ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ. «ԱՌԿԱՅ Է ԼՈՒԾՈՒՄԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ»
Միջին Արեւելքի մէջ մարտական եւ բանակցային զուգահեռ շարժումներով կը շարունակուին թէ՛ պատերազմական գործողութիւնները, թէ՛ մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի, միւս կողմէ Իրանի եւ Հըզպալլայի միջեւ մէկուկէս ամիս առաջ բռնկած առճակատումը դադրեցնելու եւ երկարատեւ զինադադար յայտարարելու ջանքերը: Իսրայէլեան կարգ մը լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին Հըզպալլայի դէմ ճակատին վրայ զինադադար յայտարարելու ուղղութեամբ ընթացող հաղորդակցութիւններու մասին, մինչ ուրիշներ հաղորդեցին, որ բանակը պահանջած է զինադադարէն առաջ քանի մը օր եւս շարունակել գործողութիւնները: Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մարքոս երէկ յայտնեց, որ բանակցային ջանքերը յաջողած են մասամբ դադրեցնել իսրայէլեան ոտնձգութիւնները՝ սկսեալ Պէյրութէն, շեշտելով որ Լիբանան ստացած է հաւաստիացում, որ պիտի չթիրախաւորուին օդակայանը, նաւահանգիստներն ու սահմանային անցակէտերը:

Նախանցեալ օր Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցաւ բանակցային նիստերը նախապատրաստող հանդիպում մը՝ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի եւ Իսրայէլի դեսպաններուն միջեւ, ներկայութեամբ ամերիկացի արտաքին գործերու նախարարին եւ Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին: Ուաշինկթըն ժողովէն ետք դրական համարեց քննարկումները եւ խօսեցաւ լուծումի պատմական հնարաւորութեան մասին, աւելցնելով որ բանակցային նիստերուն թուականը պիտի որոշուի հետագային: Լիբանանը ներկայացնող դեսպան Նատա Համատէ Մուաուատ երկու ժամ տեւող նիստին ընթացքին յստակացուց, որ Լիբանան բանակցելէ առաջ կը պահանջէ զինադադար, իսկ Իսրայէլի դեսպանը պնդեց, որ երկու կողմերը համաձայն են Հըպալլան ապազինելու անհրաժեշտութեան: Այսուհանդերձ հաղորդուեցաւ, որ տակաւին չէ ճշդուած բանակցային նիստի թուականն ու վայրը: Լիբանանեան-իսրայէլեան ուղղակի բանակցութիւննեուն նիւթը կ’արժանանայ լիբանանեան թեր ու դէմ մեկնաբանութիւններու: Մինչ հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը եւ քաղաքական բազմաթիւ ուժեր կը զօրակցին բանակցութեան գաղափարին, որպէս Լիբանանի ազատ որոշումը պահպանելու եւ ռազմական գործողութիւններուն վերջ տալու լաւագոյն միջոց, Հըզպալլա կտրականապէս կը մերժէ բանակցութիւնն ու կը զգուշացնէ անտեղի զիջումներէն, շեշտելով որ խօսքը ռազմի դաշտինն է: Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Ուաֆիք Սաֆա նոյնիսկ զգուշացուց, թէ իրենց չի վերաբերիր լիբանանեան-իսրայէլեան որեւէ համաձայնութիւն: Ամալ շարժումը եւս քննադատեց ուղղակի շփումը:
ԲՈՒՌՆ ՄԱՐՏԵՐ ՊԸՆԹ ԺՊԷՅԼԻ ՄԷՋ
Բանակցութեան եւ զինադադարի հաւանականութեան զուգահեռ, կը շարունակուին ցամաքային մարտերը եւ օդային յարձակումները: Անցնող օրերուն հարաւային բախումները կեդրոնացան սահմանամերձ հատուածի գլխաւոր քաղաք Պընթ Ժպէյլի եւ մերձակայ այլ շրջաններու մէջ, ուր իսրայէլեան բանակը կը փորձէ առաւելագոյնս յառաջանալ, նախքան հաւանական զինադադարի յայտարարութիւնը: Իսրայէլեան ուժերը պայթումներ իրականացուցին Պընթ Ժպէյլի, Թայպէի, Նաքուրայի, Պայյատայի, Մանսուրիի եւ այլ գիւղերու մէջ, համատարած կործանելով ամբողջ թաղամասեր: Հըզպալլա, միւս կողմէ, շարունակեց իսրայէլեան բազմաթիւ շրջաններու հրթիռակոծումը, ինչպէս նաեւ ցամաքային յառաջընթացը զսպելու փորձերը: Կուսակցութեան ռազմական լրատուութիւնը երէկ նշեց, թէ յարմար միջոցներով 10 անգամ հարուածած է Պընթ Ժպէյլի մէջ կուտակուած իսրայէլեան ուժերը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցները եւս հաղորդեցին Պընթ Ժպէյլի մէջ ծանր բախումներու մասին, նշելով որ Լիբանանի մէջ ցարդ վիրաւորուած է իսրայէլացի 586 զինուոր՝ ներառեալ 37 ծանր պարագաներ: Ռազմական օդանաւերն ու անօդաչու սարքերը երէկ ռմբակոծեցին հարաւային զանազան շրջաններ, իսկ բանակի բանբերը նշեց, որ կործանած են Հըզպալլայի հրթիռային յաւելեալ կայանքներ: Իսրայէլեան օդուժը երէկ առաւօտեան ինքնաշարժներ թիրախաւորեց Սաատիէթ եւ Պարժա շրջաններուն մէջ:

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՂԷՏ
Առողջապահութեան նախարարութիւնը ամէնօրեայ դրութեամբ կը հրապարակէ պատերազմին հետեւանքով մահացած, վիրաւորուած ու տեղահանուած անձերուն թիւը: Ըստ երէկ երեկոյեան հրապարակուած նորագոյն յայտարարութեան, երէկ մահացած է 43 հոգի, իսկ վիրաւորներուն թիւը 140 է: 2 Մարտին բռնկած պատերազմին հետեւանքով Լիբանանի մէջ ցարդ մահացած է 2167 մարդ՝ ներառեալ 1735 տղամարդ, 260 կին եւ 172 երեխայ: վիրաւորուած է 7061 մարդ՝ ներառեալ 1150 կին եւ 656 երեխայ: Իսրայէլեան ուժերը Լիբանանի դէմ գործուած յարձակումներուն ընթացքին կը շարունակեն հարուածել նաեւ շտապ օգնութեան խումբերը: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հարաւի Մէյֆատուն գիւղի թիրախաւորումին պատճառով փրկարարներու շարքէն կայ երեք մահ եւ վեց վիրաւոր: Ընդհանուր առմամբ, պատերազմին ընթացքին մահացած է 91 առողջապահական աշխատակից, ռմբակոծուած է բժշկական 25 կեդրոն եւ շտապ օգնութեան 108 մեքենայ: ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդը դատապարտեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումները, պահանջելով անյապաղ վերջ տալ ռազմական գործողութիւններուն: Եւրոպական խորհուրդի նախագահը աջակցութիւն յայտնեց Լիբանանի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան, կոչ ուղղելով օգնելու Պէյրութի իշխանութիւններուն, որ կարենան ապազինել Հըզպալլան: Միացեալ Թագաւորութիւն, Զուիցերիա, Գանատա, Աւստրալիա, Պրազիլ, Գոլոմպիա, Ինտոնեզիա, Ճափոն, Յորդանան եւ Սիէրալիոն միացեալ յայտարարութեամբ մը դատապարտեցին Լիբանանի դէմ իսրայէլեան յարձակումները եւ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահներուն թիրախաւորումը, պահանջելով անյապաղ վերջ տալ ռազմական գործողութիւններուն:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու օգնական Ալի Հասան Խալիլ նախանցեալ օր ուղղուեցաւ Ռիատ, ուր տեսակցութիւններ կ’ունենայ սէուտցի պաշտօնատարներու հետ: Կը կարծուի, որ այս այցելութիւնը մաս կը կազմէ լիբանանեան քաղաքական ուժերու հետ սէուտական շարունակուող խորհրդակցութիւններուն, որոնց նպատակն է պահպանել ներքին կայունութիւնը:
ԻՐԱՆԻ ՃԱԿԱՏԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ՆՇԱՆՆԵՐ
Տարածաշրջանային մակարդակի վրայ, Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ յայտարարուած երկշաբաթեայ զինադադարը մեծ մասամբ մնացած է կանգուն եւ երկու կողմերէն չեն եղած զգալի խախտումներ: Միացեալ Նահանգներ յայտարարեց, թէ իր նաւատորմը ամբողջական պաշարումի ենթարկած է Իրանը եւ կը կանխէ նաւահանգիստներէն նաւերու մուտքն ու ելքը, սակայն Իրանէն լրատուամիջոցներ նշեցին, թէ քարիւղատար երկու նաւ յաջողած է փշրել պաշարումը եւ հասնիլ նաւահանգիստ:

Միաժամանակ կը շարունակուին նաեւ ամերիկեան-իրանեան բանակցութիւնները: Դրական քննարկումներուն մասին խօսեցաւ ամերիկացի փոխնախագահ եւ բանակցային պատուիրակութեան առաջնորդ Ճէյ Տի Վէնս, իսկ նախագահ Տոնըլտ Թրամփ յայտնեց, որ «Իրանի դէմ պատերազմը մօտեցած է իր աւարտին»: Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան յայտնեց, որ Թեհրան չի ձգտիր պատերազմի, սակայն ձախողութեան պիտի մատնէ թշնամական ծրագրերը: Փաքիստանցի պաշտօնատարներ տեղական լրատուամիջոցներուն տեղեկացուցին, թէ յառաջիկայ շաբաթ գուցէ Իսլամապատի մէջ գումարուի բանակցային երկրորդ ժողով մը: Որպէս նախապատրաստութիւն, փաքիստանեան պատուիրակութիւն մը երէկ այցելած է Թեհրան՝ փոխանցելու ամերիկեան նամակ մը: Իսկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխնախագահ Մանսուր պըն Զայէտ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահին հետ՝ քննարկելու տարածաշրջանային վիճակը հանդարտեցնելու միջոցները:

