Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 24 Փետրուար 2026

February 24, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 24 Փետրուար 2026

ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՃԳՆԱԺԱՄ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին դիտել տուաւ, որ Լիբանանով զբաղող միջազգային հնգեակի դեսպանները իրեն ուղղակիօրէն տեղեկացուցած են, որ կը նախընտրեն յետաձգել խորհրդարանական ընտրութիւնները: «Իրենց տեղեկացուցի, որ համաձայն չեմ առաջարկին», շեշտեց Պըրրի    ՝ մերժելով թէ՛ ընտրութեան երկարատեւ, թէ՛ կարճատեւ թեքնիք յետաձգումը: Ան նշեց, որ առաջինը ինք ներկայացուցած է թեկնածութիւնը՝ ապացուցելու համար ընտրութիւնները կազմակերպելու հարցով լրջութիւնը: Նշենք, որ բացի Պըրրիէն, տակաւին չեն եղած շատ առաջադրումներ, մինչ շշուկներ կը տարածուին ընտրական հոլովոյթը առնուազն քանի մը ամիս յետաձգելու հաւանականութեան մասին: Մինչեւ երէկ առաւօտեան, տակաւին ոչ մէկ քրիստոնեայ անձնաւորութիւն ներկայացուցած էր իր երեսփոխանական թեկնածութիւնը:

 

ԲԱՆԱԿԻՆ ԶՕՐԱԿՑԵԼՈՒ ԺՈՂՈՎ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալ եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօրավար Ռաէտ Ապտալլա ուղղուեցան Գահիրէ, ուր պիտի մսանակցին լիբանանեան զինուորական եւ ապահովական ուժերուն աջակցելու նպատակով գումարուելիք համագումարի նախապատրաստական աշխատանքներուն:

Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Ժան-Նուէլ Պարօ իր կարգին հաւաստիացուց, որ բանակին աջակցող համագումարը Փարիզի մէջ պիտի կազմակերպուի 5 Մարտին: «Մենք կը ձգտինք Լիբանանին մատակարարելու ուժեղ պետութիւն կերտելու միջոցները, որպէսզի կարելի ըլլայ յանգիլ զէնքի մենաշնորհի», ըսաւ նախարարը:

 

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐՈՒ ՏՈՒՆԴԱՐՁ

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան շարք մը աշխատակիցները ստացած են իրենց ընտանիքներուն հետ հայրենիք վերադառնալու ցուցմունքներ: «Այս որոշումը կայացուած է հիմնուելով ապահովական հերթական արժեւորումներուն հիման վրայ», յայտարարեց նախարարութիւնը՝ յստակացնելով, որ իր հիւպատոսական սովորական աշխատանքները կը շարունակուին, միաժամանակ որդեգրելով պաշտօնեաներուն եւ ամերիկացի քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը պահպանելու անհրաժեշտ միջոցները: «Այս քայլը ապահովական որեւէ զարգացումի նշան չէ, այլ շարք մը երկիրներու մէջ գործադրուող ամերիկեան քաղաքականութիւն», շեշտեց Ուաշինկթըն:

 

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻՆ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասէմ կարծիք յայտնեց, որ «Լիբանանի դէմ պատերազմը խորքին մէջ ամերիկեան է, սակայն կը գործադրուի Իսրայէլին միջոցաւ՝ նպատակադրելով հաստատել ամերիկեան տիրապետութիւնը»: Քասէմ դատապարտեց զինադադարի շարունակական խախտումներն ու անոնց զուգահեռ Լիբանանի կառավարութեան վրայ բանեցուած ճնշումը՝ զէնքի մենաշնորհի ծրագիրը գործադրելու պահանջով: «Ինքնապաշտպանութիւնը մեր իրաւունքն է, իսկ դիմադրութիւնը՝ մեր ծրագիրը», ըսաւ Քասէմ՝ վստահեցնելով, որ կառչած պիտի մնան իրենց դիրքերուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի չտատամսին առնել կեցուածքները:

 

ՅԱՆՈՒՆ ՀԱՒԱՍԱՐ ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄԻ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն յանձնառութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ հաւասար բարգաւաճումի սկզբունքի գործադրութեան: «Յառաջիկայ փուլին այս պիտի դառնայ մեր աշխատանքին հիմնասիւնը, զայն համարելով ազգային պարտականութիւն եւ աշխատանքային առաջնահերթութիւն», ըսաւ Աուն, խոստանալով ծրագրերը զանազան շրջաններու մէջ գործադրել հաւասարութեան սկզբունքին հիման վրայ:

Պաապտայի մէջ, Զահլէի շրջանէն քաղաքապետական պատուիրակութիւններ ընդունած ատեն նախագահը դիտել տուաւ, որ Պեքաան Լիբանանի կէսն է ու երկրին երկրագործական երակը, ուստի կարեւոր է անհրաժեշտ աջակցութիւնը տրամադրել անոր: «Տահր Պէյտարի ճամբան Լիբանանի կարեւոր երակներէն մէկն է, ուստի պէտք է արագացնել անոր բարեկարգումը», պահանջեց Աուն:

 

ՄԱՀԱՊԱՏԻԺԸ ՉԵՂԱՐԿԵԼՈՒ ԱՌԱՋԱՐԿ

Մարդկային իրաւունքներու հարցերով զբաղող Լիբանանի երեսփոխանական յանձնաժողովը, երեսփոխան Միշէլ Մուսայի գլխաւորութեամբ, գումարեց իր հերթական նիստը, ներկայութեամբ արդարադատութեան նախարար Ատէլ Նասսարի, որուն ընթացքին քննարկումէ ետք որոշեց առաջարկել մահապատիժի դատավճիռին չեղարկումը, անոր փոխարէն որպէս ծանրագոյն պատիժ որդեգրելով խիստ պայմաններով ցկեանս բանտարկութիւնը, նկատի առնելով մահապատիժին վերաբերեալ կատարուած շատ ուսումնաիրութիւններն ու համոզումները: Յանձնաժողովին որոշումը այժմ պիտի փոխանցուի խորհրդարանի լիագումար նիստ, ուր բոլոր երեսփոխանները հնարաւորութիւն պիտի ունենան վերջնական որոշում կայացնելու: Ելեւմուտքի նախարարը կարեւորեց յանձնաժողովին առաջարկը, աւելցնելով որ վերջնական որոշումը վերապահուած է խորհրդարանին:

Յիշեցնենք, որ մինչ մահապատիժի օրէնք տակաւին գոյութիւն ունի Լիբանանի մէջ, աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր այդ պատիժը գործադրութեան չէ դրուած, թէեւ բանտերուն մէջ կան մահապատիժի դատապարտուած շարք մը յանցագործներ: Վճիռը գործադրելու համար անհրաժեշտ է նախագահին եւ արդարադարութեան նախարարին ստորագրութիւնները: Լիբանանի մէջ վերջին անգամ մահապատիժ գործադրուած էր 2004-ի Յունուարին, երեք դատապարտեալի նկատմամբ, Ռումիէի բանտին մէջ:

 

ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՁԳՏՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 61-րդ նստաշրջանին արտասանեց Հայաստանի խօսքը, որուն մէջ դիտել տուաւ, որ Երեւանն ու Պաքուն միասին կ’ուղղուին դէպի երկարատեւ խաղաղութիւն:

«Մենք կը ձգտինք էականօրէն նպաստելու միջազգային իրաւունքի կոպիտ խախտումներուն դէմ համաշխարհային երաշխիքներու ամրապնդումին», ըսաւ Միրզոյեան եւ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի մէջ արգելափակուած հայ գերիներուն թղթածրարին, պահանջելով անյապաղ ազատ արձակել զանոնք ու վերադարձնել հայրենիք: Նախարարը յայտնեց, որ Հայաստան անգամ մը եւս կը ներկայացնէ Ցեղասպանութեան կանխարգիլումի մասին բանաձեւը:

 

ՆՈՐ ԹՌԻՉՔՆԵՐ

Հայաստանի զբռսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Լուսինէ Գէորգեան յայտնեց, որ «AirBaltic» օդանաւային ընկերութիւնը Մայիսէն սկսեալ մատչելի թռիչքներ պիտի իրականացնէ Երեւանէն Ռիկա եւ հակառակ ուղղութեամբ: Անոր խօսքով, Յունիսէն սկսեալ պիտի սկսի գործարկուիլ նաեւ Երեւան-Լոնտոն-Երեւան ուղիղ թռիչքը: Ըստ Գէորգեանի, թրքական օդանաւային ընկերութիւնը կը ծրագրէ նաեւ թռիչքներ կազմակերպել Երեւանէն Լոս Անճելըս եւ հակառակ ուղղութեամբ: Այլ գիծի վրայ, Գէորգեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ կը նկատուի չինացի զբօսաշրջիկներու հոսքի աճ: 2024-ին Չինաստանէն Հայաստան եկած է 33 հազար զբօսաշրջիկ, իսկ 2025-ին՝ 45 հազար: Չինացիները ժամանած են թէ՛ օդային միջոցներով, թէ՛ Վրաստանէն ցամաքային ճամբով:

 

ԴՐԱԿԱՆ ՎԱՐԿԱՆԻՇ

Միջազգային ծանօթ S&P Global գործակալութիւնը վերատեսութեան ենթարկեց Հայաստանի ելեւմտական վարկանիշին հեռանկարը, զայն համարելով դրական՝ «BB-» մակարդակին վրայ: Այս ցոյց կու տայ Հայաստանի նկատմամբ ձեւաւորուած միջազգային վստահութեան դրական ընթացքին շարունակականութիւնը, ըստ Հայաստանի Ելեւմուտքի նախարարութեան: Գործակալութիւնը նշեց, թէ նոր վարկանիշը հիմնուած է կառավարութեան հետեւողական մաքսային եւ հարկային քաղաքականութեան, մեղմացող վտանգներուն եւ արտարժոյթի ամուր դիրքերուն վրայ:

 

Share64Tweet40
Previous Post

Սփիւռքը Ոեւէ Մէկուն Սեփականութիւնը Չէ

Next Post

Արայիկ Յարութիւնեան Կը Կարեւորէ ՍԴՀԿ-ի Դերակատարութիւնը

Next Post
Արայիկ Յարութիւնեան Կը Կարեւորէ ՍԴՀԿ-ի Դերակատարութիւնը

Արայիկ Յարութիւնեան Կը Կարեւորէ ՍԴՀԿ-ի Դերակատարութիւնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.