Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Պայծառ Առաւօտը Դսեղի

Աւետիս Ռազմիկ (Նիկոսիա)

February 24, 2026
in Յօդուածներ
0
Պայծառ Առաւօտը Դսեղի

19 Փետրուար 1869-ին, Լոռի գաւառի Դսեղ գիւղին մէջ իրարանցում մը կար: Չենք գիտեր թէ այդ առաւօտ երկինքը մռա՞յլ էր ու միգամա՞ծ, թէ՞ արեւաշող էր ու պայծառ: Կ’անգիտանանք թէ այդ օր թռչունները կը դայլայլէի՞ն, թէ՞ խոր թմբիրի մէջ էին նիրհած: Ո՞վ կրնայ կռահել թէ Փետրուարի այդ այգաբացին նախրապանները գործի պիտի լծուէի՞ն, թէ՞ սպասէին աւելի ջերմ օրերու: Սակայն, վստահաբար կրնանք վկայել, թէ այդ առաւօտ, երկնային հրաշքով մը հայ ժողովուրդը ստացաւ պարգեւ մը աստուածային: Հայուն Աստուածը չէր մոռցած Զինք աղօթող բազմաչարչար ժողովուրդը:

Այդ առաւօտ, Դսեղ գիւղի Տէր Թադէոս Թումանեանի համեստ հիւղին մէջ մանկիկ մը իր կեանքի առաջին ճիչը արձակեց: Տէր Հօր տամուկ աչքերը առաջինը տեսան այն հայը, որ պիտի իշխէր հայ գրականութեան վրայ որպէս «անհաս գագաթը մեր նոր քերթութեան»: Զինք մկրտեցին Յովհաննէս անուամբ:

Ի՜նչ օրհնաբեր էր Դսեղի այդ արշալոյսը. միւռոնաօծ այդ օրը: Լոռուայ սաղարթախիտ ծառերով անտառներուն ստուերներուն տակ, դերբուկ արահատներու միջով, անդնդախոր վիհերու եզրին, թրիքի ու աթարի բոյրերուն մէջ, անհարթ ծերպերու ու կածաններու վրայ, հասակ պիտի նետէր զուլալ մարդ մը, որուն կենսապատումն ու մշակած գրականութիւնը յաւիտենօրէն պիտի քանդակուէր մէն մի հայու միտքին մէջ ու սրտին վրայ: Ի՞նչպէս բնութագրել Յովհաննէս Թումանեանը. իրօք դժուարին է պատասխանը:

Ժողովրդականացած է իր տիտղոսը՝ ամենայն հայոց բանաստեղծ: Երբ Մեծ Եղեռնի բունազուրկ որբեր կուտակուած էին Էջմիածին եւ ինք հոգ կը տանէր անոնց որպէս բարեխնամ հայր, զինք կոչեցին՝ ամենայն հայոց որբերու հայրիկ: Երբ հաւաքաբար մէկտեղուած կ’ըլլային սեղանի շուրջ, ինք՝ իր պերճախօսութեան համար անվիճարկելիօրէն կը նշանակուէր թամատա (սեղանապետ), ուստի յորջորջեցին զինք՝ ամենայն հայոց թամատա: Հայրենանուէր իտէալական հայր մը, որ տասը զաւակներ ունենալով, Զօրավար Անդրանիկին կը յայտնէր՝ թէ պատրաստ է բոլորը նուիրելու հայրենիքին եւ իրօք իր ողջուցը (3 Դեկտեմբեր 1918) «Հորիզոն» թերթէն կը կարդար իր տաղանդաւոր որդւոյն՝ Արտաւազդին նահատակութեան լուրը՝ Վանէն նահանջի ընթացքին, օսմանեան բանակի մահացու գնդակներէն. որդին կամաւոր էր՝ Վասպուրական ուղարկուած. նկարիչ էր ու գրող: Թիֆլիսի մէջ հայ գրական մթնոլորտին առանցքն էր ան իր տան մէջ հաստատած «Վերնատուն»-ով եւ Թիֆլիսէն անցնող անուանի դէմքեր անխուսափելիօրէն կ’այցելէին Թումանեանին՝ շնորհաբաշխ ներկայութիւնը վայելելու անոր: Իսկ ո՞վ անաչառօրէն գնահատեց զինք, երբ 1905-1906 թուականներուն, Անդրկովկասի մէջ բռնկած հայ-թաթարական արիւնալի կռիւներուն, իր շնորհիւ Լոռի-Ղազախ գաւառը զերծ մնաց ազգամիջեան արիւնահեղութենէ, քանզի որպէս յարգուած հեղինակութիւն բանակցեցաւ, լեզու գտաւ եւ շրջանը փրկուեցաւ մարդախոշոշ կոտորածներէ: Թումանեանն էր փրկիչը՝ մեծ Լոռեցին: Եւ ապա՝ 1921-ի Հայաստանի մէջ բռնկած քաղաքացիական կռիւներուն, Թումանեան Թիֆլիսէն փութաց Երեւան՝ ոխերիմ հակառակորդները (դաշնակցական-համայնավար) հաշտեցնելու միտումով:

Թումանեանն է ան՝ մանուկներու սիրելին «Շունն Ու Կատու»-ով». ագահներուն եւ դաւաճաններուն ձաղկողն է ան «Թմկաբերդի Առումը»-ով. խօլ սիրոյ ու խանդի ողբերգուն է ան՝ «Ախթամար»-ով. անխտիր բոլորին հեկեկալ տուող վարպետն է ան «Գիքոր»-ով. սեւ ճակատագրով սիրոյ ողբասացն է ան «Անոյշ»-ով, խորունկ փիլիսոփայ եւ փորձառու իմաստունն է ան՝ իր քառեակներով եւ այլն եւ այլն…:

Տէր Թադէոսի անշուք տնակէն ծնունդ առած լոռեցին՝ համայն հայութեան փառքն է անտարակոյս ու պիտի ապրի ան այնքան ատեն, երբ մարդկութիւնը կայ, քանզի իր գրիչը միայն ազգային արեան մէջ թաթխուած չէր, այլեւ կը կրէր կնիքը համամարդկային վիշտերու, տուայտանքներու, մաքառումներու, տքնանքներու եւ անկատար տենչերու:

Ծնունդդ շնորհաւոր բարեհամբաւ եւ համամարդ լոռեցի՝ Յովհաննէս Թումանեան:

ՊԱՅԾԱՌ Է ԱՌԱՒՕՏԸ ԵՐԵՒԱՆԻ

Այս առաւօտ (19 Փետրուարին – Խմբ.) արտասովոր եռուզեռ կ’ըլլայ Հայաստանի տարածքին:

Յովհաննէս Թումանեանի տարեդարձը ամէն տարի նշելու լուսամիտ եւ իւրայատուկ գաղափարը յղացաւ Հայաստանի Գրողներու Միութեան լուսաբնակ նախագահ Լեւոն Անանեան, երբ այս օրը հռչակեց՝ գիրք նուիրելու օր: Օրը դարձաւ աւանդութիւն, բարի եւ օրինակելի սովորութիւն:

Աշխարհի ուրիշ երկիր մը ունի՞ արդեօք գիրք նուիրելու յատուկ տօն: Կ’անգիտանանք: Սակայն, մատենամոլ Թումանեանի ծննդեան տարեդարձը յիշատակելու դիպուկ դրուագ մը հանդիսացաւ սոյն քայլը՝ 19 Փետրուար 2008-էն ի վեր: Յիշատակդ անթառամ Լեւոն Անանեան:

Այսօր, գրախանութներ, գրադարաններ, գիրքի սիրահարներ խանդավառօրէն գիրքեր կ’առնեն-կու տան: Ի՜նչ բախտաւոր են մեր հայրենակիցները այս օրը պայծառ դարձնելու համար: Իրօք զարմանալով կը զարմանամ թէ մարդիկ ինչպէս կը զարմանան գիրքի պաշտամունքի նկատմամբ: Գիրքն է գիտելիքի ամենաստոյգ եւ հաւաստի աղբիւրը: Եւ իրաւացիօրէն կարելի է արգահատիլ անոնց վրայ՝ որոնք գիրքերէ հեռու են, իրենց կեանքին մէջ գիրք անգամ բռնած չեն եւ կը տեսնես յորդորներ կը բաշխեն բոլորին, մասնագիտական կարծիքներ կու տան օդասլաց, ղեկավարներ կը ձգտին ըլլալ, փիլիսոփաներ են դարձած, երբեմն՝ աստուածաբաններ եւ տեսաբաններ ինքնակոչ, ամենագէտ լղրճուկներ թոթովախօս: Գիրքէ հեռու մարդը կեանքէ հեռու կը նշանակէ: Դատարկ թմբուկ մը՝ աղմուկ հանող պարզապէս: Ահա թէ ինչու, պիտի տօնել այս օրը: Աշխարհի ի՜նչ կարկառուն դէմքեր եղած են գիրքի երկրպագուներ, դառնալով օրինակելի՝ սերունդներու համար, Կղէոպատրա թագուհիէն մինչեւ Հիթլէր ու Միթերան: Գիրն ու գիրքն են լոյսի եւ միտքի անսպառ կանթեղները մշտաբոց: Սիրե՛լ, սիրե՛լ ու սիրե՛լ գիրքը: Կարդա՛լ, կարդա՛լ ու կարդա՛լ ընդմիշտ: Ա՛յսպէս ապրեցաւ Թումանեանը: Ա՛յս կտակեց Լ. Անանեանը:

Ուստի՝ ծննդեանդ օրը շնորհաւոր գիրք նուիրելու օր:

Դուք կը սպասէ՞ք որ այսօր գիրք նուիրեն ձեզի: Ես՝ ո՛չ…

Share61Tweet38
Previous Post

Յիշելով Նորոգ Վախճանեալ Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանը

Next Post

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոգեհանգստեան Կարգ՝ Լուսահոգի Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի

Next Post
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոգեհանգստեան Կարգ՝ Լուսահոգի Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Հոգեհանգստեան Կարգ՝ Լուսահոգի Տ. Տաթեւ Արք. Սարգիսեանի

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.