Փետրուար 21-ը աշխարհով մէկ կը նշուի որպէս Մայրենի լեզուի Միջազգային Օր, ի յիշատակ այն անձնուէր պայքարին, որ ժողովուրդ մը մղեց իր լեզուական իրաւունքները պաշտպանելու համար։ Ամփոփելով պատմենք:
1947-ին, երբ Անգլիան հեռացաւ Հնդկաստանէն, կազմուեցաւ Փաքիստան պետութիւնը՝ բաղկացած երկու աշխարհագրականօրէն անջատ շրջանէ՝ արեւմտեան եւ արեւելեան։ Թէեւ արեւելեան շրջանին բնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը կը խօսէր պենկալերէն, 1948-ին կառավարութիւնը ուրտուն հռչակեց իբրեւ ամբողջ երկրի միակ պետական լեզու։ Այս որոշումը բուռն դժգոհութիւն յառաջացուց արեւելեան Փաքիստանի մէջ։ Բողոքի ցոյցերը ճնշուեցան, իսկ 1952-ին Տաքքայի ուսանողական խաղաղ ցոյցի ժամանակ քանի մը երիտասարդներ զոհուեցան՝ իրենց մայրենի լեզուին իրաւունքը պաշտպանելուն համար։
Այս արիւնոտ դէպքերը ի վերջոյ յանգեցուցին պենկալերէնի պետական ճանաչման (1956) եւ հետագային՝ 1971-ին, Պանկլատէշի անկախութեան։ Այսօր Փետրուար 21-ը Պանկլատէշի մէջ կը նշուի որպէս ազգային տօն, իսկ 1999-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն զայն հռչակեց Մայրենի լեզուի Միջազգային Օր։ (Մայրենի լեզուի միջազգային օրը 2005 թուականէն կը նշուի նաեւ Հայաստանի մէջ)։
Մայրենի լեզուի համար մղուած այս պայքարը կը վկայէ, որ լեզուն պարզ հաղորդակցութեան միջոց մը չէ միայն, այլ՝ ժողովուրդի յիշողութիւնն է, ինքնութիւնը, մշակոյթը եւ հոգեւոր աշխարհը։
Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը նոյնպէս կը հաստատէ այս ճշմարտութիւնը։ Դարերու փորձութիւններու, բռնագաղթերու եւ սփիւռքի տարածման պայմաններուն մէջ հայութիւնը կրցած է պահել իր ազգային դիմագիծը՝ առաջին հերթին մայրենի լեզուին կառչած մնալով։ Հայերէնը եղած է մեր եկեղեցւոյ լեզուն, մեր դպրութեան հիմքը, մեր գրականութեան շունչը եւ մեր ազգային գոյութեան ամուր սիւներէն մէկը։
Ուստի Փետրուար 21-ը մեզի համար հրաւէր մըն է վերանորոգելու մեր ուխտը մայրենի լեզուին հետ, զայն խօսելու, սորվեցնելու եւ փոխանցելու գալիք սերունդներուն։ Որովհետեւ լեզուն կորսնցնող ժողովուրդը աստիճանաբար կը կորսնցնէ նաեւ իր ինքնութիւնը, իսկ լեզուն պահպանողը՝ կը պահպանէ իր գոյութիւնը։
ՆԵՐԲՈՂ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻՆ
Պիտի ծլի՛ս ու ծաղկիս յաւերժական գարունով,
Ի՛մ հարազատ, անուշիկ, իմ պաշտե՛լի հայ լեզուն,
Մէ՛ն մի տառէդ ու բառէդ ճաճանչագեղ, շողշողուն,
Կը կաթկթէ անսպառ հոգեկան լոյս ու կորով:
Դո՛ւն ծլեցար, ծաղկեցար եւ քաղեցիր աննուաճ,
Հալածանքի դարերէն, երբ ուղեցին քեզ վերջ տալ,
Յաջորդական սերունդով, ցեղեր վայրագ ու վանդալ,
Բիրտ, մահահոտ զէնքերով, հարուած տալով ձախ ու աջ…:
Ժպիտով մը դիւայի՛ն, պար բռնեցին, ծափ զարկին,
Թաթխելով քեզ արեան մէջ, գազանի պէս գոհունակ,
Շրթունքներէդ դուրս թռան բառեր կիսատ զե՜րդ կայծակ
Մինչ նուաղկոտ նայուածքներդ յառեցան դէպի երկինք….:
Ա՜հ դուն չինկար հայ լեզու, խորախորհո՛ւրդ հրաշքով,
Ծլիլ, ծաղկիլ սկսար, նոյնիսկ ժայռքն, աւազին,
Վրան հազար շաղերով ու ցօղերով թանկագին,
Փառքդ հեղ մ’ալ ծառացաւ, դիտապաստ բերդ ուժին քով:
Պիտի ծլի՛ս ու ծաղկիս, պիտի քալե՛ս յաղթական,
Գերեզմանին վրայէն վանդալներու այդ անարգ,
Քեզմով պիտի հրճուին միլիոններ` շարք առ շարք,
Պիտի ապրիս յաւիտեա՜ն, ա՛ս է, ա՛յս քու ապագան…:
Վահան Չուգասըզեան

