Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 31 Յունուար 2026

January 31, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ 10 ՄԱՅԻՍԻՆ

Լիբանանի կառավարութիւնը երէկ գլխաւոր քայլ մը առաւ՝ խորհրդարանական ընտրութիւնները առանց յետաձգելու կազմակերպելու ուղղութեամբ: Ներքին գործերու նախարարութիւնը նախարար Ահմատ Հաժժարի ստորագրութենէն ետք հրապարակեց քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիները ընտրութեան հրաւիրող հռչակագիրը:

Այս որոշումին համաձայն, երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կայանան Կիրակի, 10 Մայիսին, մինչ արտերկրի լիբանանցիները իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը պիտի կատարեն շաբաթ մը առաջ՝ 3 Մայիսին: Նախարար Հաժժար յայտնեց, որ «ընտրութիւններուն գնացքը ճամբայ ելած է եւ զայն իրականացնելու համար առկայ է անհրաժեշտ գումարը»:

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալը՝ քննարկելու համար վերջինիս Միացեալ Նահանգներ կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները:

Կ’ակնկալուի, որ զօրավար Հայքալ Ուաշինկթընի մէջ ունենայ բարձրաստիճան տեսակցութիւններ՝ քննարկելու համար հարաւային զինադադարը ամրապնդելու միջոցները եւ լիբանանեան բանակին աջակցելու հարցը: Աուն պատուիրակութիւններու հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին շեշտեց, որ Իսրայէլի գերեվարած գերիները տուն վերադարձնելու հարցը կ’արժանանայ ամէնօրեայ քննարկումի, հաւաստիացնելով որ ապահովական ուժերը կը շարունակեն ջանք թափել՝ բացայայտելու համար Ահմատ Շուքրի անհետացումին պայմանները:

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ Է ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻՆ

Պէյրութի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը վերահաստատեց, որ հարաւի մէջ յայտարարուած զինադադարը ուժի մէջ է եւ անոր ծիրին մէջ կազմուած զինուորական համակարգումի յանձնախումբը կը մնայ գործուն՝ իր բոլոր մասնակիցներով, նպատակներով եւ ներուժով:  Ըստ ամերիկեան կողմին, զինադադարին հետեւող հնգեակին (Մեքանիզմ) հերթական ժողովները սահմանմային Նաքուրայի մէջ պիտի գումարուին 25 Փետրուարին, 25 Մարտին եւ 22 Ապրիլին, որպէս մասնակից կողմերուն միջեւ զինուորական հարցերը համակարգելու գլխաւոր կեդրոն:

 

ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐԸ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ՔՈՍԻ ՄԻՋԵՒ

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան Պրիւքսէլի մէջ տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան ընդլայնումի հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսի հետ: Ժողովականները քննարկեցին 2025-ի Դեկտեմբերին վաւերացուած Հայաստան-Եւրոմիութիւն ռազմավարական օրակարգի իրականացումին վերաբերող հարցեր:

Շեշտուեցաւ շօշափելի արդիւնքներու հասնելու համար նախաձեռնութիւնները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս հարցով երկու կողմերուն պատրաստակամութիւնը: Միրզոյեան խօսեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան եւ տարածաշրջանային ենթակառոյցներու զարգացումին ուղղութեամբ նախաձեռնուած ծրագրերուն մասին:

 

ԶԻՆՈՒԱԾ ՈՒԺԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒԾԱՐՈՒՄ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հրամանով լուծարուեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդութիւնը, շուրջ քսան տարի երկարած գործունէութենէ ետք: Նախարարութիւնը այս առնչութեամբ համապատասխան գրութիւն յղած է Մայր Աթոռին: Երեւանի կայազօրային հիւանդանոցի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պսակ քհնյ. Մկրտիչեան յայտնեց, որ այս մասին Մայր Աթոռի հետ որեւէ քննարկում չէ եղած, այլ կայացուած է միակողմանի որոշում: Անոր համաձայն, տեղի ունեցածը մաս կը կազմէ հակաեկեղեցական պայքարին: «Մենք այլեւս որպէս հոգեւորականներ ազատուած ենք մեր պարտականութիւններէն», ըսաւ ան:

Նոյն ծիրին մէջ, Արմաւիր մարզի դատարանը երկու ամիսով երկարաձգեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եղբօր՝ Գէորգ Ներսիսեանի կալանքը: Նշենք, որ Գէորգ Ներսիսեան եւ զաւակը՝ Համբարձումը կը մեղադրուին խուլիկանութեաան եւ Էջմիածինի մէջ նախընտրական քարոզչութիւնը խոչընդոտելու մէջ:

 

ԵՒՍ ՄԷԿ ՔԱՅԼ ԵՄ-Ի ՀԵՏ ԱՒԵԼԻ ՍԵՐՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Եւրոպական միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալաս մեկնաբանած է Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամի ծիրին մէջ Հայաստանին 20 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն տրամադրելու որոշումը։

«Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամի այս օգնութեան միջոցառումը եւս մէկ քայլ է դէպի ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ աւելի սերտ համագործակցութիւն: Այս միջոցառմամբ ԵՄ-ն ցոյց կու տայ իր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու աջակցիլ Հայաստանի դիմադրողականութեան, որ կը նպաստէ ամբողջ տարածաշրջանի կայունութեան, խաղաղութեան եւ անվտանգութեան»,- ըսած է ան:

ԵՄ խորհուրդը ընդունած է Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամի ծիրին մէջ Հայաստանին 20 միլիոն եւրոյի օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ որոշում։ Խորհուրդի պաշտօնական կայքէջին վրայ հրապարակուած յայտարարութեան համաձայն, աջակցութեան նպատակը Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու լոկիսթիկ կարողութիւններու ուժեղացումն է՝ կեդրոնանալով ճգնաժամային եւ արտակարգ իրավիճակներու մէջ քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան վրայ:

Կը նշուի, որ այդ պիտի բարձրացնէ Հայաստանի դիմակայունութիւնը եւ պիտի արագացնէ զինուած ուժերուն փոխգործունակութիւնը ապագային միջազգային ռազմական առաքելություններուն եւ գործողութիւններուն հնարաւոր մասնակցութեան պարագային, այդ շարքին՝ Եւրոպական միութեան կողմէ իրականացուող առաքելութիւններուն։

Ընդգծուած է նաեւ, որ ԵՄ-ն յանձնառու է ամրապնդելու Հայաստանի հետ համապարփակ քաղաքական եւ տնտեսական գործընկերութիւնը՝ հիմնուելով ԵՄ-ՀՀ գործընկերութեան նոր ռազմավարական օրակարգին վրայ։

 

ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ԵՒ ՔԱՍԱՏԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Սուրիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ Սուրիական ժողովրդավարական ուժեր (Քասատ) կազմակերպութեան հետ վերջապէս կնքուած է զինադադարի համընդհանուր համաձայնութիւն եւ նշեալ կազմակերպութեան ուժերը աստիճանաբար սուրիական զինուած ուժերուն միջացնելու փոխըմբռնում: Միւս կողմէ, Քասատ եւս յայտարարեց ամբողջական համաձայնութեան յանգելու մասին, աւելցնելով որ յառաջիկային պիտի միաւորուին վարչական եւ զինուորական հաստատութիւնները:

«Համաձայնութիւնը կը ներառէ զինուորական ուժերուն նահանջը ռազմաճակատներէն եւ Ներքին գործերու նախարարութեան ապահովական ուժերուն մուտքը հիւսիսարեւելեան Հասաքէ եւ Քամիշլի շրջաններ, ինչպէս նաեւ զինուորական միաւորներու կազմութիւնը՝ ներառելով Քասատի ուժերը», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ:

 

ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒՈՂ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Լարուածութիւնը չէ հանդարտած Ուաշինկթընի եւ Թել Աւիւի միջեւ: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ վերստին յոյս յայտնեց, որ չստիպուին ռազմական ուժ գործածելու Իրանի նկատմամբ, այլ խնդիրները լուծուին դիւանագիտական խաղաղ միջոցներով: Թրամփ միաժամանակ չբացառեց Թեհրանի հետ հիւլէական հարցով բանակցային նոր հանդիպումի մը գումարումը: Իրանի արտաքին գործերու նախարար Ապպաս Արաղճի յայտնեց, որ առայժմ մտադրութիւն չկայ հանդիպում կամ հաղորդակցութիւններ ունենալու ամերիկեան կողմին հետ: «Իրան պատրաստ է բանակցութիւններուն եւ պատերազմին», հաւաստիացուց նախարարը:

Իրանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած բողոքի շարժումներու լոյսին տակ, «Ֆրանս փրէս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ նոր պատժամիջոցներ սահմանած է Իրանի ներքին գործերու նախարարին նկատմամբ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան պատրաստակամութիւն յայտնեց միջնորդելու Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, իսկ արտաքին գործերու նախարար Հաքան Ֆիտան մաղթեց, որ Ուաշինկթըն չենթարկուի Իրանը հարուածելու իսրայէլեան դրդումներուն: «Կը մաղթենք, որ ամերիկեան վարչակարգը խոհեմութիւն դրսեւորէ եւ ռազմական հարուած չուղղէ Իրանին», ըսաւ Ֆիտան:

Share64Tweet40
Previous Post

Տիրաբարում

Next Post

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ Հանդիպումին Ընթացքին Ս.Դ.Հ.Կ. Կը Կարեւորէ Միասնականութիւնը

Next Post

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ Հանդիպումին Ընթացքին Ս.Դ.Հ.Կ. Կը Կարեւորէ Միասնականութիւնը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.