Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ընդդիմադիր Ուժերու Յուսահատ Դիմումը՝ Սահմանադրական Դատարան

Գրիգոր Խոտանեան - «Մասիս»

July 4, 2026
in Յօդուածներ
0
Ընդդիմադիր Ուժերու Յուսահատ Դիմումը՝ Սահմանադրական Դատարան

Ամիսներ շարունակ հարիւր տոկոսանոց իրենց յաղթանակի մասին շեփորող ու Նիկոլ Փաշինեանի վարկանիշ չունենալու մասին հաւաստիացնող ուժերը այնքան վստահ էին իրենց յաղթանակին, որ սկսած էին ռուսաստանահայ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանին դիմել որպէս «Պրն. վարչապետ»։

7 Յունիսին, Հայաստանի քաղաքացիները, ուղղուելով քուէատուփ, կատարեցին իրենց ընտրութիւնը ու ստացուած արդիւնքները կ’արտացոլեն ժողովուրդի մեծամասնութեան կարծիքը։ Զարմանալի կամ անակնկալ բան չկար։ Նախընտրական բոլոր հարցախոյզերը անխտիր ցոյց կու տային, որ վարչապետին գլխաւորած ուժը առաջատար դիրքի վրայ էր։ Իսկ Փաշինեանը ինք, առանց ապաւինելու միայն այդ կանխատեսումներուն վրայ, կազմակերպած էր ամէնէն ուժգին ու յագեցած ընտրարշաւը։ Ամբողջ ամիս մը ան այցելեց շրջանէ-շրջան, քաղաքէ-քաղաք, գիւղէ-գիւղ եւ երբեմն նոյնիսկ շէնքէ-շէնք՝ խնդրելով ընտրողներու քուէն։

Ընդդիմադիր հիմնական ուժերը այժմ դիմած են Սահմանադրական դատարան ու կ’առարկեն, որ ընտրութիւնները կեղծուած են, պահանջելով արդիւնքներու անվաւեր ճանաչումը եւ նոր ընտրութիւններու կայացումը։

Հայաստանի քաղաքացիները ապրած են կեղծուած ընտրութիւններ, երբ սնտուկներուն մէջ լցոնումներ տեղի կ’ունենային, քուէատուփերը կը փոխուէին, երբ ընտրողներ խումբ-խումբ կը փոխադրուէին մէկ տեղամասէն միւսը՝ կրկնակի ընտրութիւն կատարելու համար։ Եղած են պարագաներ, երբ իշխանութիւններուն հակառակ եղող թեկնածուներ ու անոնց ներկայացուցիչները կը խոշտանգուէին ու դուրս կը հանուէին ընտրատեղամասերէն։ Ու ամէն նման ընտրութիւններէն ետք ժողովուրդը տասնեակ հազարաւորներով ինքնաբուխ դուրս կու գար փողոց՝ բողոքելու համար կատարուած կեղծիքներուն դէմ։

2018-էն ետք այդ բոլորը երեւոյթները դադրած են ու փոխարինուած՝ ազատ եւ լաւ կազմակերպուած ընտրութիւններով, ինչպէս վկայեցին միջազգային դիտորդները։

Չունենալով որեւէ շօշափելի փաստարկ, ընդդիմադիր ուժերու բողոքը այն է թէ Փաշինեանի ելոյթները «վախի մթնոլորտ» ստեղծած ու ազդած են ընտրողներու վերաբերմունքին վրայ, ընտրակաշառքի մէջ մեղադրուողներու ձերբակալութիւնները անհաւասար պայմաններ ստեղծած են իրենց համար, արեւմտեան երկիրներու ղեկավարներ զօրակցութիւն յայտնելով Հայաստանի պետութեան՝ միջամտած են ընտրութիւններուն։ Նոյն այդ ուժերը անշուշտ չեն ուզեր խօսիլ Ռուսաստանի գործնական միջամտութեան մասին, սկսելով ապատեղեկատուութեան արշաւէն՝ հասնելու համար տնտեսական պատժամիջոցներու, որոնք կը կիրառուին հայկական արտադրութիւններու դէմ։

Ամէնէն անհեթեթ առարկութիւնը այն է, թէ ընտրութիւններէն առաջ կենսաթոշակներու բարձրացումը պէտք է նկատուի կաշառք, հակառակ որ անկէ օգտուած են բոլորը՝ Փաշինեանի կողմ քուէարկողները եւ դէմ եղողները հաւասարապէս, ու չեն տրուած մէկ անգամուան համար, այլ ունին մնայուն բնոյթ։

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը եւս կ’ընդունի, որ եղած են որոշ խախտումներ, սակայն անոնք էական ազդեցութիւն չեն ունեցած վերջնական արդիւնքներուն վրայ։

Մեծ հաւանականութեամբ Սահմանադրական դատարանը պիտի մերժէ ընտրութիւնները անվաւեր ճանչնալու դիմումը։ Սակայն, կրնայ բաւարարել Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան հետ կապուած հարցը, երբ այդ ուժը քանի մը տասնեակ ձայնի տարբերութեամբ դուրս մնաց խորհրդարանէն։

Ինչ որ ալ ըլլայ Սահմանադրական դատարանին որոշումը, ընդդիմադիր ուժերու ներկայի պահուածքէն եւ օգտագործած խօսոյթէն կարելի է կռահել, որ անոնք պիտի շարունակեն պնդել, որ ընտրութիւնները կեղծուած են ու յաջորդ հինգ տարիներուն պիտի նուագեն այդ նոյն լարին վրայ։ Սակայն, Հայաստանի ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութեան համար այս ընտրութիւնները օրինաւոր էին ու կ’արտայայտեն իրենց իսկական կարծիքը, այլապէս իրենք եւս պիտի լեցնէին հրապարակները ու բողոքէին արդիւնքներուն դէմ։

Share61Tweet38
Previous Post

Արեւմտահայերէնը Տան Մէջ` Ինքնութեան Եւ Յաջողութեան Բանալին

Next Post

Հալէպի Կիլիկեան Վարժարանը Միջդպրոցական Ոտնագնդակի Մրցաշարքի Ախոյան

Next Post
Հալէպի Կիլիկեան Վարժարանը Միջդպրոցական Ոտնագնդակի Մրցաշարքի Ախոյան

Հալէպի Կիլիկեան Վարժարանը Միջդպրոցական Ոտնագնդակի Մրցաշարքի Ախոյան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.