2026-ի Փետրուար ամսուայ առաջին կէսին, ԱՄՄ-ի Ալեք Մանուկեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար՝ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի դասախօսութիւն-զրոյցը՝ ՀԱՅՈՒՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ(ՆԵՐ)՞Ը Խորագրով, որ կազմակերպուած էր ԱՄՄ-ի Մշակութային յանձնախումբին կողմէ։
Շատ շահաւէտ եւ այժմեան, բոլորս մտահոգող այս նիւթը այնպիսի վաւերական ձեւով ներկայացուց, որ ստեղծեց աշխոյժ զրոյց մը յարգելի բանախօսին եւ ներկաներուն միջեւ, խոր հետք եւ ազդեցութիւն ունենալով երիտասարդ սերունդին մէջ, որուն արդիւնքը դեռ կը քաղենք։
Դասախօսութեան մէջ շօշափեց հայ ինքնութեան ընտրութիւնը, ազգանունէն զատ։ Որպէս ազգային ինքնութիւն, պետական, ապրելակերպի, մաս կազմելով համաշխարհային հայկական ցանցի, ինչպէս եւ անհատական գետնի վրայ։
Ամմանի Ազգային Մարզական Միութիւնը, հայ մշակոյթը պահպանող 71-ամեայ կառոյց մըն է, որ կը տածէ տարբեր սերունդներու հայ ինքնութեան հպարտութիւնը, ստեղծելով եւ պահպանելով պատկանելիութեան զգացումը հայ ազգին հանդէպ, եւ առիթ կը ստեղծէ դոկտ. Հրայրի նման՝ հայ ինքնութեան սիրով լուսաւոր անձերու ներկայութիւնը համայնքին հետ կապելու։ Ան շեշտեց կարեւորութիւնը հայկական կառոյցներու պահպանման եւ հզօրացման։
Դոկտ. Ճէպէճեանը իր տիկնոջ դոկտ. Արտա Ճէպէճեանի հետ միասին երկար տարիներ է արդէն ամմանահայ համայնքին հարազատ դառնալով, իրենց ամէն մէկ այցով կ՚աշխատին իրենց ներդրումը ունենալ Յորդանանի մէջ հայապահպանման ոգին սնուցանելով։
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի աշխատանքը բարձր գնահատուած է, պարգեւատրուած է ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» շքանշանով, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառին, եւ դարձեալ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք Ռաֆայէլ Մինասեան Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ, անոր երկար տարիներու ազգային-եկեղեցական ու աստուածաշնչային գործունէութիւններուն համար։ Ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող քրիստոնէական «Strategic Resource Group» կազմակերպութեան կողմէ ան պարգեւատրուեցաւ «Լապիպ Մատանաթ»-ի յիշատակին հաստատուած մրցանակով, որ կը տրուի այն անձերուն, որոնք հոգեւոր, մշակութային եւ ընկերային մարզերու մէջ իրենց գործունէութեամբ նպաստ բերած են հաւաքականութիւններու մէջ։
Բախտաւոր են բոլոր անոնք, որոնք առիթ ունեցած են դոկտ. Հրայրին ներկայութիւնը վայելելու եւ լուսաւոր միտքերը ունկնդրելու։
Մարալ Ներսէսեան
Ազգային Մարզական Միութեան ատենապետ
Ամման-Յորդանան

