Զինուորի դոփիւնը ուրիշ է: Մանաւա՛նդ հայ զինուորի դոփիւնը:
Հողը կը սիրէ մշակը, հողագործն ու գութանավարը: Բայց յատկապէ՛ս կը սիրէ զայն պահպանող ու պաշտպանող զինուորը:
Հայաստանի զինուած ուժերու՝ հայկական բանակին կազմաւորման տարեդարձը կը պարտաւորեցնէ յետահայեաց ակնարկով մը ի վեր հանել հայոց մարտական ու ռազմական ուժերը պատմութեան հոլովոյթին: Որովհետեւ, այդ ուժերուն հանգանակը դարերու թաւալքին կազմաւորուած, ոգեղինացած եւ ձեւաւորուած վարքականոն է, աւանդոյթներով հարուստ ժառանգութիւն է: Ռազմարուեստը ի վաղուց անտի եղած է պատմութենէն անբաժանելի մասնիկ մը՝ իր հնարքներով, մարտավարութեամբ, հնարամտութեամբ, բարոյական ու ոգեկան կանոններով:
Հայրենիքը եթէ տարածքային հասկացողութիւն է, ապա պետականութիւնը անոր ամրապնդման, կազմակերպման եւ ապահովութեան երաշխիքն է անտարակոյս: Անխուսափելիօրէն, պետականութիւնը կրնայ վտանգուիլ, եթէ չունենայ իր սեփական անվտանգութեան ապաւէնն ու վահանը, ինչ որ պարտադիր եւ նուիրական պարտականութիւնն է զինուած ուժերուն: Կարելի է պնդել, որ առանց բանակի, խախուտ եւ հեշտաքանդ կը դառնայ պետականութիւնը՝ անոր սահմանները, բնականոն կեանքը, խաղաղ եւ անամպ երկինքը: Հետեւաբար, բանակը կը դառնայ էական տարրը ժողովուրդի մը կամ պետութեան մը կայունութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման: Մի՞թէ ոսոխներ համարձակօրէն պիտի չխուժէին որեւէ տարածք՝ եթէ իրենց դիմաց չյայտնուէին զինուած ուժեր, պատուար կանգնող վաշտեր կամ ռազմիկներ:
Հայկական բանակին կենսապատումը չի պարառեր երրորդ հանրապետութեան ժամանակ կեանքի կոչուած զինուած ուժերը սոսկ, այլեւ՝ անոր արձագանգները կու գան Հայկական Բարձրաւանդակին արմատներէն, պատմութեան ակունքներէն՝ երբ Հայաստան պիտի ծառանար ահեղ կայսրութիւններու դէմ, պիտի մաքառէր մոլեգնող կայսրերու եւ սատրապներու դէմ, պահպանելու համար իր սահմանները, մասնակացելու համար տարածաշրջանային ահարկու պատերազմներու, իր խօսքը լսելի դարձնելու հզօր ու խոժոռ ոստաններու մէջ:
Բովանդակ Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ գտնուող հայաշէն բերդերն ու ամրոցները, ապա հայոց լեզուի բառապաշարին ռազմարուեստին վերաբերող ճոխ բառագանձը (պարսատիկ, վաղակ, տէգ, ասպար, վաշտ, ճիկռ, սակր, մկունդ, տապար, խադ եւ այլն) կրնան ապացուցել, որ հայութեան համար հարազատ եղած է ռազմական պատմութիւնը եւ ի հարկէ զարմանալի ալ չէ, քանի բանակային կառոյցով ու մարտական գաղափարախօսութեամբ հայոց այրուձին պիտի մղէր իր պաշտպանական մարտերը, յառաջ պիտի մղէր իր գումարտակները, պիտի ճզմէր խռովարարները, պիտի պատժէր դրուժանները եւ պիտի նուաճէր հոն՝ ուր պէտք էր:
Ցաւօք, մեր դասագիրքերը մեծաւ մասամբ ողբերգաշունչ դրուագներ կը պատմեն մեր անցեալի մասին. աւելորդ յուզականութիւն կը թաթաւեն դէպքերուն մէջ՝ բարոյապէս ազդելով սերունդներուն վրայ: Բայց ինչո՞ւ մեր հայեացքները չսեւեռենք առաւելաբար յաղթանակներու ուղղութեամբ. չտեսնենք պանծալին ու հերոսականը: Գրադարանիս մէջ կը յամենայ լաթակազմ ու գեղատիպ քառահատորեակ մը՝ «Մեր Յաղթանակները» վերնագիրով (լոյս տեսած Երեւան, 2010-2012 թուականներուն): Հոն կը տեսնենք երկար շարանը հայոց փառահեղ յաղթանակներուն, ճկուն մարտավարութեանց, մտածուած խուսանաւումներու, դիպուկ հարուածներու, դարանակալ գրոհներու եւ այլն:
Հայոց բանակին պատմութիւնը կը սկսի Հայկ Նահապետի լայնալիճէն՝ անցնելով Ուրարտական թագաւորութիւն եւ իր ոսկեփայլ էջերը՝ Տիգրան Մեծի օրերուն: Անկէ ետք, հայկական յաջորդական հարստութեանց եւ նախարարական զօրքերը, որոնք գօտեմարտեցան տարատեսակ ու բազմագոյն հորդաներու դէմ. կուրծք տուին արեւելքէն եւ հարաւէն եկող շառաչուն հարուածներու: Կիլիկիոյ մէջ հեղինակաւոր զօրք էր ան՝ հարեւանները մտատանջող: Իսկ հայկական պետականութեան բացակայութեան ժամանակ, աւա՜ղ, հայ զօրավարն ու բանակայինը, ակամայից իրենք զիրենք գտան օտար ուժերու մէջ՝ ըլլայ եգիպտական, հունգարական, լեհական, վրացական, ռուսական, պարսկական կամ օսմանեան: Հետագային, Դաւիթ-Բէկեան եւ Մխիթար Սպարապետի ռազմական գործողութիւնները բանակային խմորումներ էին իրենց սաղմնային վիճակով:
Աւելի ուշ, մի՞թէ ազատագրական պայքարի եւ ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման տրամաբանութիւնը բանակներու փոքրատիպ օրինակներ չէին, ինչպէս Վանի, Հաճնոյ, Այնթապի, Շապին Գարահիսարի եւ այլն: Զօրավար Անդրանիկի «Մարտական Հրահանգներ» փոքր աշխատութիւնը բանակային օգտաւէտ ցուցմունքներ էին: Ապա՝ հայկական կամաւորական ջոկատները, հայկական լեգէոնները տարբեր վայրերու մէջ գործած, Պալքանեան պատերազմին եւ Երկրորդ Աշխարհամարտին զինուորական բարձր ուսադիրներ կրող հայ հրամանատարներն ու զօրավարները բանակային խոշոր ներկայացուցիչներ էին տարբեր երկիրներու մէջ:
Եկաւ երրորդ հանրապետութեան ժամանակաշրջանը եւ այս անգամ անհրաժեշտօրէն կեանքի կոչուեցաւ հայկական ինքնուրոյն բանակը՝ իր մարտական մկրտութիւնը ստանալով ղարաբաղեան ճակատներուն վրայ: Շուշիի եւ Արցախի յարակից շրջաններուն ազատագրումն ու շուրջ երեք տասնամեակ Արցախի անվտանգութիւնը երաշխաւորուած էին հայկական ռազմուժին կողմէ: Հայաստանի եւ Արցախի ռազմական միաւորները լիակատարօրէն կատարեցին իրենց պարտականութիւնը՝ յաճախ սանձելով հակառակորդին ախորժակները, Արցախ ներթափանցման փորձերը: Սակայն, ափսոսալիօրէն, պատահեցաւ ամենածանր տապարի հարուածը՝ միջազգային եւ շրջանային ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութեան փոփոխութեանց որպէս հետեւանք:
Այժմ, նոր պայմաններու լոյսին տակ, երէկի յաղթակերտ հայկական բանակը, ստանձնած է խաղաղութեան պահպանման գրաւականի դերն ու առաքելութիւնը: Զինուորները բուք ու բորանին կանգնած են սահմաններուն, որպէս խաղաղութեան պաշտպաններ, որպէս հայրենիքի ապահովութեան պատասխանատու եւ յանձնառու առաքեալներ:
Հայկական ռազմուժի երախտաւորներուն, ազատագրական պայքարի նահատակներուն, մարտական ճակատներու վրայ ինկածներուն եւ բանակին հերոսներուն պանթէոնը շա՜տ է ընդարձակ, շա՜տ. այս առթիւ, կ’արժէ մէջբերել բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեանի այս քառատողը.-
…Ու պանթէոնին վրայ մեր գիտակցութեան
Քանդակ առ քանդակ կանգներ ենք արձան
Որպէս անխորտակ սուրբ խորհրդանիշ
Մեր գոյատեւման, մեր յաւերժութեան…
Խունկ ու աղօթք. խոնարհում ու յարգանք հայկական բանակի բոլոր նահատակներուն:
Փա՛ռք հայկական բանակի հերոսական անցեալին եւ մերօրեայ զինուորեալներուն:
Հայկական բանակին դոփիւնը ուրիշ է, ուրիշ:

