Համայնքային զանազան կազմակերպութիւններու հետ ժողովներ գումարելու նպատակով Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիա նահանգի հարաւային շրջան այցելող Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան եւ գլխաւոր խորհրդական Լիլիթ Մակունց Շաբաթ, 21 Փետրուարին, տեսակցեցան ՍԴՀԿ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Վարիչ մարմինին եւ Հայ-ամերիկեան խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ:
ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան ողջունեց հայրենի հիւրերը եւ կարեւորեց կուսակցութեան ու Հայաստանի կառավարութեան համագործակցութեան շարունակութիւնը՝ յանուն հայրենիքի ամրապնդումին եւ անոր երկարաժամկէտ բարգաւաճումին: Արայիկ Յարութիւնեան գնահատեց Հնչակեան կուսակցութեան նուիրուածութիւնը Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ, ընդգծելով ՍԴՀԿ-ի հաւատարմութիւնը արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան արժէքներուն: Ան շեշտեց, որ կուսակցութիւնը կարեւոր դեր ունի Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդումին եւ Հայաստանի միջազգային շահերու հետապնդումին մէջ:
Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկ. Միհրան Խաչատուրեան ընդգծեց Սփիւռք-Հայաստան համագործակցութեան եւ հաղորդակցութեան բարելաւման կարեւորութիւնը՝ շեշտելով համակարգուած ներգրաւման, թափանցիկութեան եւ շարունակական գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը։
Ժողովականները քննարկեցին Հայրենիքի ներքին եւ արտաքին թղթածրարները, մտահոգութիւն յայտնելով մանաւանդ ընտրութիւններու սեմին երկիրը ապակայունացնելու ուղղութեամբ որոշ արտաքին ու ներքին ուժերու փորձերէն:

