Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Լուրեր. 29 Յունուար 2026

January 29, 2026
in Գլխաւոր Լուրեր
0
Լուրեր. 29 Յունուար 2026

ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԸ՝ 34 ՏԱՐԵԿԱՆ

Հայոց բանակը երէկ դարձաւ 34 տարեկան: 1991-ի 5 Դեկտեմբերին, նորանկախ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան պաշտպանութեան նախարար նշանակեց Վազգէն Սարգսեանը, թէեւ տակաւին նախարարութիւն չկար: Ամիս մը ետք՝ 28 Յունուար 1992-ին, կառավարութիւնը վաւերացուց Պաշտպանութեան նախարարութեան վերաբերող օրէնքը, միաժամանակ յայտարարելով Հայոց բանակին հիմնադրութիւնը: Շուտով կազմուեցաւ Պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական կառոյցը, բանակին սպայակոյտը, վարչութիւններն ու բաժանմունքները: Նոյն տարուայ Մայիսին յայտարարուեցաւ պարտադիր զինուորական ծառայութեան առաջին զօրակոչը:

Բանակի տօնին զուգահեռ, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտնեց, որ Պաշտպանութեան նախարարութեան շինարարական ծախսերը 2018-ին կը հասնէին շուրջ 17 միլիառ դրամի, իսկ 2025-ին գումարը բարձրացած է շուրջ 58 միլիառի, աւելցնելով որ այս էական փոփոխութիւնը վստահաբար պիտի անդրադառնայ սահմանի պաշտպանունակութեան վրայ: «Բանակը շօշափելի յառաջընթաց գրանցած է օրինապահութեան եւ յարաբերութիւններու ամրապնդումի գործին մէջ», ըսաւ Պապիկեան ու աւետեց, որ 2025-ին բանակային ծառայութեան հետ առնչուած ծանր յանցագործութիւններուն թիւը նուազած է եւ որեւէ սպանութիւն չէ եղած: Զինուոր չէ զոհուած կամ վիրաւորուած սահմանային գօտիին վրայ, փաստելով որ իրապէս խաղաղութիւն հաստատուած է: «Այս ոչ միայն բանակի պատմութեան աննախադէպ իրագործում է, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ կարեւոր իրադարձութիւն մը», ըսաւ պաշտպանութեան նախարարը: Անոր համաձայն, 2022-էն ի վեր յաւելեալ աշխատանք տարուած է տեղական ռազմական արդիւնաբերութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձ յղեց հայկական բանակի հիմնադրութեան տօնին առթիւ, որուն մէջ նշեց, որ ուժեղ բանակ մը չունեցող երկիրը խոցելի է եւ կրնայ ենթարկուիլ բռնարարքներու: Փաշինեան մասնաւորաբար անդրադարձաւ վերջին քանի մը տարիներու զարգացումներուն: Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի միջազգային գործընկերները կը մերժէին զէնք վաճառել Հայաստանին, որովհետեւ վստահ չէին, թէ այդ զէնքը պիտի չտեղակայուի Հայաստանի միջազգայնօրէն ընդունուած սահմաններէն դուրս, ինչպէս նաեւ վստահ չէին, թէ այդ զէնքերուն գաղտնի հատուածները հասանելի պիտի չըլլային ՀԱՊԿ-ին, որուն Հայաստանի անդամակցութիւնը նոյնպէս կը հանդիսանար զէնքի վաճառքի խոչընդոտ: Վարչապետը յիշեցուց, որ մինչեւ 2022-ի Սեպտեմբեր, նոյնիսկ Հայաստանի ՀԱՊԿ-ի դաշնակիցները կը հրաժարէին կատարել անվտանգութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը երաշխաւորելու պարտաւորութիւնները, նոյնիսկ չմատակարարելով այն զէնքերը, որոնց գինը արդէն վճարուած էր: Վարչապետը ապա անդրադարձաւ Պաքուի հետ արտաքին միջնորդութեամբ կնքուած պայմանաւորուածութեան, ըստ որուն, հայկական բանակը իր միջազգայնօրէն ճանչցուած 29 հազար 743 քառակուսի քիլոմեթր տարածքէն դուրս այլ խնդիրներ չունի եւ պիտի չունենայ, բացառութեամբ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցութեան:

Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան իր կարգին յայտնեց, որ բանակի զարգացումն ու արդիականացումը պետութեան առաջնահերթութիւնն է եւ կառավարութիւնը կը շարժի այդ ուղիով: Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան բանակի տօնին առթիւ յիշեցուց, որ անցեալին մնացած են այն ընկալումները, երբ բանակը կը դիտարկուէր միայն պատերազմի ծիրին մէջ: «Մենք բանակը կը տեսնենք որպէս խաղաղութեան պահպանումի, պետականութեան ամրապնդումի եւ հասարակութեան զարգացումի առանցքային հիմնասիւն մը», ըսաւ Սիմոնեան, երախտագիտութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց ծառայութեամբ կ’ամրացնեն մեր երկրին անվտանգութիւնն ու ապագան: Իսկ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը բանակի տօնին առթիւ մաղթեց, որ հայոց բանակը շարունակէ քաջաբար հսկել մեր պետութեան սահմանները:

 

ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹՒՆԸ ԵՌԱԲԼՈՒՐ Կ’ԱՅՑԵԼԷ

Ոգեկոչելով հայրենիքի պաշտպանութեան համար ինկած նահատակներու յիշատակը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան այցելեց Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն, ընկերակցութեամբ ՍԴՀԿ Հայաստանի «Փարամազ» երիտասարդական ուսանողական միութեան վարչութեան անդամներուն:

Այնտեղ, հնչակեան պատուիրակութիւնը ծաղիկներ խոնարհեց Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ Զօրավար Անդրանիկի շիրիմներուն, ինչպէս նաեւ ծաղկեպսակ զետեղեց նահատակուած ազատամարտիկներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին մէջ:

 

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿՆՔՈՒՄԸ ՀՆԱՐԱՒՈՐ Է ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԱՄԻՍՆԵՐՈՒՆ

Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայ-ատրպէյճանական տեսակցութիւն մը եւս: Գերմանիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Արմին Լաշէթի հրաւէրով, Պերլինի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դեսպաններ Վիքթոր Ենգիպարեան եւ Նասիմի Աղաեւ, 27 Յունուարին, մասնակցեցան «Հարաւային Կովկասի մէջ շրջադարձային ժամանակներ. Պատմական խաղաղութիւն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ, Գերմանիոյ դերն ու Եւրոպայի նոր արեւելեան կապը» խորագրեալ քննարկումին:

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Պարոյր Յովհաննէսեան մասնակցեցաւ «Իրաւունքի գերակայման ամրապնդումը միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան պահպանումի հարցին մէջ» բաց քննարկումին, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ: Ան վերստին ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան դիրքորոշումները եւ շեշտեց, որ Երեւան յանձնառու կը մնայ տարածաշրջանային խաղաղութիւնը ամրապնդող ջանքերուն:

 

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒՆ ՏՈՒՆԴԱՐՁԸ

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան չբացառեց, որ Պաքուի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը ստորագրուի յառաջիկայ ամիսներուն: Ան հաստատեց, որ Երեւան յայնձնառու է խաղաղութեան ուղեգիծի գործադրութեան:

Միրզոյեան համոզում յայտնեց, որ Պաքուի բանտերուն մէջ մնացած հայերուն տունդարձը նշանակալի աւանդ կրնայ ըլլալ հայ-ատրպէյճանական հաշտեցումի հոլովոյթին մէջ: Ան վերահաստատեց Երեւանի յանձնառութիւնը՝ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու հոլովոյթին: Խօսելով արտաքին յարաբերութիւններուն մասին, Միրզոյեան վստահեցուց, որ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու զարգացումը մաս կը կազմէ Հայաստանի քաղաքականութեան, միաժամանակ վստահեցնելով, որ Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ:

 

ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՄԱՎԱՐԿԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Լիբանանի խորհրդարանը անցնող օրերուն գումարեց յաջորդական նիստեր՝ քննարկելու համար կառավարութեան կողմէ ներկայացուած պետական ամավարկի ծրագիրը: Նիստերը ականատես դարձան երեսփոխաններուն միջեւ բուռն բանավէճերու, մինչ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մերթ հանդէս եկաւ միջնորդի դերով, մերթ՝ վիճաբանութեան մասնակիցի:

 

ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՋԱՆՔԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ համակարգող Ժանան Փլասխարթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները՝ կեդրոնանալով մասնաւորաբար Հարաւի մէջ տիրող կացութեան եւ իսրայէլեան շարունակական ոտնձգութիւններուն վրայ:

Պաապտայի պալատէն հրապարակուած յայտարարութիւնը դիտել տուաւ, որ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը վերահաստատած է, որ աշխատանքը կը շարունակուի բարձրագոյն մակարդակներու վրայ՝ ամրապնդելու համար հարաւային շրջաններուն կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը:

 

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՐՈՒԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄ

Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Պորժ Պարաժնէ շրջանն ու մերձակայ թաղերը երէկ ականատես դարձան զինեալ միջադէպի՝ քաղաքացիներուն միջեւ տարակարծութիւններու պատճառով: Բախումին ընթացքին արձակուեցան նաեւ «B7» տիպի թեթեւ հրթիռներ՝ պատճառելով քանի մը վիրաւոր եւ նիւթական ծանր վնաս:

Share64Tweet40
Previous Post

Դպրոցը` Լեզուական Դիմադրութեան Ամրոց Եւ Ինքնութեան Դարբնոց

Next Post

Յաղթանակի, Անվտանգութեան Եւ Խաղաղութեան Ամրակուռ Կռուանը (Հայկական Բանակի Օրուան Առիթով)

Next Post
Յաղթանակի, Անվտանգութեան Եւ Խաղաղութեան Ամրակուռ Կռուանը (Հայկական Բանակի Օրուան Առիթով)

Յաղթանակի, Անվտանգութեան Եւ Խաղաղութեան Ամրակուռ Կռուանը (Հայկական Բանակի Օրուան Առիթով)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.