Մեծ Պահքի երկրորդ Կիրակի օրը՝ Արտաքսման Կիրակիին, 22 Փետրուար 2026-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, հանդիսապետութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, Դպրեվանքի տեսչութեան ու աշակերտութեան եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Կիլիկեան Ուխտի երիցագոյն միաբաններէն՝ հոգելոյս Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի հոգւոյն ի հանգիստ։
Նշենք, որ երէկ՝ Երկուշաբթի, 23 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 5:00-ին (Երեւանի ժամով), Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ տեղի պիտի ունեցաւ հոգելոյս սրբազան հօր եկեղեցւոյ կարգը, իսկ այսօր՝ Երեքշաբթի, 24 Փետրուարի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցուի, որուն ընթացքին պիտի կատարուի վերջին օծման արարողութիւնը։
Յայտնենք, որ յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան, հոգելոյս սրբազան հօր թաղման եւ վերջին օծման արարողութիւններուն պիտի մասնակցին գերշ. Տ. Օշական արք. Չոլոյեան եւ գերշ. Տ. Շահան արք. Սարգիսեան։

