
Նոր Հրատարակութիւններ

Նոր Հրատարակութիւններ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.