Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Վեցերորդ Զգայարանը Գիտութեան Ընկալմամբ` Բնազանցութենէն Մինչեւ Գոյատեւման Բնազդ

Խորէն Փիլաւճեան (Հալէպ)

June 25, 2026
in Յօդուածներ
0
Վեցերորդ Զգայարանը Գիտութեան Ընկալմամբ` Բնազանցութենէն Մինչեւ Գոյատեւման Բնազդ

Ինչպէ՞ս կարելի է կողմնորոշուիլ, որ տուեալ անձը իսկապէս օժտուած է վեցերորդ զգայարանով։

Պարզ ընկալմամբ` եթէ նկատենք, ապա կը տեսնենք, որ այդ անձը անընդհատ կը գուշակէ որեւիցէ բան եւ այդ գուշակութիւններուն մեծ տոկոսը կը կատարուին։

Ուստի, ամենամիամիտ  բացատրութեամբ` ան գուշակելու հետ կապուած է կ’ըսուի։

Ուրիշ կարգ մը զգացումներ եւս կը վերագրուին վեցերորդ զգայարանի, օրինակ` անձ մը կը զգայ, թէ աչք մը զինք կը հետապնդէ, եւ հետագային կը պարզուի անոր իսկութիւնը։ Այսպիսի բազմաթիւ օրինակներ կարելի է թուարկել, որոնք վեցերորդ զգայարանի անուան տակ կը տեղադրուի։

Բայց պէտք է յստակացնել, որ իւրաքանչիւր գուշակութիւն վեցերորդ զգայարան չէ։ Պէտք է զանազանել զուգադիպութեան եւ գուշակութեան միջեւ։

Ընդհանրապէս վեցերորդ զգայարանը յառաջացած է սկզբնական մարդուն մօտ` ազատելու, ապրելու, գոյատեւելու համար մաքառելէ։

Սակայն գիտնալու համար, թէ վեցերորդ զգայարանը ի՞նչ է, կամ իսկապէս գոյութիւն ունի՞ թէ ոչ, ապա պէտք է իրեն յատուկ բացատրութիւնը տրուի, եւ ան ինչո՞վ կը տարբերի ուրիշ զգայարաններէ։

Ամէն մարդ ունի վեցերորդ զգայարան, բայց տոկոսները կը տարբերին։ Ան կախարդութիւն չէ, այլ ուղեղի կարողութիւններէն մէկն է։

Նախնական մարդը, առեղծուածային երեւոյթներու նկատմամբ բացատրութիւն չունենալով, զայն կախարդութիւն սեպած է։ Որովհետեւ ան ո՛չ աչքի վրայ հիմնուած է,  ո՛չ ալ ականջի, այսինքն չէին գիտեր թէ ուրկէ՞ կու գար այդ զգայարանը։

Խորքին մէջ, ան ուղեղէն եկած զգացում մըն է, եւ աւելին` տեղեկութիւններու կուտակման արդիւնք է, որքան աւելի տեղեկութիւններ եւ գիտելիքներ ամբարած ըլլաս` այնքան աւելի զօրաւոր կ’ըլլան կարողութիւններդ։

Իսկ ինչո՞ւ որոշ մարդիկ օժտուած են այս սուր կարողութեամբ եւ միւսները զուրկ են անկէ։ Այս մէկը ընկալելու համար անհրաժեշտ է խորանալ մարդկութեան եղափոխութեան պատմութեան մէջ։

Իր գիտական էութեամբ, վեցերորդ զգայարանը եթէ բնութագրենք, ապա կը տեսնենք, որ ան գոյատեւման բնազդի համակարգի բնական զարգացումն ու եղափոխութիւնն է, որ պատմականօրէն յայտնի է որպէս գոյատեւման հմտութիւններ` սուր ուշադրութիւն եւ մշտական զգօնութիւն։

Եթէ փորձենք հետեւիլ այս եղափոխութեան ուղիին, ապա կը տեսնենք, որ ան ծնունդ առած է ծայրահեղ վտանգաւոր նախնադարեան միջավայրի հետեւանքէն, որ մարդու մօտ յառաջացած է ինքնապաշտպանման յաւերժական եւ յոյժ կարեւոր անհրաժեշտութենէն։

Ժամանակի ընթացքին, փորձի կուտակման զուգահեռ, այս զգօնութիւնը վերածուած է ենթագիտակցութեան մէջ կրկնուող իրադարձութիւններու օրինաչափութիւնները պահպանելու համակարգի, որ յանգած է վտանգը կանխատեսելու եւ կանխելու կարողութեամբ, որ այսօր կ’անուանենք վեցերորդ զգայարան։

Հիմքը` գագաթային բլթակը, որ մարդու ուղեղին մէջ կը զբաղեցնէ ռազմավարական դիրք` ճակատային, ծոծրակային եւ քունքային բլթակներու մէջտեղը, հանդէս գալով որպէս տեղեկատուութեան կազմակերպիչ։ Այստեղ ան կը ստանայ ազդակներ բոլոր զգայական ընկալիչներէ՝ զանոնք  վերադասաւորելու եւ ձեւակերպելու համար։

Այսպիսով, գագաթային բլթակը կը կատարէ կենսական նշանակութիւն ունեցող գործառոյթ մը, որ գիտութեան մէջ կը կոչուի բազմազգայական համալրում։ Աս այն վայրն է, ուր աչքերէն, ականջներէն եւ քիթէն ստացուած ազդանշանները միաձուլուելով եւ հաւաքուելով` մէկ եւ միասնական հասկնալի պատկեր կը յառաջացնեն եւ այնուհետեւ կը համագործակցին ուղեղի միւս կեդրոններուն հետ։

Ուղեղին մէջ տուեալներու մշակումը կ’ընթանայ երկու հիմնական եւ իրար ամբողջացնող ուղիներով.

Առաջին ուղին գիտակցուած մշակումն է։ Այս համակարգը հիմնուած է տուեալներու քայլ առ քայլ վերլուծութեան վրայ, յենուելով տրամաբանութեան, թուային փաստերու եւ ակնյայտ պատճառներու վրայ։ Արդիւնքը մարդուն կը ներկայանայ որպէս ամբողջովին հիմնաւորուած բանական որոշում։ Օրինակ՝ այսօր հովը զօրաւոր է եւ մարդը մաշկին վրայ կը զգայ թէ խոնաւութիւնը բարձր է, այս կը նշանակէ, որ հովը ծովային է, ուրեմն անձրեւը գալիք է, նոյնիսկ եթէ ամպ չկայ։ Այս երեւոյթը կարող է ան 10-20 անգամ ապրած եւ զգացած է, որուն արդիւնքը եղած է անձրեւ։

Ուստի, այս մէկը մարդուն ենթագիտակցութեան մէջ կը հիմնուի։ Այսինքն ինք չի գիտեր, թէ ինք ինչու այսպէս կը զգայ, ուղղակի կը զգայ, որովհետեւ ուղեղին մէջ առատօրէն տեղեկութիւնները ամբարուած են, որոնք կը յուշեն թէ` այս զգացումները ասկէ առաջ ապրուած են, եւ եթէ այս 2-3 երեւոյթները միասին գան` յետոյ անձրեւ կը տեղայ։

Մարդը առանց մտածելու, առանց իսկ իմանալու պատճառը, որ հովը ծովային է, որու արդիւնքը անձրեւ է, կ’ըսէ. «Ես այս զգացումները կը զգամ եւ չեմ գիտեր ինչու կը զգամ։ Օրինակ թացութիւնը կը զգամ մաշկիս վրայ,  բայց չեմ գիտեր` խոնաւութիւնը բարձր է, անո՞ր համար  թացութիւն կը զգամ։ Հովը կը զգամ, բայց ինչո՞ւ, որովհետեւ հովը զօրաւոր է՞։ Այս ամէնուն գիտական պատճառները ընդհանրապէս չեմ գիտեր, բայց գիտեմ, որ ասոնք երբ զգամ` անձրեւ պիտի գայ։ Ինչո՞ւ գիտեմ` քանի որ նոյն զգացումները քանիցս ապրած եմ եւ գիտեմ անոնցմէ ետք անձրեւ կու գայ»:

Երկրորդ ուղին` ենթագիտակցական մշակումն է, որ ուղղակի վեցերորդ զգայարանի իրական կորիզն է։ Այս համակարգը ուղեղը կը կատարէ յիշողութեան մէջ նախապէս տպաւորուած օրինաչափութիւններու ակնթարթային եւ կայծակնային ընթերցումով, եւ կապ կը հաստատէ ներկայ եւ անցեալ իրադարձութիւններու միջեւ, առանց տրամաբանական կամ գիտակցուած պատճառի եւ հետեւանքի կապերուն հետեւելու։ Այս գործընթացը մարդուն կը յայտնուի յանկարծակի` ներքին ձայնի կամ անորոշ զգացողութեան տեսքով։

Այս կը վերաբերի կարգ մը մարդոց, որոնց մօտ այդ զգայարանները շատ աւելի զօրաւոր են քան ուրիշներու։ Որովհետեւ օրինաչափութիւնները ամէն մարդու մօտ նոյն համակարգով չէ որ կը գործէ։ Արդարեւ, կան մարդիկ, որոնք գերբնական կարողութիւններով օժտուած կ’ըլլան. անոնք աշխարհի միայն երկու տոկոսն են, օրինաչափութիւնները իրենց քով շատ բարձր կ’ըլլայ։ Ամէն մարդ ունի, բայց կարգ մը մարդիկ ամենափոքր մանրամասները նոյնիսկ կը տեսնեն եւ այս ամէնը կը կուտակուի իրենց ուղեղին մէջ` առանց զգալու, օրինակ՝ անձրեւ պիտի գայ կ’ըսեն եւ անձրեւը կու գայ։

Այս տեսակի մարդիկ մէկ անգամ տեսնելով մարդուն շարժումը` կը բնութագրեն անոր  նկարագիրը` ըսելով ինչպիսի անհատականութեան տէր անձնաւորութիւն մըն է։

Բայց ինչպէ՞ս կրնան գուշակել այս ամէնը։ Ան այս ամէնը կը հետեւցնէ հիմնուելով տարիներու փորձին վրայ, որ կուտակուած է իր ենթագիտակցութեան մէջ` շփուելով այլազան նկարագրային խառնուածքի տէր եւ թիւով շատ մարդոց հետ։ Այսպիսով ան սովոր կ’ըլլայ տեսակաւոր դէմքերու արտայայտութեան եւ մարմիններու շարժումներուն։ Անոր  ուղեղը մարմինի շարժումները եւ դիմագիծը իրար կապելով` կրնայ դատողութիւն կատարել, թէ այս դէմքը կրող անձը խիստ նկարագրի տէր անձնաւորութիւն կ’ըլլայ, որովհետեւ այս դիմագիծին եւ այս մարմնի շարժումներուն նման մարդոց ես շատ հանդիպած եմ եւ իրենց նկարագրերը միեւնոյնն են։

Վեցերորդ զգայարանը այս պարագային եօթանասուն տոկոս դիպուկ կ’ըլլայ։ Այս գիտութիւնը FBI-ը նոյնիսկ կ’օգտագործէ` երբ մէկը ձերբակալէ, նախ կը նային անոր դիմագիծին` ետքը կը սկսի հարցաքննութեան։

Ուրեմն, իրականութեան մէջ, ըլլայ մարդոց դիմագիծերու լեզուին, ըլլայ մարմնի լեզուին, ըլլայ ձայնի ելեւէջներուն, ըլլայ կլիմայի փոփոխութեան, ըլլայ որեւէ գործօնի միջոցաւ է որ կը պարզուի թէ ապագային ի՞նչ պիտի կատարուի, եւ այս է վեցերորդ զգայարանը։

Բայց պէտք է էական միտք մը յստակացնել, որ ամէն մարդ ամէն բնագաւառի մէջ չէ որ  վեցերորդ զգայարան կ’ունենայ։ Այսինքն, կրնայ ըլլալ անձ մը դիւրութեամբ կլիմայի փոփոխութիւնը գիտնալ միայն շուրջը նայելով եւ ըսէ ինչ պիտի կատարուի, բայց չկարենայ մարդոց մարմնի շարժումները կարդալ, որովհետեւ ընկերային յարաբերութիւններ մշակելու կարողութիւնները տկար են։ Կամ հակառակը, կրնայ ըլլալ անձ մը դիմացինին նկարագիրը անմիջապէս բացայայտէ, բայց նոյնիսկ զօրաւոր փոթորիկը, պաղը չենթադրէ որ անձրեւ պիտի գայ։

Այս ամէնը կը տարբերին իրարմէ, ըստ անձին տեղեկութիւններու տեսակին, մտածելակերպին, նոյնիսկ ըստ  զգայարաններուն։ Այսինքն` անձ մը, որ աչքի գոյները չի զանազաներ, օրինակ տղաքը ընդհանրապէս այդպէս են` գոյները մօտ կը տեսնեն, աղջիկներուն նման չեն։ Կամ օրինակ մորթային զգացումը եթէ տկար է` դիւրին չի զգար օդի փոփոխութիւնները, այդ մէկը անձին թոյլ չի տար, որ ապագային կարենայ եղանակի տեսութիւնը գուշակել, քանի որ զգայարանները տկար են այսպիսի նիւթերու մէջ։ Այս պատճառով, ամէն վեցերորդ զգայարան ունեցող` ամէն բնագաւառի մէջ չէ որ կ’ունենայ։

Այս է միտքը եւ կրնանք ամենադիւրին օրինակը տալ՝ ոտնագնդակ խաղցողները եւ ընդհանրապէս ոտնագնդակ դիտողները։ Ով որ  շատ կը դիտէ եւ որեւէ խաղ չի փախցներ` ճշգրիտ արդիւնքներ կու տայ եւ այդպէս ալ կ’ըլլայ։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ այս անձը աւելի քան 500 խաղ տեսած է։

Ասիկա ներկայիս AI-ին ողնաշարն է։ AI-ը ոտնագնդակի 10000 խաղ կը սկսի դիտել եւ այս խաղին շարժումներէն կը հետեւցնէ, թէ ո՞ր խաղին օրէնքներուն համեմատ կ’ընթանայ, ապա կը սկսի գուշակել, եւ մենք այդ մէկը կը տեսնենք խաղին մէջ, երբ կ’ըսէ` 80 տոկոսով այս խումբը պիտի յաղթէ եւ 20 տոկոսով այս խումբը պիտի պարտուի։ Այս է AI-ի նոր համակարգը, մարդիկ որ կը գուշակեն` ամէնը տեղեկութիւններու եւ գիտելիքներու խնդիր է, որ գագաթային բլթակին մէջ կը կուտակուի։

Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի գիտական վեցերորդ զգայարանին, ապա ան ներքին հիւսուածքներու զգացումներն են, որ ուղեղը կը զգայ առանց անձին զգալուն, օրինակ շնչառութիւնը, սրտի զարկը, ստամոքսի շարժումները եւ այլ հիւսուածքներու աշխատանքները` ջիղերը կը ղրկեն ուղեղին, որովհետեւ նեարդային մարդակազմութիւնն ու ուղեղի գործառոյթը օրինաչափութիւններու համակարգն են։ Եղափոխութենէն անցնելով ներկայիս կենսաբանական մարդակազմութեան, ապա ո՞ւր կը գտնուի վեցերորդ զգայարանը մարդու ուղեղին մէջ։ Գիտականօրէն` զգացողութիւնը, կանխատեսումն ու արագ որոշումներու կայացումը չեն կառավարուիր միայն մէկ առանձին կեդրոնով։ Անոնք հիմնուած են ուղեղի տարբեր բլթակներու եւ կառուցուածքներու լայնածաւալ նեարդային ցանցի վրայ, ուր օրինաչափութիւններու ճանաչման համակարգերը կը խաղան առանցքային դեր։

Վեցերորդ զգայարանի գիտական կառոյցը հետեւեալն է.

1) Մտապատկերներու փոխանցում – մտքերու ընթերցո՞ւմ, թէ՞ ազդանշաններ որսալ։

Մտքերը իմանալ եւ  զգացումները փոխանցելն է։

2) Կանխատեսում եւ պայծառատեսութիւն – ապագային տեղի ունենալիք իրադարձութիւններու կամ անյայտ երեւոյթներու մասին նախապէս իմանալն է` հիմնուած ուժեղ ներքին զգացողութեան կամ յանկարծակի մտապատկերի վրայ։

3) Դիմագիտութիւն եւ մարմնի լեզուի ընթերցում – անհատականութեան գաղտնիքներու բացայայտումն է, որ  մարդու արտաքին տեսքի, դէմքի գիծերու եւ մարմնի լեզուի միջոցաւ անոր բնաւորութիւնը, խառնուածքը եւ նկարագիրը առաջին հանդիպումէն եւ առաջին վայրկեանէն ճանչնալու կարողութիւնն է։

Ի վերջոյ, վեցերորդ զգայարանը կը ծնի իրական եւ հիւսուածքային զգայական ազդակներէ, որոնք աչքը, ականջը կամ մաշկը որսացած են բարձր ճշգրտութեամբ, որմէ ետք ուղեղի նեարդային ցանցը ենթագիտակցութեան մէջ ակնթարթօրէն կը մշակէ զանոնք` վերածելով յստակ ներքին զգացողութեան։

Share61Tweet38
Previous Post

Ուաշինկթընեան Համաձայնութիւնը, Իսրայէլեան Խաղքութիւնը, Թէ՞ Լիբանանեան Արդարութիւնը

Next Post

Հ.Մ.Մ. Աքատէմին՝ Alpha League-ի Ախոյան

Next Post
Հ.Մ.Մ. Աքատէմին՝ Alpha League-ի Ախոյան

Հ.Մ.Մ. Աքատէմին՝ Alpha League-ի Ախոյան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.