Էր երբեմն, երանելի օրերուն, հայկական վարժարաններուն առօրեան կը սկսէր Ներսէս Շնորհալիի «Առաւօտ լուսոյ» երգով, կէսօրը՝ «Ճաշակեսցուք խաղաղութեամբ» աղօթքով ու երեկոյեան դպրոցական օրը կ’աւարտէր դարձեալ Ներսէս Շնորհալիի «Պահապան ամենայնի» աղօթքով: Իսկ այսօ՞ր…
Ի դէպ նորութիւն մը բերած չենք ըլլար եթէ նշենք, որ Մեծն Ներսէս Շնորհալին իր ժամանակուան «Մանկավարժ ուսուցիչ»ն էր, որ «Առաւօտ Լուսոյ» nւ «Աշխարհ Ամենայն» շարականները, ինչպէս նաեւ այլ շարականները յօրինած էր այբբենական կարգով, որպէսզի մարդիկ դիւրաւ ըմբռնեն ու սորվին զանոնք. իսկ այլ շարականները՝ «Նորահրաշ պսակաւոր», «Նորաստեղծեալ» ու «Նայեաց սիրով» շարականներուն իւրաքանչիւր տունը կը սկսի «ՆԵՐՍԷՍ» անունին տառերով՝ յաջորդաբար, մինչ «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը բաղկացած է ՔՍԱՆՉՈՐՍ «տուն»է, օրուան քսանչորս ժամերուն համրանքով, դարձեալ դիւրութեամբ սորվելու նպատակով:
Հայկական կրօնական տօներու պարագային, աշակերտները կը սորվէին ու կ’երգէին յաւուր պատշաճի շարականները. Ս. Ծնունդին՝ «Խորհուրդ Մեծ», Վարդանանցին՝ «Իմ Հայրենեաց Հոգի Վարդան», Ս. Յարութեան՝ «Այսօր յարեաւ ի մեռելոց» շարականէն երկու կամ երեք տուն:
Հակառակ այն իրողութեան, որ վերոնշեալ երգերն ու շարականները գրաբար էին, սակայն անոնց իմաստը որոշ չափով հասկնալի էր, հետեւաբար դպրոցական աշակերտներուն ականջները ձեւով մը «լեցուած» կ’ըլլային գրաբար լեզուով, ու երբեմն կը մասնակցէին եկեղեցական արարողութեանց, առ նուազն ունկնդրելով զանոնք՝ առանց ձանձրոյթի նշաններու:
Իսկ հիմա, քանի՞ հայ աշակերտ կրնայ «Տէրունական աղօթք»-ը՝ «Հայր մեր»-ը անսխալ արտասանել կամ գրել անսխալ ուղղագրութեամբ:
Այս հարցումին պատասխանելու պարտականութիւնը կը թողունք «պատկան մարմիններուն» կամ «պատկան յանձնախումբերուն» կամ «պատկան խորհուրդներուն», որպէսզի զարմանալի չթուի պատանիներու եւ երիտասարդներու բացակայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ պատարագներէն:
Ասիկա «բամբասա՞նք» է, թէ՞ «բանն ասանկ է»… Դուք ըսէ՛ք:

